image

Կարեւորը 24 Ապրիլէն ետք է. Խաժակ Այնթէպլեան

Կարեւորը 24 Ապրիլէն ետք է. Խաժակ Այնթէպլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ  հասարակական գործիչ՝ Տօքթ. Խաժակ Այնթապլեանը:

Ըստ  լիբանանահայ  գործիչին  հայութիւնը 25 Ապրիլին  «ռիսթարթ»  ապրելու փոխարէն  «շաթ տաուն» վիճակի կը մատնուի։

 

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք 24 Ապրիլի օրը, այն ի՞նչ իմաստներ ունի եւ մենք այսօր, ձեր կարծիքով, ուր ենք այդ իմաստներէն:

24 Ապրիլի  իմաստը ժամանակի ընթացքին տարբեր հանգրուաններէ անցած է։ Անցեալին  24 Ապրիլը, սգատօն էր, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կ'ապրէր այն սերունդը, որ կորսնցուցած էր իր հարազատները եւ ինք հազիւ կրցած էր փրկուիլ ցեղասպանութենէն: Ցեղասպանութեան առաջին սերունդը  24 Ապրիլը  կը նշէր ինքն իր համար, սգալու համար իր կորուստները, անկէ ետք սակայն եկաւ ժամանակ մը, երբ այդ վիշտը սկսաւ ապաքինուիլ,  եւ նոյն այդ սերունդը սկսաւ մտածել, որ 24 Ապրիլը պէտք է վերածել պահանջատիրութեան օրուան։ Այդպիսով, 24 Ապրիլի  իմաստը կամաց-կամաց սկսաւ վերածուիլ պահանջատիրութեան: Այս մէկը թերեւս 1960-ական թուականներէն ետք եղաւ, երբ արդէն նոր սերունդ մը մէջտեղ եկած է։ Ատկէ ետք էր նաեւ, որ    հայութեան   յատկապէս   երիտասարդ   խաւը  տարբեր միջոցներու դիմեց եւ յաջողեցաւ  պահանջատիրութեան ձայնը   բարձրացնել։ Ըլլայ   այդ մէկը զինեալ պայքարի միջոցով խուլ աշխարհը արթնցնելով, ըլլայ հայկական հարցը քաղաքական բեմերու վրայ  լսելի դարձնելով, եւ պէտք է ըսել, որ ադ սերունդը պահանջատիրական պայքարը արժանապատիւ ձեւով կատարեց, փառք ու պատիւ իրենց: 

Անշուշտ մեզի համար  շատ ուղենշային էր  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը,   երբ  ամբողջ     հայութիւնը  կարողացաւ  այդ     տարեթիւը  ամփոփել երկու խորիմաստ բառերու մէջ՝ ՅԻՇԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ:

 

-Ձեր կարծիքով, նոր սերունդը ինչպէ՞ս կը մօտենայ 24 Ապրիլ-ին: Միայն այդ օրն է, որ կը յիշէ՞ պահանջատիրութեան մասին: Եւ առհասարակ, ձեր կարծիքով Միջին Արեւելեան երիտասարդութիւնը իր ընկալումներով տարբեր է աշխարհի հայ երիտասարդութենէն։

Մեզի  նախորդող    սերունդները յաջողեցան շատ ճիշդ ձեւով Ցեղասպանութեան հարցը հասցընել կարեւոր հանգրուանի մը, սգատօնէն, անցան պահանջատիրական փուլէն եւ  մեզ ալ հասցուցին յիշելու եւ պահանջելու հանգրուանին: Այսօր   հայ  երիտասարդութեան  համար  պայքարի դաշտը տարբեր բնոյթ ունի, առաջ կար զինեալ պայքար, կար պատրաստակամ երիտասարդութիւն։Այսօր  երիտասարդութեան աշխատանքը ամբողջութեամբ տարբեր է, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի պայմանները փոխուած են, որեւէ մէկ ժողովուրդ, որեւէ մէկ նման հարցի պարագային տարբեր միջոցներու  պէտք ունի, եւ բնականաբար, ամէնէն կարեւոր միջոցը լրատուամիջոցներն են, այսօր ամենամեծ զէնքը եղած է մետիան, մամուլը, համացանցը, եւ մենք այս առումով դժուարութեան առջեւ ենք, մեր նոր սերունդը միջոցներ չունի այդ զէնքը օգտագործելու, այդ մետիան օգտագործելու: Այդ պատճառով ալ հանգրուանի մը հասած ենք, որ քիչ մը շուարած մնացած ենք, ատոր համար է, որ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, նոր սերունդը հիմա թերեւս կը բաւարարուի ոգեկոչելով 24 Ապրիլը ,իսկ անկէ անդին պատրաստակամութիւնը կայ, բայց գործելադաշտը չկայ, միջոցները չկան:

Իսկ ինչ տարբերութիւն ունի Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը, ամբողջ աշխարհի երիտասարդութենէն, նախ ըսենք, որ արեւմտահայութեան աշխարհով սփռուած երիտասարդութեան հիմնական արմատները կու գան Միջին Արեւելքէն։ Թերեւս եւրոպական կամ ամերիկեան երկիրներուն մէջ ապրողները ունին աւելի մատչելի միջոցներ, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ պայմանները աւելի դժուար են, մանաւանդ որ այստեղ կան տարբեր խնդիրներ, կայ պատերազմական վիճակ եւ  մանաւանդ տնտեսական ահաւոր տագնապ, որուն պատճառով ալ կամաւոր աշխատանքը՝ ծառայելու համար հայ դատին, դժուարացած է. իսկ այսօր որեւէ մէկ դատ կը պահանջէ մասնագիտական մօտեցում: Այդ պատճառով, ես սերունդը չեմ մեղադրեր ընդհանրապէս, որ 24 Ապրիլէն  անդին շուարած է եւ իր ընելիքը, իր ճամբան չի կրնար գտնել։

Իսկ հայ երիտասարդութեան միւս հատուածը արեւելահայութիւնն է: Արեւելահայութիւն երբ կ'ըսենք, միայն Հայաստանի երիտասարդութիւնը չէ, որ նկատի կ'ունենանք, այստեղ կայ նաեւ պարսկահայութիւնը: Պարսկահայութիւնը, ինչպէս գիտէք, տարբեր պատմութիւն ունի, ունեցած  է տարբեր խնդիրներ, տարբեր դժուարութիւններ, բայց Ցեղասպանութենէն ետք պարսկահայ երիտասարդութիւնը ամբողջովին նուիրուեցաւ պահանջատիրական պայքարին, փաստը՝ զինեալ պայքարին իրենց մասնակցութիւնն է  եւ  հայ դատին, հայկական հարցի քաղաքական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնն է:

Հայ երիտասարդութեան միւս մասնիկը  Հայաստանի երիտասարդութիւնն է, որ ան ալ տարբեր հանգրուաններէ անցած է :

Մեր ամենացաւոտ խնդիրը այն է, որ մենք տակաւին չենք յաջողած երիտասարդութեան տարբեր հատուածները իրար մօտեցնել, իրար հետ  շաղել, միախառնել, եւ այդ մէկը ձգուած է ձեւով մը ժամանակին եւ բախտին: Ճիշդ է, շատ մեծ աշխատանքներ կատարուած են, կամ  կը կատարուին, բայց յստակ աշխատանք մը, յստակ ծրագիր մը չկայ այս ուղղութեամբ: Իսկ 24-ը կամ Ցեղասպանութիւնը ինքը կրնայ ըլլալ այս երիտասարդները իրար միացնողը: Իսկ՝ ինչպէս՞, երբ որ ստեղծուի գործելադաշտ եւ ձեռնարկուի երիտասարդական քատրերու պատրաստութիւն: Այս մէկը կարելի է ընել Հայաստանի մէջ, տարբեր շրջաններու հայ երիտասարդութիւնը իրար մօտ հաւաքելով եւ պատրաստելով  մասնագիտական խումբեր, իւրաքանչիւրին տալ իր աշխատանքը, որեւէ ասպարէզի մէջ գործելու, ըլլայ լրատուամիջոցներու մէջ, ըլլայ քաղաքական բեմերու դաշտին մէջ։


-Ձեր կարծիքով  այսօր Հայաստանի հասարակութիւնը ինչպէ՞ս կը նշէ այս օրը, դուք բաւարարուած էք Հայաստանի ժողովուրդին մօտեցումով:

Ես մի քանի անգամ ներկայ եղած   24 Ապրիլի  Երեւանեան  ոգեկոչումներուն, մանաւանդ 90-ականներուն, երբ այնտեղ ուսանող էի, ու կրնամ  վկայել  որ Հայաստանի ժողովուրդը մեծ շուքով կը նշէ 24 Ապրիլ-ը եւ իր յարգանքը կը մատուցէ  Մեծ Եղեռնի զոհերուն:

Ժողովուրդին մօտեցումը միշտ լաւ է, ժողովուրդին մօտեցումը երբեք սխալ չի կրնար ըլլալ, կարեւորը պետական մօտեցումն է: Պետական մօտեցումն է, որ ես տակաւին մինչեւ հիմա սխալ կը տեսնեմ, 90-ականներէն մինչեւ այսօր, մինչեւ նոր իշխանութիւնները՝ ցուցաբերուած մօտեցումը տակաւին ճիշդ չէ:

Ի՞նչ եղած է պետութեան սխալը: Ըսեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, իր ուսերուն վրայ կը տանէր արեւմտահայութիւնը, մինչեւ այսօր ալ տակաւին հիմնական բեռը արեւմտահայութեան ուսերուն վրայ է, եւ Հայաստանի պետութեան սխալը այս հարցին մէջ է: Ինքը՝ Պետութիւնը, ճիշդ պէտք եղած ձեւով չնպաստեց, մինչեւ այսօր ալ տակաւին չի նպաստեր Ցեղասպանութեան ճանաչման  եւ իրազեկման  աշխատանքներուն, իսկ այսօր աշխարհը աւելի շատ Հայաստանի պետութեան հետ կը գործակցի, քան, ըսենք, սփիւռքի: Բայց ինչ արդիւնքի որ մինչեւ հիմա  հասած է Ցեղասպանութեան ճանաչումը, տակաւին արեւմտահայութեան աշխատանքներով է, որ   կատարուած է։

Գալով նոր իշխանութիւններուն, յեղափոխութենէն ետք, ճիշդ է որ իշխանութիւնները հիմա աւելի շատ մխրճուած են Հայաստանի ներքին խնդիրներուն , տնտեսական բարելաւումներու հարցին մէջ, բայց տակաւին  ցայսօր  այս իշխանութիւնները յստակ դիրքորոշում մը չյայտնեցին հայկական հարցին վերաբերեալ։ Ընդհակառակը, նոր իշխանութիւնը կամաց-կամաց ձեւով մը սկսաւ ինքզինքը սփիւռքէն հեռացնել, օրինակ՝ սփիւռքի նախարարութեան փակումով, որ, նոյնիսկ եթէ ճիշդ քայլ էր իրենց համար, այդ քայլէն յետոյ ուրիշ քայլեր չառնուեցան, որ սփիւռքահայութիւնը կամ արեւմտահայութիւնը ինքզինք ձեւով մը կապուած զգար Հայաստանին կամ ապահով զգար: Իսկ իմ կարծիքով, ճիշդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ էր, որ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ընելիք ունէր, որ սակայն այդքան ժամանակ ոչինչ ըրաւ, իսկ հիմա յեղափոխութիւնը եկաւ եւ փակեց այդ նախարարութիւնը։ Հաւանական է, որ   24 Ապրիլ-ի օրը  ՀՀ վարչապետը իր իշխանութիւններուն դիրքորոշումը յայտնէ, բայց ըսեմ որ ուշ է. առնուազն իշխանութեան համար ներելի չէ միայն 24 Ապրիլ օրով  բաւարարուիլ։

 

-24 Ապրիլ-էն ետք մենք յաճախ կը մոռնանք Ապրիլ 25-ը, որ կարեւոր ուղենշային օր է, նոր սկիզբի մը իմաստը կը կրէ իր մէջ: Ինչքանո՞վ ճիշդ է մեր  դիտարկումը եւ արդեօք ինչքանո՞վ մենք հասկցած ենք այդ մէկը, եթէ անշուշտ կը բաժնէք այդ գաղափարը:

Լիուլի կը բաժնեմ  ձեր գաղափարը, որ Ապրիլ 25-ը նոր օր է, նոր սկիզբ է, ձեւով մը «ռիսթարթ»ի օր է, բայց ինչքանով մենք յաջողած ենք այդ մէկը ընկալել: Դժբախտաբար, ես կը տեսնեմ որ՝ չենք յաջողած։ Ընդհակառակը, 24 Ապրիլ-ի գիշերը  մենք արդէն ոչ թէ «ռիսթարթ» կ'ըլլանք, այլ ձեւով մը «շաթ տաուն» կ'ըլլանք, այսինքն՝ կը մարինք: Եւ ճիշդ հոս է հարցի լուծումը,  25 Ապրիլը վերածել «ռիսթարթի», այսինքն՝ 24 Ապրիլին ոգեկոչումը կատարել, պահանջատիրական ձեռնարկներ ընել, իսկ  25 Ապրիլին անցնիլ աշխատանքի:

Իսկ ո՞ւր է աշխատանքը.խնդիրն այն է,  որ  աշխատանքի դաշտը չկայ, քիչ առաջ ինչպէս նշեցի, այսօր  գործելադաշտը գոյութիւն չունի: Եթէ այդ գործելադաշտը ստեղծուի, արդէն մենք Ապրիլ 25-ին ահագին ընելիք կ'ունենանք: Ճիշդ այս նպատակին համար, մենք պէտք է այստեղ ոչ մէկ տարակարծութիւն ունենանք: Ցեղասպանութեան հարցին մէջ տարակարծութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ, ոչ Հայաստանի իշխանութեան  եւ ոչ ալ  ընդդիմութեան  միջեւ, ոչ Հայաստանի եւ  ոչ ալ  սփիւռքի միջեւ. այս հարցին մէջ մենք անպայման  պէտք է յաջողինք, տարակարծութիւնները պէտք է մէկդի  դնենք  անցնինք   գործի։