Քիչ առաջ պայթում մը արձանագրուած է Հալէպի «Քալլաս» թաղամասին մէջ։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Շապաքաթ Ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ պայթումը հետեւանք է թաղային ելեկտրական շարժակի անսարգութեան։
Պայթումը պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ եւ դէպքի վայրը յառաջացած է հրդեհ մը։
Մարդկային կորուստներու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։
Նշենք, որ «Ալ Քալլաս» թաղամասը կը գտնուի Հալէպի հանրայայտ «Թէլէֆոն հաուայի» շրջանին մէջ։