image

Իռլանտացի նախարարը պաշտպան կը կանգնի Հենրիխ Մխիթարեանին

Իռլանտացի նախարարը պաշտպան կը կանգնի Հենրիխ Մխիթարեանին

Իռլանտայի արդարադատութեան նախարար Չառլի Ֆլենական քննադատած է ՈՒԵՖԱ-ը այն պատճառով, որ «Արսենալի» եւ Հայաստանի հաւաքականի խաղցող Հենրիխ Մխիթարեանը պիտի չմեկնի Պաքու Եւրոպայի Լիկային մասնակցելու համար:

«Շատ ցաւալի է, երբ կը բախուին սփորթը եւ քաղաքականութիւնը, քանի որ Հենրիխ Մխիթարեանը որոշած է չմեկնիլ Ատրպէյճան Եւրոպայի Լիկայի եզրափակիչին՝ պատճառաբանելով անվտանգութեան սպառնալիքները: ՈՒԵՖԱ-ն պէտք է աւելին ընի վախերը ցրելու եւ այդ հանգամանքներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար», - Twitter-ի էջին գրած է նախարարը: