image

Պուրճ Համուտի մեծ երազը վառ պահողը կամ Արա Մածունեան (Տեսանիւթ)

Պուրճ Համուտի   մեծ  երազը  վառ  պահողը կամ Արա  Մածունեան (Տեսանիւթ)

Շնչերակ,  շունչ տուող   քաղաք,    մեծ սրտին հասնող  եւ  արիւն տանող երակ-քաղաք։  

Այս  բառերով  կարելի է խօսիլ   անցած  սերունդներուն    համար  «գաղթավայր»     եղած  եւ  այսօր աշխարհով մէկ տարածուած   շատ մը հայերու ծննդավայր  դարձած   Պուրճ Համուտի մասին։

Ոգեղէն ամրոց, բռունցք,  կեանքի   առասպել  եւ կէս  ձգուած  դատի մը նոր պատուհանը։

Այս  բոլորէն  մաս մը կայ  այդ քաղաքին  մէջ ու ամենակարեւորն այն է, որ  դարձեալ  անոր մէջ կը  բնակին Կիլիկիայէն որպէս գաղթական  Լիբանանի    ափերը հասած մեր նախահայրերուն  յիշատակը։

Անշուշտ   պատճառը  այս գրութեան միայն  Պուրճ Համուտի  մասին քանի մը տող  շարադրելը չէ,  այլ  վեր  հանել  անոր դիմագիծը  ու մանաւանդ  յիշել  ու յիշեցնել     այդ քաղաքին    ոգին վառ   պահել   փորձող   արուեստագէտին  անունը։

Խօսքը   Արա  Մածունեանին մասին է, որ  բեմադրիչ ըլլալէ  անդին, կիրքով ու երազով   կարողացած  է  մտնել      Պուրճ Համուտի   հին ու նոր պատուհաններէն,   փնտռելու  եւ գտնելու  այն ամէն ինչը, որ զինք  կը  կապեն մօտիկ անցեալի  վերյուշին, յիշատակներուն ու երազին։

 

Ի դէպ,   Արա  Մածունեան  իր ամբողջական  նուիրումով  եւ բոլորովին անձնական  ճիգերուն  վստահելով կարողացաւ հանրութեան   ներկայացնել  Պուրճ  Համուտի  կեանքն ու առօրեան  երփնագրող    «Թռչնոց Բոյն»  խորագրեալ   հատորը, որ հրապարակուեցաւ Լոս Անճելոսի  մէջ։

Կեանքի պատկերներ, դէմքեր ու դիպուածներ,  պահ ու առիթ,   անցեալ  եւ ապագայ...  այդ բոլորը կը միախառնուին Մածունեանի   հատորին մէջ, իսկ անոր`  յաճախ անխօս  ու մերթ  ալ  բարբառող   հերոսները   իրական  վկաներն են ամբողջ  ժամանակի մը, որ  ցայսօր ալ  կը շարունակէ     իր ընթացքը  եւ ժամացոյցի  սլաքներուն պէս   ճշգրիտ  ու  կուռ  քայլերով կը մօտենայ  սպասուած  ժամադրութեան։

 

Պուրճ  Համուտը  հասկացութիւններու, տեսակի,   ընթացքի, սերունդի, երազի ու կիրքի մէկ ամբողջութիւն է, որուն սահմանները  միայն աշխարհագրական ընկալում  չունին, այլ կը  հասնին մինչեւ հեռու-հեռուներ եւ իրենց հետ կը տանին  անցեալի  ապրումն  ու վաղուան  վառ յոյսը։

Ժամանակը  կը  կերտէ  մեր  հաւաքական յիշողութեան մեծ  պաստառը ու այսօր,  աւելի   քան որեւէ   ժամանակ, Պուրճ Համուտի սլաքները  մեզ  աւելի  մօտիկ    կը պահեն    վաղուան  պայքարներու եւ  մեծ  ապրումներու յորձանքներուն...  

 

 Յ.Գ. Ներքեւը տեղադրուած  տեսանիւթը   այսօր   երեկոյեան  երեւցաւ   Արա Մածունեանի լուսանկարչական    արուեստին նուիրուած Դիմատետրի    «Պուրճ Համուտ»  էջին վրայ։