image

«Եղաւ պահ մը, երբ ստիպուած էինք մէկդի դնել անցեալը ... եւ նայիլ ապագային» Թորոնթօ ապրող հալէպահայ Լեււոն Գարակիւլէեան

«Եղաւ  պահ մը, երբ ստիպուած էինք մէկդի  դնել անցեալը ... եւ նայիլ ապագային» Թորոնթօ    ապրող  հալէպահայ Լեււոն Գարակիւլէեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ երգիչ, ճարտարապետ՝ Լեւոն Գարակիւլեանը, որ 2012-ին, պատերազմի պատճառով տեղափոխուած է Հայաստան, իսկ 2016-էն արդէն հաստատուած է Գանատա-Թորոնթօ:

 

-Ի՞նչ յիշատակներ ունիք Հալէպէն եւ Հալէպը ձեզի համար այսօր ի՞նչ իմաստ ունի:

Հալէպը ինծի համար միշտ պիտի մնայ իմ ծննդավայրս, իմ շատ սիրելի քաղաքս, ուր անցուցած եմ կեանքիս   22-23 տարին: Հալէպը ինծի համար դարձաւ հին երազ,  եւ կը ցաւիմ, որ մենք ստիպուած եղանք ձգել մեր այդ հարազատ քաղաքը, կարծելով, որ քանի մը ամիսէն ետ պիտի վերադառնանք, բայց ափսոս, որ այդ մէկը երազ մնաց: Հալէպը միշտ պիտի յիշեմ որպէս տաքուկ անկիւն, իր ջերմ մթնոլորտով, ուր կան բոլոր ընկերներս, որոնց հետ մեծցած եմ:

Գիտեմ, որ Հալէպը եւ հոն մնացած մեր հայրենակիցները  շատ ծանր պայմաններէ անցան եւ մինչեւ այսօր ալ   կ'անցնին: Ես կը զարմանամ, թէ ինչպէս կրցան դիմանալ այդ ծանր պայմաններուն մէջ, շատ կը ցաւիմ, որ չկրցանք ձեւով մը օգնել իրենց:

Եռնէկ, որ օր մը օրանց կարենամ դառնալ եւ տեսնել քաղաքս, թաղամասս, տունս, դարձեալ զգալ եւ ապրիլ, նոյնիսկ եթէ մէկ օրով, այդ ընկերային մթնոլորտը, այդ հայկականութիւնը, որ մենք տարիներով կերտեցինք: Բայց յոյսով եմ, որ Հալէպը դարձեալ պիտի լաւանայ եւ առաջ պիտի երթայ, պիտի դառնայ առաջուընէ աւելի լաւ, որովհետեւ ես վստահ եմ մեր սուրիահայ ժողովուրդը  իր  կամքին    շնորհիւ    պիտի կարողանայ   քաղաքը դարձեալ   ոտքի հանել։

 

-Եթէ խաղաղութիւնը ամրապնդուի Սուրիոյ մէջ, ձեր կարծիքով, կ'ըլլա՞ն Հալէպ վերադարձողներ: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

Մենք բոլորս Հալէպ ապրած ժամանակ, երբ դեռ պատանի էինք, տարբեր երազներ, ծրագիրներ ունէինք, որոնց ուղղութեամբ մեր առաջին քայերը առած էնք, եւ բոլորին յայտնի հանգամանքներու բերումով Սուրիայէն դուրս ելլէ եւ մանաւանդ տարբեր քաղաքներ շրջելէ ետք, թափառականի հոգեվիճակով ապրեցանք, չէինք գիտեր թէ ուր ենք, ուր պիտի երթանք, ուր պիտի ըլլայ մեր ապագան, շատ շուարած եւ անորոշ ծանր վիճակի մէջ էինք բոլորս եւ մեր կեանքը կարենալ շարունակելու համար միակ ձեւը նոր էջ սկսիլն էր։ Յետոյ  տեղ մը հասաւ, որ պէտք էր անցեալը   մէկ կողմ դնել  եւ առջեւ նայիլ, նոր երազներ եւ նոր նպատակներ ունենալ. կը կարծեմ բոլոր երիտասարդները նոյնը ըրին այդ տարիներուն:

Հիմա  երեք տարի է Թորոնթօ կ'ապրիմ եւ վերջապէս միտքս հանգիստ է, որովհետեւ կրցած եմ հաստատ նպատակներ ունենալ, նախագծած եմ ապագաս եւ այդ ուղղութեամբ քայեր առած եմ: Հետեւաբար, ինչքան ալ սիրեմ եւ կարօտնամ Հալէպը, իմ՝ հին կեանքս, ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ այդ ամէնը ձգել եւ անցեալին դառնալ։