image

Համա. Հրթիռներ կրօնական դպրոցի մը վրայ. Զոհերուն մէջ կայ հայ փոքրիկ մը (Լուսանկար)

Համա. Հրթիռներ կրօնական դպրոցի մը վրայ. Զոհերուն մէջ կայ հայ փոքրիկ մը (Լուսանկար)

Արտակարգ դէպք մը պատահած է Համայի գիւղերէն մէկուն մէջ, երբ ահաբեկիչ զինեալներ հրթիռներ նետած են կրօնական վարժարանի մը վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ նշէց, որ այս առաւօտ Համա նահանգի մէջ գտնուող Սքըլպիա շրջանին մէջ գործող հիւանդանոց տարուած են հրթիռարձակումներու զոհ դարձած անչափահաս երեխաներ:

 Կը նշուի նաեւ, որ հիւանդանոց փոխադրուած են 11 անձեր, որոնց հինգը մահացած է:

Զոհերուն մէջ կայ նաեւ հայ փոքրիկ մը, որ կը կոչուի Ճեսիքա Գրաճեան:

Նշենք, որ Համայի շուրջ կը շարունակեն գործել ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք յաճախ հրթիռներ կը նետեն անզէն բնակչութեան շրջաններու ուղղութեամբ:

 

 

 

 

 

Լուսանկարին մէջ՝ հրթիռակոծման զոհերը