image

«Այո՛, հալէպահայութիւնը շատ փոխուեցաւ պատերազմէն ետք». Սոնա Անտէզեան

«Այո՛, հալէպահայութիւնը շատ փոխուեցաւ պատերազմէն ետք». Սոնա Անտէզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ Սոնա Անտէզեան:

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ Հալէպէն հեռացաք:


Մենք Հալէպէն դէպի Հայաստան գաղթած ընտանիք  ենք, ես ունիմ երկու զաւակ՝ աղջիկ մը եւ տղայ մը: Հալէպէն ելլելուս պատճառը իմ տղուս փափաքն էր, որովհետեւ զաւակներուս հայրը 2014-ի մայիսին  մահացաւ, երբ շէնք մտած ժամանակ ռումբ մը ինկաւ եւ գլխու հատուածին մտած բեկորը ուղեղային զօրաւոր վնասուածք պատաճառեց: Դէպքէն քանի մը ամիս անց արդէն, տղաս եկաւ օր մը ինծի ըսաւ՝ մամա, կը սպասենք որ մենք ալ պապային պէս մեռնինք, մեզի հոսկէ  դուրս հանէ: Ես որպէս առանձին կին, երկու անչափահաս երեխայի մայր, շատ նեղ կացութեան մատնուեցայ, միջոցներ չունէի Գանատա կամ Հայաստան երթալու, միեւնոյն ժամանակ ալ տղուս խօսքը խիղճս հանգիստ չէր ձգեր: Տուն մը ունէի, մտածեցի այդ տունը կը ծախեմ, ճամբու ծախս կ'ընեմ, կ'ելլեմ: Այդ ժամանակ տղաս 17 տարեկան էր, աղիջկս՝ 16, իրենց բացատրեցի, որ այս տունը մեր միակ ունեցուածքն է, եթէ ծախեմ, այլեւս բան մը չենք ունենար, եւ մեզի Հայաստան կամ Գանատա, ուր որ պիտի երթանք, ինչ կը սպասէ չենք գիտեր, եւ իրենք նախընտրեցին դուրս ելլել, ես ալ ապագային խղճի խայթ չունենալու  համար, ըսի ձեր ուզածը թող ըլլայ եւ տունս ծախեցի որպէսզի Գանատա երթանք: Գանատա ընկերուհիներուս հետ խօսեցայ, բոլորն ալ մերժեցին  մեզի օգնել, մտածելով, որ մինակ կին եմ, երկու զաւակով, որեւէ մէկուն տունը որ երթայինք իրենց վրայ «պիտի փլէինք», մերժուեցայ, այդպիսով որոշեցինք Հայաստան գալ: Մեծ դժուարութիւն էր   սահմանը  անցնիլը, որովհետեւ զաւակներս անչափահաս էին, առանց հօր հրամանի դուրս հանել կարելի չէր, իսկ տղաս զինուորութեան տարիքի շեմին, փախստական կրնար համարուիլ, շատ դժուարութիւններ անցուցինք, ոստիկանութեան դիմեցի, թուղթեր պատրաստեցի, նահատակի թուղթ հանեցի, տղուս վերջնական միակ տղայ զաւակ ըլլաու փաստաթուղթ հանեցի, եւ այս քաշքշուքները տեւեցին մէկ ամիս,  որմէ ետք  զաւակներս առի եւ ճամբայ ելանք դէպի Հայաստան: 4 Օգոստոս 2015-ին մենք արդէն Լիբանանի ճամբով Հայաստան հասած  էինք, շատ շատ դժուարին պայմաններու տակ:


-Գիտենք, որ հալէպահայութիւնը բարւոք, խաղաղ, հանգիստ կեանք մը կ'ապրէր: Ի՞նչ կը յիշէք այդ նախապատերազմեան շրջանին մասին: Ինչպէ՞ս է էր ձեր կեանքը, եւ պատերազմը ինչ եկաւ փոխելու այս բոլորին մէջ:

Ուրեմն, նախքան պատերազմը ես արդէն 30 տարուայ բժշկուհի էի, տարբեր տարրալուծարաններ (լապորաթուար) աշխատած էի, պատերազմի ատեն արդէն «Ֆահուր» հիւանդանոցի լապորաթուարի ընդհանուր պատասխանատուն էի։ Շատ լաւ գործ ունէի, տուներու մէջ եւս հիւանդներ ունէի, պզտիկներս դպրոցական էին, միշտ առաջինն էին, աշխատասէր էին, շատ լաւ էր վիճակնիս, այսինքն երբեք չէինք մտածէր, որ մենք օր մը Հալէպէն  պիտի  հեռանանք։

Հալէպի մէջ կեանքը տարբեր էր, չենք կրնար համեմատել ուրիշ տեղերու հետ: Ընտանիքի հայր մը միայն իր աշխատանքով կը պաահէր իր ընտանիքը, զաւակները, ամէն մարդ անձնական տուն ունէր, ամէն ինչով ապահովուած էր մեր ներկան եւ ապագան, երբ Հալէպ էինք:

Պատերազմը շատ բան փոխեց մեր կեանքին մէջ, զաւակներուս հօր կեանքը խլեց եւ մենք յայտնուեցանք ապրելու պայքարի մէջ:  Ես կը հաւատամ, որ հալէպցիները ուր որ ալ գաղթած ըլլան, միշտ դժգոհ պիտի մնան, որովհետեւ Հալէպի այդ լաւ կեանքը պիտի չկարենան ուրիշ տեղ մը ունենալ:

 

-Դուք Հալէպէն ետք անցաք Լիբանան, յետոյ եկաք Հայաստան, հաստատուեցաք Երեւան: Ի՞նչ էր ամենամեծ դժուարութիւնը ձեզի համար Հայաստանի մէջ:


Հայաստանի մէջ սկզբնական շրջանը շատ դժուար եղաւ մեզի համար: Ստիպուած էինք տուն վարձել, բայց ինչպէս գիտէք, մէկ անձի՝ միայն իմ աշխատնքով կարելի չէր հասցընել ծախսը, ես կրպակի մէջ սկսայ աշխատիլ, պզտիկներս, աղջիկս 12-րդ դասարան էր, տղաս բժշկական համալսարան նախապատրաստական քուրս, սակայն պայմաններէն ելլելով երկուքն ալ սկսան գործի երթալ, որպէս մատուցող, գիշերը գործի կ'երթային, ցերեկն ալ իրենց դպրոցը, համալսարանը, դաս սորվելու ժամանակ չունէին։ Պիտի աշխատէինք որ ապրէինք, իսկ շահած գումարնիս ալ հազիւ  տունի վարձքի, ուտելիքի կը բաւէր, գրպաննիս միշտ դրամ չէր մնար: Այս ծանր վիճակը մօտաւոր երկու տարի տեւեց, շատ դժուարութիւններ անցուցինք, այլեւս տեղ մը եկաւ, որ պզտիկներս կամ դաս, կամ գործ պիտի ընտրէին:

Որոշ շրջան անց ես անձնական կրպակ բացի, այդպէսով  մեր առօրեան կ'անցնէինք, դժուար էր, բայց ուրիշ  ճար  չկար։ Պատերազմէն վերջ  հալէպահայութիւնը փոխուեցաւ, մէկը միւսին մասին չի հարցներ, որ բանի մը պէտք ունի՞ք,իսկ շատեր չէին  ուզեր հարցընել, մեծամասնութիւնն ինչպէս կ'ըսեն ՝ինքն իր «իւղով կը տապկուի»...

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն,  պզտիկներս մէկ-երկու տարի ետք սկսան սիրել Հայաստանը, ըսին՝ մամա, մենք հոսկէ  չենք երթար, ուրախ են: Եղաւ չորս տարի հոս ենք, տղաս ընդհանուր բժշկութեան երրորդ տարին աւարտեց, աղջիկս ալ դեղագործութիւն կ'ուսանի, եւ Հայաստանը շատ շատ կը սիրեն:

 

-Տեղացիներու մօտեցումը ինչպիսին է՞ր ձեր հանդէպ:


Հայաստանցիները մեզի կը սիրեն, միաժամանակ՝ կը կարեկցին:  Կը սիրեն մեր բերած նորութիւնները, ըլլայ արհեստի կողմէ, թէ՝ խոհանոցի: Միշտ սուրիահայերու խոհանոցէ կ'օգտուին, մեր համեմունքները կը փնտռեն,  իրենց  ինքնաշարժները սուրիահայու մօտ կը տանին նորոգութեան:

Միաժամանակ ալ կը  կարեկցին մեզի, կ'ըսեն՝ հոս բան մը չկայ, ձգեցէք գացէք, ես չորս վարձու տուն փոխած եմ, բոլոր տանտէրերը միշտ կ'ըսէին՝ շնորհաւոր ըլլայ Սոնա, բարով վայելէք, ասի ձեր տունն է, բայց յետոյ կ'ըսեն՝ այս երեխաները հոս մի ձգեր, Հայաստանը ապրելու տեղ չէ: Միշտ Հայաստանը գէշ կը ներկայացնէին մեզի, չէին քաջալերեր որ  այստեղ մնանք:

 

-Դժուար ճանապարհ մը անցուցիք՝ պատերազմ, անհատական դժուարութիւն, ամուսինի կորուստ... պատերազմէն ի՞նչ մնաց ձեզի որպէս դաս, ի՞նչ կը մտածէք այսօր, եթէ վերաքաղ մը ընէք ի՞նչ կրնաք ըսել, պատերազմէն ետք վաղուան համար յոյս մը մնա՞ց:


Այո, դժուարութիւններէ անցայ, կեանքիս պատմութիւնը կարծես ֆիլմ մըն էր,  որն իրական ապրեցայ:

Ուրեմն, ինչպէս ըսի, Հայաստանի մէջ շատ դժուար  պարագաներ ունեցանք, բայց անսպասելի փոփոխութիւն մը եղաւ մեր կեանքին մէջ, ես ամուսնացայ 2018-ի յունուարին, երկրորդ ամուսնութիւն կնքեցի, անշուշտ զաւակներուս համաձայնութեամբ: Եւ որովհետեւ ամուսինս Լիբանան կ'աշխատի, ես ալ ստիպուած եղայ Լիբանան երթալ եւ  հիմա ես ալ կ'աշխատիմ, իրեն թիկունք կը կանգնիմ եւ մենք երկուքս  զաւակներու  գումար կը ղրկենք, որ հոս ապրին եւ ուսանին: Զաւակներս գործը  դադրեցուցին, արդէն դասերը ծանրացած էին, եւ այսպէս, ես քիչ մը Լիբանան կը մնամ, քիչ մը  ալ Հայաստան կու գամ, պզտիկներուս տեսնելու:

Ամուսինս որեւէ ջանք չի խնայեր, որ իմ պզտիկներուս պակասը ամբողջացնէ, հայր եղաւ, իրենց թիկունք կեցաւ, պզտիկներս ալ ուրախ են այդ կողմէն: Այո,  որոշ  անձեր  զիս  քննադատեցին   առած     քայլիս համար, բայց ինծի այդ չի հետաքրքրեր, ինծի համար կարեւորը իմ ընտանիքիս ուրախութիւնն է։ Ես շատ նեղ պարագաներ անցուցի ըլլայ Հալէպի, ըլլայ Հայաստանի մէջ, եւ ինծի մէկը չըսաւ, որ՝ Սոնա, բանի մը պէտք ունի՞ս, օգնութեան պէտք ունի՞ս, այդպիսի անձ մը չեղաւ:

Այս պարագային, պատերազմէն ինչ դաս առած կրնանք ըլլալ..  կրնամ ըսել, որ մենք արդէն Հալէպը մոռցած ենք, Հալէպէն մեր հետ մնացած են միայն մեր ապրած կեանքի յիշատակները, ասկէ վերջ    ապագային պէտք է նայինք, առաջ շարժինք: Ինծի համար   զաւակներս ամենաթանակ բանն են կեանքիս մէջ, իրենց ապագան ամեանթանկն է ինծի համար, մինչեւ հիմա այդպէս եղած է եւ այդպէս ալ կը մնայ, իմ նպատակս իմ պզտիկներուս տեղ հասցընելն է: Մենք նոր կեանքի նետուած ենք, լուսաւոր կեանք է մեզի համար, շատ ուրախ ենք, շատ լաւ ենք:

 

-Այսօր տարբեր կարծիքներ կան հալէպահայութեան ապագայի վերաբերեալ, մարդիկ կ'ըսեն գաղութը պէտք է վերականգնի, վերանորոգուի, ուրիշներ ալ ճարահատ կ'ըսեն, որ Հալէպը նոյնիսկ եթէ մնայ, պիտի ըլլայ տկար գաղութ մը, տկար համայնք մը, ի՞նչ կը մտածէք դուք այդ մասին:


Ես մօտ վեց ամիս առաջ ընտանիքիս այցելութեան գացած էի Հալէպ, ինչ որ տեսայ հալէպահայ գաղութը շատ տկարացած է... Հալէպի մէջ մնացած են միայն անոնք, որոնք հիւանդ են, դրամ չունին, կամ անոնք որ չեն ուզեր իրենց տուները  դատարկ  ձգել, երիտասարդութիւն չէ մնացած, իսլամները արդէն լեցուած են հայաբնակ թաղամասերուն մէջ։ Երբ տեսայ այդ վիճակը, ըսի, շատ լաւ ըրած եմ, որ իմ երիտասարդներս այդտեղէն ազատած  եմ, որովհետեւ մեր տեղը հոն չէ այլեւս: Գաղութ մը կը մնայ անպայման, բայց կը կարծեմ տկար գաղութ պիտի մնայ: Ես օրինակ Հալէպ չեմ դառնար, այո իմ ծննդավայրս է, իմ անցեալս հոն է, բայց իմ ապագաս հոն չի կրնար ըլլալ, եթէ իմ  զաւակներուս ապագային մասին պիտի մտածեմ: Ես համոզուած եմ, որ այլեւս Միջին Արեւելքը արաբներուն համար է, իրենց երկիրն է, մենք այլեւս հոն չենք կրնար ապրիլ:

 

-Սուրիահայութեան ներկայութեան մասին միշտ դրական խօսած են Հայաստանի մէջ: Ի՞նչ կը կարծէք, Հայաստան կարողացաւ տէր ըլլալ սուրիահայերուն, կրցաւ գրաւիչ ըլլալ ամէն իմաստներով՝ գործի, ուսման, առողջական ոլորտի եւ այլն:


Հայաստանը ուզեց տէր դառնալ սուրիահայերուն եւ կրնամ ըսել, այո, տէր դարձան մեզի, շատ մը յարմարութիւններ ստեղծեցին, բայց, սուրիահայերէն շատեր Հայաստան գալէ ետք, Գանատա, Աւստրալիա  եւ այլ   երկիրներ  գացին:

Ինչ կը վերաբերի ուսման եւ առողջական ոլորտին, ե՛ւ Հայաստանի կառավարութիւնը, ե՛ւ ՀԲԸՄ-ը այս առումով սուրիահայութեան կողքին եղան:  Զաւակներուս ուսման վարձէն որոշ գումար կը տրամադրեն, մնացեալն ալ մենք կը շարունակենք: Բժշկական կողմէն նոյնպէս Բարեգործականի մեր Հայլէպի հայ բժիշկները մեզի միշտ նեցուկ կանգնած են եւ ինչ հարցով որ դիմենք, մեզի շատ սիրով կ'ընդունին, ուրախ ենք այդ կողմէն ալ:  Ընդհանրապէս Հայաստանէն դժգոհելու պատճառ չունինք, որովհետեւ մեր կեանքը արդէն դասաւորուած է եւ առաջ կ'երթանք:

 

-Ի՞նչպէս կը տեսնէք հալէպահայութեան ապագան Հայաստանի մէջ, անոնք կը մնա՞ն Հայաստան, իրենց կեանքը այստեղ կը շարունակե՞ն, թէ՞ կը մեկնին այլ երկիրներ:


Հայաստան եկած հալէպահայութեան մեծ մասը արդէն գաղթեց օտար երկիրներ: Իմ կարծիքով, անոնք որոնք կրցան գաղթել, գաղթած են, իսկ մնացածին ալ եթէ առիթը տրուի՝ կը գաղթեն, Հայաստան չեն մնար, մանաւանդ վերջին տարիներուն եկողները, որովհետեւ ինչքան ալ սիրեն եւ կապուին Հայաստանին, բոլորին համար ալ դժուար է հոս ապրիլը, երկար ժամանակ նպաստներով ապրիլը դիւրին չէ: Անշուշտ մնացողներ ալ կ'ըլլան, յատկապէս անոնք, որոնք քիչ մը աւելի շուտ եկած են,  եւ տունով տեղով ապահոված են իրենք իրենց: