image

«Արդարութեան համար պայքարիլը մեր պարտքն է». Մաքրոն նամակ յղած է նախագահ Սարգսեանին

«Արդարութեան  համար պայքարիլը մեր պարտքն է». Մաքրոն նամակ   յղած է   նախագահ Սարգսեանին

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին` յայտնելով, որ ինչպէս յանձն առած էր, այս տարուընէ սկսած Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ Հայաստանի կողքին պայքար մղել յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան: «Ատիկա մեր պարտքն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ այն փրկուածներու եւ փախստականներու հանդէպ, որոնց Ֆրանսան գրկաբաց ընդունեց եւ որոնց ժառանգները կերտեցին մեր երկրի պատմութիւնը:

«Համատեղ ճակատագիր կերտելու հնարաւորութիւն ունենալու համար պէտք է կարենալ շիտակ նայիլ անցեալին` գլուխ խոնարհելով մեռեալներու յիշատակին առջեւ եւ յարգելով ողջերու յիշողութիւնը: Ատիկա իմ համոզումս է, եւ գիտեմ, որ անիկա կը կիսէ նաեւ Հայաստանը: Մենք ձեր կողքին ենք յիշողութեան պահուն, ձեր կողքին ենք նաեւ յանուն Հայաստանի ապագային` հիմա, երբ կը կերտուի անոր պատմութեան նոր էջը, որ պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ բարագաւաճման էջ»,- կ՛ըսուի Ֆրանսայի նախագահի նամակին մէջ:

Էմանուէլ Մաքրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսան եւ Հայաստանը ձեռք-ձեռքի տուած հպարտ են իրենց բարեկամութեամբ եւ վստահ՝ ապագայի հանդէպ: