image

Պոլիս.Էտիրնէգափույի մէջ յարգած են Քսաններու յիշատակը (Լուսանկարներ)

Պոլիս.Էտիրնէգափույի  մէջ  յարգած են  Քսաններու  յիշատակը (Լուսանկարներ)

Պոլիս  բնակող  խումբ մը աքթիւիսթներ  յարգած են    Հնչակեան Քսաններու յիշատակը։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։  Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ աքթիւիսթները   այցելած են Պոլսոյ     Էտիրնէգափու շրջանի   Ազգային Գերեզմանատունը  յարգելու  համար 1915          թուականի այս  օրերուն  Օսմանեան  Կայսրութեան դահիճներու  ձեռամբ կախաղան   բարձրացուած 20 անձնուրաց  գործիչներու     յիշատակը։

 

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հակառակ  ա այն հանգամանքին, որ մասնակիցներու  թիւը  մեծ չէ եղած   սակայն զգալի եղած  է  մեծ թիւով  թուրք  ոստիկաններու  ներկայութիւնը, որոնք ապահովական  խիստ միջոցներու  դիմաց  են    անհասկնալի   պատճառներով... 

 

  Յիշեցնենք, որ  առաջին անգամը չէ, որ  Պոլսոյ մէջ նման    միջոցառում կը կատարուի,   եւ յատկապէս վերջին տարիներուն  Փարամազի եւ անոր գաղափարակից ընկերներուն հանդէպ  մեծ   հետաքրքրութիւն եւ յարգանք  սկսած է   երեւելի դառնալ   յատկապէս    Թուրքիոյ  յառաջդիմական  շրջանակերուն մէջ։

 

  Քսաններու    նահատակութիւնէն ետք  կը պատմուի, որ    Պոլսոյ  քահանաներէն մին,   անոնց դիակները       ստանալէ ետք  թաղման հաւաքական արարողութիւն կատարած է Էտիրնէգափույի  գերեզմանատան մէջ, սակայն  մինչեւ օրս եւ հակառակ   տարուած   մեծ ճիգերուն  Քսաններու աճիւնները չեն յայտնաբերուած։

Նիւթը ՝«ԱՐԵՒԵԼՔ»ի

Sait Çetinoğlu-ի լուսանկարը:

Sait Çetinoğlu-ի լուսանկարը:

Sait Çetinoğlu-ի լուսանկարը:

 

Sait Çetinoğlu-ի լուսանկարը: