image

Հալէպի «Ալ Նէրապ» շրջանը կրակի տակ.Կան առնուազն 6 զոհեր

Հալէպի   «Ալ  Նէրապ»  շրջանը  կրակի տակ.Կան  առնուազն  6  զոհեր

Անցնող ժամերուն    Հալէպը  դարձեալ  յայտնուած է   ահաբեկիչներու կրակներուն  թիրախ։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը   հաղորդեց «Շապաքաթ  ախպար Հալապ»   էջը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   Հալէպի   ծայրամասային շրջան  համարուող  «Ալ Նէրապ»  հատուածին վրայ ինկած  հրթիռներուն հետեւանքով  զոհուած  են վեց  անձեր, մինչ  տասը  ուրիշներ   վիրաւորուած եւ փոխադրուած  են հիւանդանոց։

 

Զոհերուն մէջ  կան երկու փոքրիկներ։

 

 Հայկական առումով  եւ ըստ «Արեւելք»ի  Հալէպի աղբիւրին   «Ալ Նէրապ»  շրջանին մէջ     հայեր չեն  բնակիր, սակայն  հրթիռներուն   պատճառած   աղմուկը  վախի  մթնոլորտ մը  տարածած է,ինչպէս ամբողջ  Հալէպի այնպէս  ալ  Հալէպի հայկական  թաղամասերուն մէջ։