image

Կարօ Փայլանը Հայաստանցի ընտանիքին մասին գրառում կատարած է «Չկարողացայ ըսել, մի երթաք..»

Կարօ Փայլանը Հայաստանցի ընտանիքին մասին գրառում կատարած է «Չկարողացայ  ըսել, մի  երթաք..»

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Twitter–ի իր էջին գրառում կատարած է Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայաստանցի կնոջ դանակահարման հետ կապուած։

Կարօ Փայլանը գրած է. «Սամաթիա թաղամասին մէջ 31 մայիսին հայ կինը ատելութեան հողի վրայ յարձակման ենթարկուած է։ Կասկածեալները դեռ չեն ձերբակալուած։ Երէկ իմ այցելութեան ժամանակ, անոնք ըսին, որ որոշած են լքել Թուրքիան։ Չկարողացայ ըսել՝ մի երթաք։ Պատասխանատուները չեն ամչնար, բայց ես երկրի անունէն ամչցայ»:

Նշենք, որ 31 մայիսին Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ տան մուտքի մօտ դիմակաւորուած անձինք դանակահարած են Հայաստանէն Պոլիս տեղափոխուած Արփինէին։  Հարեւաններու ահազանգով Արփինէին արագ հիւանդանոց հասցուցած են եւ օգնութիւն ցուցաբերած։

Յանցագործները հեռանալէ առաջ ըսած են, թէ սա դեռ սկիզբն է։