image

«Խոնարհ եղիր մի սողար, հպարտ եղիր՝ մի թռիր». Իշխանութիւնները չպէտք է մոռնան այս առակը.Թովմաս Յակոբեան

«Խոնարհ եղիր մի սողար,  հպարտ եղիր՝ մի թռիր».  Իշխանութիւնները  չպէտք է մոռնան  այս  առակը.Թովմաս  Յակոբեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Նորվեկիա հաստատուած բժիշկ՝ տօքթ. Թովմաս Յակոբեանը:

 

-Յաճախ  լսելի կը  դառնայ, որ  սփիւռքի մեր հայրենակիցները լրջօրէն մտահոգ են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներով. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող իրավիճակը:


Սփիւռքը, որ յեղափոխութեան օրերուն մեծ յոյսերով լեցուեցաւ, որ ներկայ իշխանութիւնը պիտի կարենայ դրական փոփոխութիւններ բերել,  այսօր կը զգայ, որ այդ խանդավառութիւնը  չէ արդարացուած:  Յոյս կար, որ գոնէ մէկ տարի անց  դրական որոշ արդիւնք արձանագրուէր, սակայն, փաստօրէն, ոչ սփիւռքի, ոչ ալ հայրենիքի մէջ մարդիկ շօշափեցին այդ մէկը:

Իսկ այսօրուայ եղելութիւններն աւելի յուսախաբ ըրին  մեզ: Եթէ  հիմա իշխանութիւնը չանդրադառնայ իր սխալներուն, իր իրականացուցած յեղափոխութիւնը հանգրուանային նսեմացման կրնայ  առաջնորդուիլ։ Այս առումով ալ  դժուար է   մատնանշել  իրական պատճառը  այսօրուան  տեղքայլին։   Արդեօ՞ք իշխանութիւնները քաղաքական գործունէութեան եւ գիտակցութեան անհրաժեշտ մակարդակը չունեցան,   կամ թէ միջազգային ազդեցութիւններու տա՞կ են  եւ այդ  պատճառով է, որ շեղուած  են    ճիշդ ուղիէն... 

Իմ կարծիքով, կառավարութիւնը քաղաքական    բաւական սուր տագնապ կ'ապրի: Այս կերպ մեր կառավարութեան ուրիշ տեղ  կրնայ  տանիլ երկիրը, կրնայ   խաթարել   մեր երկրի   զարգացման ընդհանուր  ընթացքը։ Կառավարութիւնը պէտք է հաւասարակշռութիւն պահէ՝ իրմէ պահանջուած պարտականութիւններուն, ժողովուրդի պահանջները իրականացնելու իր խոստումներուն եւ միջազգային գետնի վրայ իրեն «հրամցուած»  մօտեցումներուն միջեւ: Իշխանութիւնը իր քաղաքական գործելակերպը յաճախ կը վերագրէ ժողովուրդի պահանջին, բայց այդ մէկը չեմ կարծեր, որ յաջողութեան կը տանի։ Ի վերջոյ    անոնք   պէտք է    գիտակցին, որ իշխանութեան գալէ ետք կարմիր գիծեր կան, որոնք  պէտք   յարգուին ու պահուին։ Աւելին  ըսեմ,  մեր կառավարութիւնը պէտք է իր արտաքին եւ ներքին հիմնական հարցերով զբաղուի եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեան ետեւէ երթայ։

 

-Որեւէ յեղափոխական կառավարութիւն իր առջեւ պիտի ունենայ առաջնահերթութիւններու ցուցակ մը, որուն հիման վրայ պիտի շարժի: Ձեր կարծիքով այսօր ի՞նչ է Հայաստանին համար ամէնէն կարեւորը:


Հայաստանի մէջ այսօր առաջին առաջնահերթութիւնը այն է, որ մէկը միւսը ընդունի, մէկը միւսը չփորձէ չէզոքացնել եւ  փոխյարգանք ունենայ  բոլոր կողմերու, կուսակցութիւններու նկատմամբ։    Շատ մը քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ   կայ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, եւ ընդդիմութիւնը հայելի կը դառնայ իշխանութեան գործունէութեան։ Երբ իշխանութիւնը ընդդիմութիւն չունենայ, ինք կը ստեղծէ ընդդիմութիւնը, որպէսզի կարողանայ   իր գործունէութիւնը   լոյսի  տակ  պահել ու   նաեւ վերատեսութեան ենթարկել: Երկրորդ կարեւոր գործը, որ կառավարութիւնը պիտի ընէ, հայութեան համախմբումն է, որն անշուշտ  կը կատարուի՝   հեռու մնալով բաժանարար գիծեր ստեղծելէ։  Սփիւռքի մէջ   մենք   այդպիսի հոտեր կ'առնենք, որ այդ սինարիոները մեր քով կրկնելու փորձեր կան եւ այդ մէկը  շատ վտանգաւոր է մեզի համար։  Այսօրուան որդեգրուած ճամբան, որ կը  պարփակուի  «ան,  որ հետս չէ, թշնամիս է» մօտեցման մէջ կրնայ  շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ։

Սփիւռքահայութիւնը  դեռ կը սպասէ եւ յոյսով է, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ Հայաստանը: Յեղափոխութիւններն  ընդհանրապէս   մոլորութեան կը տանին եւ եթէ իշխանութիւնները չկարենան այս հանգրուանը շրջանցել եւ գործնական քաղաքական գործի անցնիլ, ձախողութեան կը տանին եղած յեղափոխութիւնը: Յեղափոխութիւնը մարդոց աւելի բարելաւուած կեանք մը ապրելու պահանջով եղաւ, այն Մոսվսէս մարգարէի գաւազանով եղած հրաշք չէր, ոչ ալ    անօթի   բազմութիւնը  ձուկով   կերակրելու  Յիսուս Քրիստոսի հրաշքը, այլ ժողովուրդի արդարացի պահանջներու արտացոլումն էր եւ ատոր համար կրցաւ յաջողիլ։ Սակայն,  որքանո՞վ մենք պիտի կարենանք այդ յեղափոխութիւնը արժէւորել եւ անոր մասին պատմութեան  վեհ էջերուն  վրայ գրել, այդ կախուած է իշխանութեան գործունէութենէն: Որեւէ իշխանութիւն, որ չի կրնար միւսը ընդունիլ, անոր կեանքը կարճ  կ'ըլլայ: Ժողովրդական առակը կ'ըսէ «Խոնարհ եղիր մի սողար,  հպարտ եղիր՝ մի թռիր»:

 

-Արդեօ՞ք մտահոգուած էք Արցախ-Հայաստան    յարաբերութիւններու, ոչ բարենպաստ, ձեւով մը՝ ոչ հանգիստ իրավիճակով, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:


Բնականաբար այսօր մեզի կը մտահոգէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի կապի խաթարումը: Այս ծիրէն ներս գրանցուած այօրուան  եղելութիւնները քաղաքական եւ միջազգային իմաստով տարբեր նշաններ կու տան: Ղարաբաղը եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի անբաժանելի  մասնիկը  եւ կարելի չէ անջատել Ղարաբաղը Հայաստանի քաղաքականութենէն: Որեւէ քաղաքագէտ, կամ կուսակցութիւն իրաւունք չունի Ղարաբաղի հարցը նսեմացնելու եւ աժան սակարկութեան դնելու: Այս իմաստով, այսօրուայ եղելութիւնները   եւ   յատկապէս  կարգ մը անհատներու կողմէ Արցախի իշխանութիւններուն  եւ նախագահին  դէմ  հնչած  անտեղի   խօսքերը անբնական  եւ անընդունելի  մօտեցումներ են, բան մը, որուն   հետեւանքով ալ   սփիւռքի մէջ   մեծ մտահոգութիւններ   ծագած են։

 

Ի վերջոյ սփիւռքը ի՞նչ կ'ակնկալէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններէն:


Սփիւռքի ակնկալիքները  շատ են Հայաստանի իշխանութիւններէն։  Օրինակ սփիւռքի նախարարութիւնը փակելը մեծ յուզում առաջացուց սփիւռքի մէջ. թերեւս հիմա կառավարութիւնը չանդրադառնայ, բայց ապագային պիտի զգայ ատոր բացը: Սփիւռքը այսօր արդէն երկմտութեան մէջ է, մինչ սկզբնական շրջանին բոլորը պատրաստուած էին, որ հազիւ գետնի վրայ փոփոխութիւնները երեւին,   պիտի   գան եւ ներդրումներ ընեն, գործեր բանան, բայց այսօր սկսան հաշուի առնել ամենօրեայ   լարուածութիւնը  եւ  այդ  պատճառով ալ կը զգուշանան  քայլեր  առնելէ:

Սփիւռքը կը սպասէ, որ յեղափոխութիւնը արժեւորուի գործով, որովհետեւ իրենք ալ մեծ համակրանքով, հոգով- սրտով քաջալերողն էին այդ յեղափոխութեան: