image

Սուրիա. Քրիստոնեայ երիտասարդներ կը շարունակեն մարտնչիլ թիւրքմէն հրոսակներուն դէմ

Սուրիա. Քրիստոնեայ  երիտասարդներ կը շարունակեն մարտնչիլ թիւրքմէն հրոսակներուն  դէմ

Սուրիոյ  հիւսիսային գօտիին ողջ    երկայնքին   ռազմական  ծանր  գործողութիւններ  տեղի  կ՚ունենան։  

Վերջին օրերուն  պատերազմական    թէժ  գործողութիւններ  գրանցուած են Լաթաքիոյ գիւղական  հատուածներուն  վրայ,  ուր  եւ Սուրիոյ   պետական  բանակը  եւ քրտական   ջոկատները  կը  փորձեն  կրակէ  աքցանի  տակ  առնել շրջանին մէջ գտնուող   եւ Անքարայի  հովանաւորութիւնը ունեցող թիւրքմէն  հրոսակախումբերը։

Այդ շրջաններու լուրերը հաղորդող   դիմատետրի   էջեր նաեւ կը նշեն, որ  մեծ  է թիւը     քրիստոնայ  այն երիտասարդներուն, որոնք կը    մասնկացին  զինեալ  գործողութիւններուն,  անշուշտ նպատակ  ունենալով  շրջանը  մաքրել   ահաբեկիչ  տարրերէ։  Անցնող  օրերուն ալ   քրիստոնեայ  տասնեակ  երիտասարդներ, որոնք  կու գան  մասնաւորապէս   Հասիչէին եւ Գամիշլիէն,  մասնակցութիւն բերած են մարտերուն եւ անոնցմէ  շատեր ինկած   են   ռազմական  գործողութիւններու ժամանակ։

Այս առումով ալ կը  յիշատակուի  Մայքըլ Միխիայէլ (Միքայէլ) անունով  երիտասրդին   անունը,  որ   բնիկ Հասիչէէն   է եւ նահատակուած է     օրեր  առաջ Լաթաքիոյ մօտ։

Նահատակուած      երիտասարդին  մարմինը  յանձնուած է  հողին Հասիչէ   շրջանին  մէջ  եւ  անոր   թաղման    արարողութիւնը եղած է զինուորական կարգով։

 

Այս բոլորն անշուշտ կարեւոր  ցուցանիշ  է այն մասին, թէ ինչպէս  քիւրտ, այնպէս ալ  քրիստոնեայ  երիտասարդները կը մասնակցին    ռազմական  գործողութիւններուն։

 

 Աղբիւր ՝ «Զալին Նյուզ»