image

Պայթում Հալէպի «Ալ Քալլաս » թաղամասին մէջ.Պատճառը ելեկտրական շարժակ մըն է

Պայթում Հալէպի «Ալ Քալլաս » թաղամասին մէջ.Պատճառը ելեկտրական շարժակ մըն է

Քիչ առաջ պայթում մը արձանագրուած է Հալէպի «Քալլաս» թաղամասին մէջ։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Շապաքաթ  Ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումը հետեւանք է թաղային ելեկտրական շարժակի անսարգութեան։

Պայթումը  պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ եւ դէպքի վայրը յառաջացած է հրդեհ մը։

Մարդկային  կորուստներու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։

Նշենք, որ «Ալ Քալլաս» թաղամասը կը գտնուի Հալէպի հանրայայտ «Թէլէֆոն հաուայի» շրջանին մէջ։