image
Հրատապ լուրեր:

Նստէք բանակցութեան սեղան. Օճալան անսպասելի յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ

Նստէք բանակցութեան սեղան. Օճալան անսպասելի յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ

Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտալլա Օճալան, որ տարիներէ ի վեր կը մնայ արգելափակուած, ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց, յատկապէս Սուրիոյ քիւրտերուն վերաբերեալ:

Օճալան կոչ ըրաւ Սուրիոյ քիւրտերուն վերջ տալու հակամարտութեան եւ նստելու բանակցութեան սեղան:

Նշենք, որ Ապտալլա Օճալանի այս յայտարարութիւնները առաջինն են վերջին տարիներուն եւ ան երկար ժամանակէ ի վեր յայտարարութիւններ չէր կատարեր:

Յիշեցնենք նաեւ, որ անոր յայտարարութիւնը բուռն քննադատութիւններու արժանացաւ Սուրիոյ քիւրտերուն կողմէ, որոնք այսօր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կը համարուին զինուորական կարեւոր գործօն հանդիսացող քաղաքական ուժ մը: