image

«Մեր ընտանիքէն միայն մեծ հայրս ողջ մնացած էր».Երգիչ Արսէն Գրիգորեան

«Մեր ընտանիքէն միայն մեծ հայրս ողջ մնացած էր».Երգիչ Արսէն   Գրիգորեան

ՀՀ ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեանը (Մրօ) Ցեղասպանութենէն փրկուածներու հետնորդ է. Անոր հօրական կողմը Սասունէն է, մօրական կողմը՝ Մարաշէն։

«Ես  հայրենազրկում, Ցեղասպանութիւն տեսած ընտանիքի զաւակ եմ։ Մեր ընտանիքէն միայն մեծ հայրս ողջ մնացած էր, բայց, փառք Աստուծոյ, այսօր մեր թիւը 30–ի կը հասնի։ Մենք Ցեղասպանութեան մասին լսած ենք մեր մանուկ հասակէն, մենք մեր ընտանիքի պատմութիւնը լսած ենք ու յետոյ այդ պատմութիւնը մեր թոռնիկներուն փոխանցած»,–ըսած է ան։

 

Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ճանաչմանն ու անոր համար անհրաժեշտ քայլերուն` երգիչը նշած է, որ կը կարծէ` մշակոյթի միջոցով կարելի է շարք մը խնդիրներու լուծման հասնել։ Անոր խօսքով` Ցեղասպանութիւնը նաեւ մշակութասպան երեւոյթ է եւ 1915–ին մենք շարք մը մշակոյթի գործիչներ ու կոթողներ կորսնցուցած ենք։ Ըստ երգիչի` եթէ մշակութային ինչ–որ արժէք կ'ոչնչացուի, ապա այն ոչ միայն տուեալ ազգին, այլ նաեւ մարդկութեան վնաս կու տայ, քանի որ մշակոյթը համամարդկային երեւոյթ է։

 

 

«Մշակոյթը հզօր միջոց է` ինչ–որ բանի մասին տեղեկացնելու, ճշմարտութիւնը երգի կամ արուեստի մէկ այլ ճիւղի միջոցով ըսելու՝ ոչ միայն քու ազգիդ, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան։ Ցեղասպանութեան ճանաչման, ճիշդ տեղեկութեան տարածման համար մշակոյթը կրնայ «օգնութեան» հասնիլ»,–ըսած է Գրիգորեանը։

 

Ան նշած է նաեւ, որ մէկ կարեւոր հանգամանք կայ` Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն ժառանգները հիմնական այժմ Սփիւռքի մէջ կ'ապրին եւ այդ առումով շատ աւելի ազդեցիկ կ'ըլլայ  անոնց ձայնը։

 

Այսինքն` Սփիւռքի մշակութային գործիչներու դերակատարումը եւս շատ մեծ է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ։

 

Գրիգորեանի հաւաստմամբ` մշակոյթի միջոցով շատ կարեւոր ճանապարհ կրնանք անցնիլ։

 

Նիւթը «Սփութնիք» հայկական   ծառայութենէն