image

Վրաստանի մէջ կիրքերը չեն հանդարտիր. Բողոքարարները կը պահանջեն Ներքին Գործոց նախարարի հրաժարականը

Վրաստանի մէջ կիրքերը չեն հանդարտիր. Բողոքարարները կը պահանջեն  Ներքին Գործոց նախարարի  հրաժարականը

Վրաստանի Զուքտիտ եւ Պաթում քաղաքներուն մէջ բողոքի երթեր տեղի ունեցած են, որոնց մասնակցած են Միասնական ազգային շարժում» խոշորագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներն ու աջակիցները, կը հաղորդէ apsny.ge-ն:


Ցուցարարներու հիմնական պահանջը երկրի ներքին գործերու նախարար Կէորկի Կախարիայի հրաժարականն է: Երթի մասնակիցները «վարչակարգը պէտք է ոչնչացուի», «Կախարիա, հեռացի՛ր» եւ այլ կարգախօսներ վանկարկած են:

«Սա խաղաղ ցոյց է: Կը պահանջենք Կախարիայի եւ ամբողջ կառավարութեան հրաժարականը: Այդ պահանջը կը մնայ, եւ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին մինչեւ վերջ»,- յայտարարած են ցուցարարները:

Ցուցարարները երթ կազմակերպած են նաեւ մայրաքաղաք Թիֆլիսի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան նախագահ Պիձինա Իւանիշվիլիի տուն եւ ճանապարհին կանգ առած են ներքին գործոց նախարարի տան առաջ: