image

Այսօր իր լրումին կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 104 -րդ տարելիցը

Այսօր իր լրումին կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 104 -րդ տարելիցը

Հակառակ որ ապրիլ 24-ը կը համարուի որպէս Հայոց ցեղասպանութեան օր, սակայն հայերու ջարդերը սկսած են դեռ 19-րդ դարու վերջին, երբ 1892-1923 թուականներուն Թուրքիոյ կառավարող շրջանները` սկիզբը  Համիտեան Թուրքիան, ապա Երիտթուրքերու կառավարութիւնը կազմակերպեցին ցեղասպանութիւն, որու հետեւանքով  զանգուածային տեղահանութեան ենթարկուեցաւ եւ բնաջնջուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու հայ բնակչութիւնը։

Առաջին փուլով բանակ զօրակոչուած 15-45 տարեկան բոլոր հայ տղամարդիկ, աւելի ուշ` զինաթափուեցան ու սպանուեցան իրենց թուրք զինակիցներու կողմէ, ապա  թուրք ջարդարարները սկսան կոտորել անպաշտպան մնացած հայ բնակչութիւնը՝ գերազանցապէս կիներ, ծերունիներ եւ երեխաներ։ Կազմակերպուեցաւ մասսայական բռնագաղթ, աքսոր եւ ջարդ։ Հայերուն կա՛մ կը ստիպէին ուրանալ քրիստոնեութիւնը, կա՛մ կը սպանէին, կա՛մ կը ստիպէին բռնել գաղթի ուղին։ Արեւմտեան Հայաստանի ողջ մնացած հայերը բռնագաղթեցին Միջագետքի անապատներ, հիմնական՝ Տէր Զօր, ուրտեղ եւ բնաջնջուեցան։

Գլխատուած է մտաւորականութիւնը. 24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած եւ աքսորի ճամփուն սուրի մատնուած են 600 հայ մտաւորականներ, վիճակագրական տուեալներու համաձայն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորուած է 66 քաղաքներու եւ մօտ 2500 գիւղերու հայ բնակչութիւնը՝ մօտ 1,5 միլիոն մարդ։ Թալանուած եւ աւերուած է 2350 եկեղեցի ու վանք։ Ոչնչացուած է 1500 դպրոց ու վարժարան։

1919-1920 թուականներուն Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին հրապարակուած է հայութեան պատճառուած վնասի չափը՝ 14 միլիառ 598 միլիոն 510 հազար ֆրանք արեւմտահայութեան, իսկ արեւելահայութեան՝ 4 միլիառ 532 միլիոն 472 հազար ֆրանք:

1965 թուականէն սկսեալ ամէն ապրիլ 24-ի վաղ առաւօտեան մարդկային հոսքերու հիմնական ուղղութիւնը Հրազդան կիրճի մօտ գտնուող Ծիծեռնակաբերդ բլուրն է, դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած 44-մեթրանոց քարակոթողը, ուր անմար կրակի մօտ առաւօտէն սերունդէ սերունդ ծաղիկներ կը դնեն Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու՝ մեր նախնիներու յիշատակին:

Յուշարձանի 12 քարակոթողները կը խորհրդանշեն մեր կորսնցուցած 12 գաւառները, որոնք այժմ կը գտնուին ժամանակակից Թուրքիոյ կազմին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը սկիզբ առած է Խորհրդային միութեան տարիներէն, եւ առաջինը անգամ այն ճանչցած է Ուրուկուայը 1965 թուականին: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 27 երկիր։ Պետութիւններէն բացի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ` Եւրոպական միութիւնը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եվրոպական շարժումը, Եկեղեցիների համաշխարհային միությունը և այլն: Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած են ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մօտ հարիւր նահանգ, նահանգային խորհրդարաններ եւ այլ կառոյցներ: