image

«Առաջին քայլս 3 ամսուան դադարէ ետք» Լիբանանահայ լրագրողը պատմած է իր ապրած ծանր փորձառութեան մասին

«Առաջին  քայլս  3 ամսուան  դադարէ ետք» Լիբանանահայ  լրագրողը   պատմած է  իր  ապրած  ծանր   փորձառութեան մասին

«Ահա  եւ առաջին  քայլս,   այս մէկը   առաջին քայլն է՝ հազար  մղոնի   ճանապարհին  վրայ».  այսպէս գրած է  լիբանանահայ  լրագրող Շիրազ   Ճէրէճեանը։

Ճէրէճեան, որ իր ապրած    ծանր    փորձառութեան մասին գրառում կատարած է   դիմատետրի  իր էջով,  նշած  է նաեւ, որ   անցնող երեք ամիսներու  ընթացքին   կտրուած էր ամէն ինչէ  եւ  կ՚անցնէր    դարմանման   բաւական բարդ փուլէ։  Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է   լիբանանահայ  նուիրեալ բժիշկներէն`  տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեանին, որ կարողացած է  կանխագուշակել Շիրազի   գլխուն մէջ    յայտնուած  ուռը եւ անհրաժեշտ   ամէն պայման  ստեղծած  (տեղացի մասնագէտ բժիշկներու   մասնակցութեամբ)  Շիրազը վիրաբուժական գործողութեան   ենթարկելու եւ   ապա   բուժման    փուլի մը առաջնորդելու։

Աւելի  քան տասը  տարի լրագրութեան  ոլորտին մէջ ելլալէ ետք  Շիրազ  կը համարուի լիբանանահայ     լրատուական եւ  մամուլի դաշտի  արհեստավարժ  ներկայացուցիչներէն մին։

Ան   մշտական  ներկայութիւն է Պէյրութի  «Ռատիօ Սեւան»ի  եթերով, ինչպէս նաեւ   անդամ է  Լիբանանի  ՍԴՀԿ օրկան՝  «ԱՐԱՐԱՏ»ին։

Ընթերցանութեան մեծ  սիրահար   Շիրազ  Ճէրէճեան, յատուկ     սէր ունի նաեւ  ճամբորդութեան եւ լեռնագնացութեան  ոլորտներուն  առընթեր  ու նաեւ, որպէս   արհեստավարժ լրագրող   հեղինակ է հետաքննական բազմաթիւ նիւթերու։

Ան  որդին է   լիբանանահայ հասարակական գործիչ  եւ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանի տնօրէն ՝ Նազարէթ  Ճէրէճեանին եւ իր    անմիջական, յարգալիր  եւ համեստ  բնաւորութեամբ    դրական  եւ սիրուած    անհատ է Լիբանանի  հայկական շրջանակներուն   մէջ։

 

Մենք  եւս կը միանանք  Շիրազի  հեռու եւ մօտիկ  բարեկամներու եւ ընկերներու  ցանցին՝ մաղթելով անոր լիարժէք առողջութիւն եւ  յաջողութիւններ, թէ՛  անհատական, թէ՛ ալ  լրագրողական ասպարէզին  առընթեր։

 

Shiraz Djeredjian-ի լուսանկարը: