image

«Մեզի բոլորը քաջալերեցին, եւ ըսին՝ հոս մնացէք, հոս ձեր երկիրն է» Հալէպահայ Ճօրճ Քիլիսլեան

«Մեզի բոլորը  քաջալերեցին, եւ ըսին՝ հոս մնացէք, հոս ձեր երկիրն է» Հալէպահայ  Ճօրճ Քիլիսլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւանի «Ապու Յակոբ» ճաշարանի սեփականատէր, հալէպահայ Ճօրճ Քիլիսլեանը:


-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն: Արդե՞օք եթէ պատերազմը չըլլար երբեւէ կը մտածէի՞ք Հայաստան փոխադրուիլ:


Մենք պատերազմի պատճառով Հայաստան փոխադրուեցանք ու եթէ պատերազմը չըլլար,  կը մնայինք Հալէպ, քանի որ հոն մեր կեանքը   բոլոր իմաստներով  դասաւորուած էր: 

Մեր ընտանիքէն առաջինը ես ուզեցի Հալէպէն դուրս գալ,  հետս պատահած միջադէպին  պատճառով: 2012-ի սկիզբն էր, ցոյցերը արդէն Տարհայէն Հալէպ հասած էին, ելեկտրականութիւնը սկսած էին  կտրել  երկար ժամերով, հրասանդեր սկսած էին իյնալ։  Այդ օրերուն ես սովորականին  պէս, աշխատանքային օրուան աւարտին ճաշարանը  փակեցի, տուն պիտի երթայի (դէպի Ճալաա թաղամասը), ճանապարհին, հայկական գերեզմանոցին մօտերը ընդդիմադիրներ ճամբաս կտրեցին, զիս  ինքնաշարժէն իջեցուցին, գրպաններս պարպեցին, ինքնաշարժս առին, գացին... Այդ   դէպքը  շատ ազդեց վրաս, տեսայ որ այլեւս կեանքի ապահովութին չկայ, որովհետեւ շատ հանգիստ կրնային նաեւ ինծի վնասել։ Ու  ատոր հետեւանքով որոշում առի եւ ընտանիքիս ըսի՝ ալ չեմ ուզեր Սուրիա մնալ, ուզեցի որ բոլորս միասին  հեռանանք, բայց իրենք ճիշդ տեսան որ քիչ մըն ալ համբերեն:  Եւ  այսպէս  ես Պէյրութ գացի 2012-ին եւ  հոն մնացի մինչեւ 2014-ի սկիզբը, յետոյ ետ ստիպուեցայ Հալէպ  վերադառնալ  որոշ գործերու համար, բայց տեսայ, որ կեանքը աւելի վատացած է, Հալէպի մէջ «Ապու Յակոբ» ճաշարանը ընտանիքս, որ դեռ բաց կը պահէր այդ պայմաններուն մէջ, սկսած էին «շապիհններ» գալ: Անոնք մէջքերնուն զէնքը դրած, կու գային, գաւաթ մը կը խմէին, պատառ մը կ'ուտէին եւ առանց հաշիւ փակելու կ'երթային,  այլեւս վիճակը անտանելի եղած էր, եւ այս անգամ յաջողեցայ ընտանիքիս համոզել, որ բոլորս միասին ձգենք քաղաքը, եւ արդէն ընտանեօք  Ապրիլ  2014-ին Հայաստան հասանք։

 

-Դուք արդէն հաստատուած էք Երեւանի մէջ: Գո՞հ էք ձեր կեանքէն, ձեր աշխատանքէն, ձեր միջավայրէն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:


Այո,  կրնամ ըսել որ հաստատուած ենք,  սեփական  գործ ունինք, կ'աշխատինք: Հաստատ, որ այլեւս հոս պիտի մնանք, ետ դարձ չկայ, մանաւանդ իմ պարագայիս, որովհետեւ ես զինուորութիւն ըրած եմ եւ հիմա ինծի ետ որպէս պահուստային զինուոր  կանչած են, հետեւաբար ես ետ Սուրիա չեմ կրնար երթալ: Ես հիմա արդէն ամուսնացած եմ, կինս լիբանանահայ  է, արդէն հոս հաստատուած ենք,   եւ   գործերնիս լաւ   հունի մէջ    է։ Իսկ  «Ապու Յակոբ»ը 60 տարուան  պատմութիւն ունի, 1957-էն, կը փորձենք ամէն ինչ նոյն ձեւով շարունակել, նոյն անունը պահել եւ ճանչցընել    անխտիր  բոլորին։

 

-Ձեր գործունէութեան առընթեր բնաւ զատողութիւններու հանդիպեցա՞ք Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ խնդիրներ ունիք այսօր:


Ոչ, ընդհանրապէս զատողութիւն չեղաւ, չհանդիպեցանք այդպիսի վերաբերմունքի, ընդհակառակը, մենք մեզի համար աշխատեցանք, ծանօթացանք շատ մարդոց,  լաւ յաճախորդներ ունեցանք, միշտ քաջալերեցին մեզի, ըսելով՝ պրաւօ, հոս մնացէք, մի երթաք, ասի ձեր քաղաքն է:

Իսկ թէ ինչ խնդիր ունինք, մեզի համար գլխաւոր խնդիր կը մնայ այլեւս սեփական տուն, տարածք ունենալը, մեր վարձքերը շատ են՝ տունի վարձք, խանութի վարձք,  ճաշարանի վարձք, այս է որ կը մնայ խնդիր մեզի համար, որովհետեւ մեր աշխատանքի, յոգնութեան մեծ բաժինը վարձքերու կ'երթայ, եթէ մեր սեփականը ունենանք,  այդ վարձքի համար ծախսուած գումարը որպէս շահ, մեր կեանքի բարելաւման, մեր   զաւակներուն ապագային  պիտի ծառայէ: Այս քայլը կը մնայ, որ հիմա պէտք է լուծենք, չեմ գիտեր ինչպէս, Հալէպ մեր երկու ճաշարանները կան, պէտք է ծախենք, բայց հիմա    դժբախտաբար     կալուածներու  առուծախը   գրեթէ դադրած է Հալէպի մէջ։

 

-Դուք յաջողեցաք ստեղծել սնունդի կէտ մը, ճաշարան մը, որ նաեւ մշակութային նորութիւն էր Հայաստանի ժողովուրդին  համար՝ համի, հոտի, տեսակի, որակի առումով, ինչպէ՞ս կը գնահատուի ձեր աշխատանքը:


Մենք մեր գործին մէջ կը փորձենք ամէն ինչին լաւը ընել, որակը պահել։  Անշուշտ կը քաջալերեն մեզ  եւ մեր  մօտ  յաճախորդներուն 70 տոկոսը Հայաստանի հայեր են, 30 տոկոսը՝ սփիւռքահայեր։  Ի  դէպ  մեր   գործի ոլորտի պարագային  այն յաճախորդը, որ մեզի կ՚այցելէ եւ գոհ կը մնայ իր ընկերոջ եւ բարեկամին խորհուրդ կու տայ, ըսելով,  որ այսինչ տեղը համով պատառ կայ, կրնաք փորձել...  Անշուշտ մենք ալ միշտ որակը  կը պահենք, հինգ տարի է՝  մեր մօտ կու գան եւ  միշտ նոյն որակը կը տեսնեն, եւ  ադպիսով  եղած   վստահութիւնն ալ կը մեծնայ ու կ՚աճի։


-Ի՞նչ արժէք ունի ձեզի համար Հալէպը: Հիմա եթէ ետեւ նայիք, ի՞նչ կրնաք ըսել  անոր անցեալին մասին,  ձեր  մէջ  ի՞նչ յիշատակներ մնացին  այդ   քաղաքէն։


Հալէպէն շատ լաւ յիշատակներ ունիմ։ Հայկական դպրոց, եկեղեցի, ակումբ յաճախած եմ, իմ հայ ինքնութեանս մասին ամէն ինչ Հալէպի մէջ սորված եմ, շատ ուրախ եմ, որ այդպիսի՝ հայկական մշակոյթով  հարուստ միջավայրի մէջ մեծցած եմ, երկրի մը մէջ, ուր հայութիւնը պահպանուած է, որովհետեւ հիմա կը հանդիպիմ  ուրիշ երկիրներէ հայերու, որ  չեն գտեր  ինչ  ըսել է հայ ըլլալ եւ ինչ է հայութիւնը։ Անձնական, ընկերային, միութենական կեանքի բոլոր յիշատակները յուշեր մնացին մեզի համար: Անշուշտ կը ցանկամ,   որ Սուրիան աւելի լաւ ըլլայ, որ հոն մնացող հայերը քիչ մը աւելի հանգիստ կեանք ունենան. խաղաղութիւն կը ցանկամ   մեր  երկրին:

 

-Հալէպի մէջ ի՞նչ վերաբերմունք կար հալէպահայութեան հանդէպ, դուք տեղացիներու հետ շփում կ'ունենայի՞ք:


Հալէպի մէջ հայութեան հանդէպ միշտ յարգանք տեսած ենք, միշտ լաւ խօսած են մեր մասին։ Անշուշտ շաղուած ենք իրենց հետ, մանաւանդ բանակ ծառայելու ժամանակ: Բանակի բոլոր ընկերներս արաբ էին, սիւննին ալ կար, տիւրզին ալ, ալէւիթն ալ, բոլորէն ալ միշտ յարգանք տեսած եմ մեզի հանդէպ: Նախքան պատերազմը այդպէս էր, բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ: Այս մասին ես կրնամ շեշտել, որ հիմա, պատերազմէն վերջ, ինպէս կ'ըսեն, «ակռանին աւելի զօրացաւ», կրնամ ըսել, որ հիմա քիչ մը տարբերութիւն կայ վերաբերմունքին մէջ:

 

-Ի՞նչ ըսելիք ունիք հալէպահայ երիտասարդներուն, որոնք պայմաններու բերումով ձգեցին իրենց ծննդավայրը  եւ հեռացան՝ Լիբանան, Շուէտ, Գանատա եւ այլուր:


Հալէպէն հեռացող ամէն երիտասարդ ինքն իր պարագաները ունի, ինչպէս որ ես դուրս ելայ քաղաքէն, հոս հասայ եւ յաջողութիւն գտայ, ինծի համար Հայաստանը ապահով եւ դէպի առաջ գացող երկիր մը եղաւ, ուրիշներ ալ իմ նման Հայաստան եկան, բայց կրնայ ըլլալ այդպէս չտեսան, դժուարութիւններ ունեցան, ետ դարձան, ոմանք ալ որոշեցին Շուէտ, Գանատա կամ Լիբանան երթալ, ամէն մէկը ինքն իր պարագային համեմատ ապագայ մը կը փորձէ կերտել, բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ: