image

«Մեծ թաղեր» գիւղին մէջ վիրաւոր զինուորին նոր տուն. «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի նոր նախաձեռնութիւնը

«Մեծ թաղեր» գիւղին մէջ վիրաւոր զինուորին նոր տուն. «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի նոր նախաձեռնութիւնը

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի «Բնակարանային աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն» ծրագրի ծիրէն ներս Մայիս 10-ին Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի բնակիչ, Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին վիրաւորուած Նարեկ Աւետիսեանի ընտանիքը բնակարանամուտ նշեց:

 Ըստ «Արցափրես»-ի՝  Նարեկ Աւետիսեան ըսած է, որ ինք Արցախեան ազատագրական շարժման միացած առաջին կամաւորներէն եղած է:

«Որպէս սակրաւոր` ես  պայքարած եմ հայրենիքիս պաշտպանութեան համար, սակայն 1993-ին ականի պայթումնէն գլխուղեղի վնասուածք եւ ցնցում ունեցած եմ: Նախնական բուժումէ ետք կրկին վերադարձած եմ մարտական գործունէութեան եւ մինչեւ պատերազմի աւարտը մասնակցած մարտական  գործողութիւններու: Առողջական խնդիրներու պատճառով չեմ կրնար մշտական աշխատանքով զբաղիլ: Կինս նոյնպէս չ՛աշխատիր», -մասնաւորապէս  ըսած է  Աւետիսեան:

Նարեկին կինը, Շողեր  Միրզախանեանը,  խօսելով  բնակարանային  պայմաններու  մասին` ըսած է, որ մինչեւ հիմա իրենց ընտանիքը կ՛ապրէր մէկ  սենեակնոց տան մէջ, որ կը գտնուէր չափազանց վատ վիճակի մէջ՝ չունենալով որեւէ յարմարութիւն` խոհանոց, սանհանգոյց եւայլն:

««Թուֆենկեան» հիմնադրամի ջանքերով այսօր մեր ընտանիքը, ուր ամուսիններով կ՛ապրինք երեք երեխաներու հետ, արդէն ունինք 3 սենեակնոց լուսաւոր ու յարմարաւէտ վերակառուցուած առանձնատուն»,- աւելցուցած է ան:

Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանի՝ «Բնակարանային աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն» ծրագիրը  մեկնարկած է 2016 թուականին: «Ծրագրին  նպատակն  է` օգնել այն ազատամարտիկներուն, որոնք բնակարան չունին: Ծրագրի ծիրէն ներս Արցախի տասնմէկ  վիրաւոր զինուորներու համար տուներ կառուցուած են, վերանորոգուած կամ գնուած: Այս ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ»,- ըսած է Տուտագլեան` նշելով, որ 2019 թուականին կը նախատեսուի եւս 2 բնակարան շահագործման յանձնել:

Խօսելով  հիմնադրամի այլ ծրագիրներուն մասին` ան ըսած է, որ իրենք քաշաթաղի շրջանին մէջ կ՛ իրականացնեն նաեւ տնտեսական զարգացման եւ բնակարանաշինութեան ծրագիրներ, որոնց ծիրէն ներս հիմնած են արքայախնձորի եւ  նռան այգիներ, ինչպէս նաեւ տուներ յանձնած են տեղի վերաբնակչներուն: Ներկայիս հիմնադրամի միջոցներով կը վերանորոգուին Քաշաթաղի շրջանի Տանձուտ գիւղի դպրոցը եւ Մոշաթաղի կեդրոնը: