image

«Քննութեան» մեծ օր է Հայաստանի համար

«Քննութեան»  մեծ  օր  է  Հայաստանի  համար

Գրեթէ  տարի մը  իր ետին գլորած  «Թաւշեայ  յեղափոխութեան»  համար վաղը կարեւոր օր է։ Ձեւով մը քննութեան օր` շաբաթ օր Երեւանի մէջ զգալի դարձա լարուած  իրավիճակէն ճիշդ 48 ժամ ետք։

Խնդիրն այն է, որ յեղափոխութեամբ իշխանութեան հասած վարչապետ Փաշինեան, որուն համար ըստ երեւոյթին (ինչպէս ինք ալ  բազում անգամներ իր ուղիղ եթերներու ատեն ըսած է այդ մասին) կարեւորագոյն հարց էր Ռոպէրթ Քոչարեանի կալանքի տակ մնալը, «սրտնեղած»  է  դատաւորի որոշումէն ու ահա յեղափոխութենէն ճիշդ տարի մը անց նոր յեղափոխութեան երրորդ վճռորոշ փուլի սկիզբը  կը յայտարարէ։

 

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, որպէս արձագանգ վարչապետի «լայվ»ին ՀՀ քաղաքացիներ դարձեալ փողոց պիտի իջնեն՝ այս անգամ «խափանելու» համար դատարաններու աշխատանքը։

Անհասկնալին այստեղ այն է, որ ցանկացած իշխանութեան համար բանակի, ելեւմտական ոլորտի, եկեղեցւոյ եւ դատական համակարգի ամբողջ լծակները կը համարուին ուժի եւ օրինականութեան հիմնական բանալիներ, սակայն այս պարագային պատկերը այլ է։

 

Պատկերը այլ է, որովհետեւ Փաշինեան, որ մինչեւ այս օրը գրաւ կը դնէր դատական համակարգի առողջացման վրայ, եկաւ այն համոզման, որ այդ խիստ կարեւորհամակարգը կը գործէ եւ կ՚աշխատի «երամէն դուրս»։ Եւ հիմա, երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքական ընդհանուր տեսարանին, Փաշինեան կարիք ունի զսպող օղակներու, հետեւաբար նաեւ չի բացառուիր, որ ան  անգամ մը եւս կառչի «ժողովրդային արդարադատութեան» եւ այդպիսով կարողանայ ծանր հակահարուած մը տալ Քոչարեանի շուրջ արդէն իսկ ձեւաւորուող քաղաքական խմբակին։

Ասկէ անդին, կայ նաեւ կարեւոր հարց, որ կը վերաբերի դատական համակարգին. արդե՞օք Փաշինեան եւ իր քաղաքական թիմը, պիտի կարողանա՞ն իրողապէս արժանահաւատ եւ  արդար  դատաւորներով գործող համակարգ մը կազմել։

Հիմա  նեղ  ատեններ են, ու յստակ է նաեւ, որ խորհելէ ու յաղթող կողմի մը մասին խօսելէն աւելի պէտք է հաշուի առնել, որ Հայաստանի մէջ ամէն օր  աճ գրանցող եւ բարձր մակարդակի հասնող երկուութիւնը, ատելութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը նախ եւ առաջ հարուած են, ոչ միայն այս իշխանութիւններուն, այլ հարուած  են Հայաստանի պետութեան։

 

Ալ չենք խօսիր արտաքին հաւանական վտանգներու առկայութեան եւ մեր երկրի «հարեւաններ»ու տրամադրութեանց մասին, որոնք կրնան որեւէ պահու տհաճ անակնկալ ընել եւ ափ ի բերան  թողուլ ամբողջ հայ ժողովուրդը։

Եղածը, կամ ըլլալիքը անպայմանօրէն չի բխիր մեր պետականութեան շահերէն ու ամբոխի վերածուած հանրութեան տրամադրութիւնները, ըստ մեր նկատածին, բաւական հեռու են բանականութենէ եւ հարցերը ազգային շահերու առաջնահերթութեամբ լուծելու մօտեցումներէն։

Ո՞վ որու կը պատժէ, կամ մեր հանրութեան մէջ, ո՞վ է անմեղը եւ ո՞վ՝ մեղաւորը։

Ի վերջոյ դարերու անցեալ ունեցող «հայկական» սինթրոմներու եւ խարդաւանքներու մէջէն անցած մեր ժողովուրդի անցեալն ու անկէ բխած  կարեւոր դասերը մեզի չկարողացան լաւ  ճանապարհ մը   բանալու  հիմնարար առիթներ հանդիսանալ։

Պարտուած ենք, երբ սկսած ենք իրար ատել, իրար հարուածել, իրար խաբել ու իրարու համար խարոյկ պատրաստել եւ յաղթած ենք, ամէն անգամ, երբ միակամ ենք ու կը մտածենք եւ կը գործենք մէկի շահերով ու յանուն մէկ Հայաստանին, որուն համար մեզմէ  իւրաքանչիւրս (իւրաքանչիւրիս  ներածին չափով) պատրաստ է ամէն ինչ տալ, ու  փոխարէնը ոչինչ վերցնել, կամ ոչինչ տալ ու ամէն ինչ վերցնել։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը քննութեան պահու առջեւ է ու տխուրն այն է, որ մեզ բոլորս մէկ դրօշակի, մէկ գաղափարի, մէկ ամրոցի  շուրջ հաւաքողը դեռ չկայ ու մենք խարխափելով ու  չարանալով իրարու աչքին մէջ  շիւղ կը փնտռենք, անտեսելով ու մոռնալ ձեւացնելով, որ մեր աչքերուն մէջ եղած գերանը, դիմացինին աչքը կը ծակէ։

Ե՞րբ  խելքի պիտի գանք, ու ե՞րբ պիտի դադրինք արտաքին ճակատի մեր պահուածքը մեր ներսիդին եղող խորաններուն համար նախատեսել ու լքել ամէն էական բառ ու բան ու վազել  անցեալը ջուրին երես հանելու նպատակով, կամ սպի դարձած վէրքերը մէկ առ մէկ խառնելով ու այդ վէրքերուն մէջ պալար լեցնելով։

Այսօր քննութեան օր է բոլորիս համար ու կարեւորն այն է, որ մենք հասկնանք, որ միշտ չէ, որ  ժողովուրդին կիրքը, անկէ բարձրացող ատելութեան խօսքն ու այլամերժութեան ոճը անպայման կը բխին հայոց պետականութեան շահերէն։

Մեզի պակսողը, ինչպէս միշտ խոհեմութիւնն է, առանց որուն, մենք մէկ օրուան մէջ կարող ենք հովին տալ  երեսուն տարուան  ձեռքբերումները։

Ուշադիր ըլլանք։

 

 «Ա»