image

«Յոյսով եմ, որ մեր առջեւ Հայաստանի դռները պիտի բացուին, կարծեմ ժամանակն է» Լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան

«Յոյսով եմ, որ մեր առջեւ Հայաստանի դռները պիտի բացուին, կարծեմ ժամանակն է» Լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն  Տիշչէքէնեանը:


-Լիբանանի մէջ երկար ժամանակ մեր  ազգային մարմինները բուռն պայքար կը տանէին «ալաթուրքա» երգելաոճին, ինչպէս նաեւ թրքական երգերուն դէմ: Այսօր այդ նոյն խնդիրը կա՞յ, նոր սերունդը այդ երգերուն հանդէպ յակում կամ սէր մը ո՞ւնի:


Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի հայկական ձայնասփիւռները, ըլլայ «Վանայ ձայն»ը կամ «Ռատիօ Սեւան»ը, տարիներով պայքարած են այդ «ալաթուրքիա» երգերուն դէմ եւ դեռ մինչեւ այսօր կը պայքարին, այդ տեսակի երգեր չեն սփռուիր կայաններէն: Բայց այդ չի նշանակեր, որ նման երգեր լսողներ չկան, եթէ անձը ինքը կը սիրէ այդ երգերը, իր տան մէջ կամ ինքնաշարժին մէջ կը լսէ  զանոնք,  դժբախտաբար բան մը չենք կրնար ընել, եւ այո, մինչեւ այսօր կան այդպիսի անձեր, որոնք թրքաոճ, եւ ինչու սուտ խօսինք, նաեւ թրքերէն երգեր կը լսեն։ Ամէն մարդ ինքն իր ճաշակը ունի եւ մենք բոլորին ճաշակը չենք կրնար փոխել: Նշեմ նաեւ, որ Լիբանանի  մէջ  գործող  ազգային կուսակցութիւնները, ու անոնց   յարակից միութիւնները կը պայքարին այդ  երեւոյթին դէմ՛ որուն համար  ալ  մենք  շնորհակալ ենք։

 

-Քիչ աւեր չեն գործեր նաեւ արաբական եւ յունական երգերը, ձեր կարծիքով ի՞նչ ձեւով է, որ հայ երգիչը պիտի կարողանայ դիմադրել այս ալիքներուն, մանաւանդ որ ան ունի նաեւ շուկային մէջ պահանջուած ըլլալու, իր ձայնասկաւառակը վաճառելու խնդիր:


Իմ կարծիքով արաբերէն, յունարէն երգերուն եւ թրքերէնին պարագան նոյնը չէ: Մենք բոլորս ալ Լիբանանի, արեւելքի մէջ ապրած ըլլալով, վստահ որ ազդուած ենք արաբերէն, յունարէն երգերէն եւ ռիթմերէն ու  պարզ է, որ մրեր երգերուն մէջ միշտ անոնց համն ու հոտը կայ: Այդ ազդեցութիւնը անպայման պիտի ըլլայ, որքան ալ փորձենք զերծ մնալ անկէ, չենք յաջողիր, որովհետեւ տարիներով այդ երաժշտութիւնը կ'ունկնդրենք եւ ազդուած ենք անկէ: Ինչպէս որ Հայաստանի մէջ հայ երգիչները ռուսական երգերէն բաւական ազդուած են, հոս ալ նոյն պարագան է, ես սխալ բան չեմ տեսներ այս երեւոյթին մէջ։

 

-Յաճախ կը տեսնենք, որ սփիւռքի կողմէ մեծ ուշադրութիւն կայ հայաստանցի երգիչներու եւ երգարուեստի հանդէպ, որ ողջունելի է, սակայն նոյն հետաքրքրութիւնը չենք տեսներ Հայաստանի կողմէ սփիւռքահայ երգիչներու նկատմամբ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս կացութիւնը, ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի փոխուի այս մօտեցումը:


Այո՛, մենք Լիբանանի մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տանք հայաստանցի երգիչներուն, մանաւանդ հանրածանօթ երգիչներուն, որոնք ճանչցուած են։ Այդ երգիչները համերգներ կ'ունենան տարբեր երկիրներու մէջ ու կը հրաւիրուին Լիբանան եւ հաճելի ու յաջող ձեռնարկներ կ'ունենան։

Բայց,  այս հետաքրքրութիւնը միակողմանի է։ Շատ քիչ կը պատահի, որ սփիւռքահայ երգիչ մը հրաւէր ստանայ եւ Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենայ: Յուսանք ապագային կը փոխուի այս պատկերը, մանաւանդ որ հիմա սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կապը աւելի սերտացած է, հիմա մենք ալ հպատակութիւն ստացած ենք, արդէն մենք ալ հայաստանցի եղանք: Յուսամ ասկէ ետք սփիւռքահայերը եւս ելոյթներ կ'ունենան Հայաստանի մէջ եւ  համերգներու  ալ կը հրաւիրուին. կը կարծեմ որ այդ ալ կ'ըլլայ ապագային: 

 

-Նկատելի է նաեւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր դուք կը գործակցէիք Շահանդուխտի հետ, որուն գրած    բառերով  ձեր երգած  երգերը   յաճախ մեծ    յաջողութեան կը հասնէին։ Այսօր սփիւռքի մէջ հայ երգիչը երգի բառեր ունենալու տագնապ ունի՞,  ձեր կարծիքով:


Շահանդուխտը իմ մօրաքոյրս է, եւ ինչպէս գիտէք, հիմա տարիքը բաւական յառաջացած է, 90 տարեկան եղաւ եւ այլեւս չի կրնար գրել: Իմ  Արցախի նուիրուած եւ ազգային երգերուս բառերուն մեծ մասը իր բանաստեղծութիւններն են, եւ կրնամ ըսել, որ շատ յաջող երգեր էին անոնք, ինչը  ես իրեն կը պարտիմ, Աստուած երկար կեանք տայ իրեն: Հիմա կան դժուարութիւններ, ոչ միայն՝ երգի բառերու, այլ նաեւ երաժշտութեան յօրինումներու առընթեր, բայց անպայման ձեւով մը կապահովենք, գրողներ կան, բայց քիչ են, ատոր համար ընտրութեան դաշտը սահմանափակ է:

 

-Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ապագայի հետ կապուած եւ այդ ծրագիրներուն մէջ Հայաստանը կա՞յ:


Ապագայ ծրագիրներուս վերաբերեալ, ինչպէս որ ըսի, նոր երգերու ձայնասկաւառակ մը պիտի թողարկեմ շուրջ 2 ամիսէն, որուն մէջ Արցախի նուիրուած մէկ երգ կայ, իսկ մնացեալը էսթրատային ժողովրդական երգեր են: Ելոյթներ անշուշտ միշտ կան՝ ըլլայ Լիբանանի, կամ Լիբանանէն դուրս, սակայն դժբախտաբար, նորէն որեւէ մէկ հրաւէր Հայաստանէն չստացայ, յոյսով ենք որ մօտ ապագային այդտեղի դռներն ալ կը բացուին մեր առջեւ,  անշուշտ  որ միշտ յոյսով ենք մենք: