image

Ամերիկայի «Կրօնական ազատութիւններու մարմին»ը մտահոգ է Պոլսոյ հայութեան իրավիճակով

Ամերիկայի  «Կրօնական  ազատութիւններու մարմին»ը մտահոգ է   Պոլսոյ  հայութեան  իրավիճակով

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կից խորհրդատուական մարմին մը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնախումբը 2019ի իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն եւ երկիրը նկատեց «առանձնայատուկ կերպով մտահոգութիւն պատճառող», կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»ի թրքական ծառայութիւնը:

Ըստ զեկուցումին՝ 2018ին, Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւնները «կը շարունակեն խոր մտահոգութիւններ յառաջացնել, եւ լուրջ մտահոգութիւններ կան, որ պայմանները աւելի պիտի վատթարանան»:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ազգային փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը վտանգի տակ է. բացի այդ, պետական կառոյցներուն եւ կառավարութեան կողմնակիցներուն՝ մամուլը սեւցնելուն ուղղուած արշաւը աւելի կը մեծցնէ վախի մթնոլորտը փոքրամասնութիւններու խումբերուն մօտ:

Յանձնախումբը իր տեղեկագիրին մէջ հանդէս եկած է նաեւ Թրամփի վարչակազմին ուղղեալ առաջարկներով, որոնց կարգին է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հարցը։

Մասնաւորաբար կոչ ուղղուած է, որ Ամերիկա ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի նոր պատրիարքի ընտրութիւններ կատարուին առանց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջամտութեանց։

Առաջարկուած է նաեւ հրապարակաւ դատապարտել այն թուրք քաղաքական գործիչները, որոնք իրենց ելոյթներուն ընթացքին խտրական ու նուաստացուցիչ ձեւակերպումներ կը գործածեն փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։

Յիշեցնենք, որ Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնախումբը հաստատուած է 1998-ին «Միջազգային կրօնական ազատութիւններու մասին» օրէնքի հիման վրայ։