image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգ է Միջին Արեւելքի զարգացումներով

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգ է Միջին Արեւելքի զարգացումներով

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կիրակի մտահոգութիւն յայտնած է Պարսից ծոցին մէջ ստեղծուած լարուածութեան շուրջ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կոչ ըրած է:

«Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Պարսից ծոցին մէջ լարուածութեան աճին: Կոչ կ'ընեն բոլորին կիրառելու դիւանագիտութեան գործիքները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բարդ հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար: Կրկին կոչ կ'ընեմ միջազգային հանրութեան գործադրելու բոլոր հնարաւոր ջանքերը երկխօսութեան ու խաղաղության աջակցելու համար», - «Ռիա Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է քահանայապետը իտալական Քամերինօ քաղաքին մէջ մատուցած պատարագէն ետք: Քամերինոյի մէջ Հռոմի պապը այցելած է 2016-ին երկրաշարժէն տուժած բնակիչներուն:

Յիշեցնենք, որ Պարսից ծոցին Հորմուզի նեղուցով միացած Օմանի ծոցին մէջ 13 յունիսին յարձակում իրականացուցած էր երկու նաւթատար լցանաւերու վրայ, որոնք բռնկած են: Կատարուածի համար ԱՄՆ-ն կը մեղադրէ Իրանը: Ի պատասխան՝ Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի մեղադրանքները անհիմն են: