image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ ընտրութիւններու արդիւնքները չեղեալ համարուեցան. Յունիսին նոր ընտրութիւններ

Թուրքիոյ ընտրութիւններու արդիւնքները չեղեալ համարուեցան. Յունիսին նոր ընտրութիւններ

Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական մարմինը Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններ իրականացնելու որոշում կայացուցած է այն բանէն ետք, երբ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը վիճարկած է քուէարկութեան արդիւնքները՝ կը յայտնէ Anadolu-ն։

Նշենք, որ ընտրութիւններու արդիւնքներով յաղթեած է ընդդիմադիր Ազգային հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն։

Բարձրագոյն ընտրական մարմինը երկուշաբթի օր ԱԶԿ-ի օգտին որոշում կայացուցած է եւ չեղարկած է 31 մարտին կայացած տեղական ընտրութիւններու արդիւնքները Պոլսոյ մէջ։ Կրկնակի ընտրութիւնները պիտի իրականացուին 23 յունիսին։

ԱՀԿ-ն յայտարարած է, որ մենատիրութիւնը որոշած է կրկին ընտրութիւններ իրականացնել։ «Կարելի չէ յաղթել ԱԶԿ-ին»,- Twitter-ի իր էջին գրած է կուսակցութեան փոխնախագահ Օնուրսալ Ատիկուզէլը։ «Այս համակարգը, որ կը մերժէ ժողովուրդի կամքը եւ կ՛անտեսէ օրէնքը, ո՛չ ժողովրդավարական է, ո՛չ օրինական։ Սա սովորական մենատիրութիւն  է»,- ըսած է ան։