image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքը իր գոյութիւնը կը պարտի հալէպահայութեան . Վերա Եագուպեան

Սփիւռքը իր գոյութիւնը կը պարտի հալէպահայութեան . Վերա Եագուպեան

 «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու ՝Վերա Եագուպեանը:

 

-Տիկին Եագուպեան վերջերս  կարճատեւ այցելութիւն մը տուիք Հալէպ, ի՞նչ այցելութեան գլխաւոր նպատակը։

Հրաւէրը աշխատանքային բնոյթ ունէր: Իբրեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու ընդհանրապէս կ'այցելեմ տարածաշրջանի այն երկիրները, ուր մենք ունինք գաղութներ եւ հայ դատի յանձախումբեր:

Հալէպի այցելութիւնը այս հանգրուանին ունէր իւրայատուկ բնոյթ, այն իմաստով, որ  այցը առաջինն էր  Սուրիոյ պատերազմէն եւ Հալէպի ազատագրումէն ետք: Ես ընդառաջեցի Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրին եւ մասնակցեցայ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու միօրեայ աշխատանքային խորհրդաժողովին:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած հայ դատի յանձախումբերու ներկայացուցիչներ՝ Հալէպէն, Դամասկոսէն, Քեսապէն, Լաթաքիայէն եւ Գամիշլիէն:

 

-Վստահաբար շփուեցաք հալէպահայ համայնքի    գործիչներու   հետ, յատկապէս Հայ դատի ոլորտին մէջ, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

Այցելութիւնը առիթ մըն էր մօտէն շփուելու Հալէպի մեր ընկերներուն եւ յատկապէս Հայ Դատի ոլորտին մէջ աշխատող երիտասարդներուն հետ: Պէտք է ըսել, որ ժողովը շատ յաջող ընթացաւ: Երիտասարդ ընկերները մեծ աշխոյժութիւն, խանդավառութիւն եւ լրջութիւն ցուցաբերեցին տարբեր հարցերու նկատմամբ: Անոնք բաւական ծանօթ էին հարցերուն, մօտէն կը հետեւէին անցուդարձերուն, այսինքն, մէկ խօսքով, տրամադրութիւնները բարձր էին եւ պատրաստ էին աշխատանքի:

 

-Նախապատերազմեան օրերուն վստահաբար   այցելած էք Հալէպ։  Ի՞նչ  տարբերութիւններ  նկատեցիք  նախապատերազմեան  Հալէպի  եւ այսօրուան Հալէպի միջեւ։ Այս հարցումը կ'ուղղեմ, որովհետեւ դուք նաեւ ականատես եղած էք Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմին: Արդեօք այդ ընդհանուր պատկերը ինչ որ կերպ ձեզի կը յուշէ՞ր Լիբանանի մօտիկ անցեալը:

Բազմիցս եղած եմ Հալէպ պատերազմէն առաջ: Բնականաբար պատերազմը շատ բան փոխած է գաղութին մէջ։  Երեւելի փոփոխութիւններ կան, հայերու  ընդհանուր թիւին    եւ  մարդուժի նօսրացումին  վերաբերեալ։ Երէկուան կայուն   գաղութը     մատնուած է անկայուն վիճակի։ Իսկ եթէ ուզենք վերադառնալ 2 կամ 3 տասնամեակ առաջ եւ պատկերացնենք այդ օրերու աւերուած Լիբանանը, ապա կը համոզուինք, որ անկասկած, Սուրիան ալ  այս  թէժ  պատերազմէն  ետք նոյնպէս պիտի վերականգնի: Սակայն հոս ունինք էական եւ շատ զգայուն խնդիր, գաղութը թիւի իմաստով պիտի չվերադառնայ նախկինին, բայց կամք եւ կամեցողութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը ամէն ճիգ պիտի թափէ ոտքի կանգնելու եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը:

 Այստեղ կ'ուզեմ նշել գնահատելի եւ յատկանշական երեւոյթ մը,  որ այսքան  տարի  ծանր   պայմաններու   մէջ  գտնուելէ  ետք, սուրիահայութիւնը նոյնիսկ ռմբակոծումներու տակ անմասն չմնաց ցեղասպանութեան 100 ամեակի    նշման նախաձեռնութիւններէն։

 Ինչպէս նաեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին իր ֆիզիքական եւ նիւթական ներդրումը բերելով,  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 100 ամեակին նուիրուած  իր ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ  Արցախի եւ  Ջաւախքի   ի նպաստ    կատարուած նիւթական  նեցուկով: Այս մէկը ոչ թէ ենթադրել կու տայ, այլ կը վստահեցնէ, որ Հալէպ եւ Սուրիոյ մնացեալ գաղթօճախները անվարան կերպով  պիտի  շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։  Այս   բոլորին վրայ    պէտք է աւելցնել,   որ այսօր Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի մէջ    ունինք   պատերազմի   դառն  փորձառութիւնը     ապրած   երիտասարդութիւն, որ     յանդուգն    եւ լուրջ  մօտեցումներով  պիտի մասնկացի  գաղութի գաղութի   վերականգնման  աշխատանքներուն:

 

-Ինչպիսի՞ն էր մեր  հայրենակիցներուն տրամադրութիւնը, մանաւանդ որ պատերազմէն նոր ելած են եւ զարմանալի, նոյնիսկ գնահատելի ճիգ մը ըրած են, որպէսզի Հայ Դատի օրակարգով  ժողով մը գումարեն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ  մասին:

Գնահատելի ճիգ կայ մեր ընկերներուն մօտ, բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ ոչ միայն Հայ Դատի ոլորտին մէջ: Հակառակ գաղութի կիսաքանդ վիճակին, ճիգը բացայայտ է. ամէն գնով վերականգնել, վերակառուցել եւ փորձել  գաղութը վերադարձնել իր նախապատերազմեան վիճակին:

Պիտի ըսէք, որ դժուար է: Այո՛, դժուար գործ է, բայց ոչ անկարելի: Հայութիւնը դարերու ընթացքին շատ անգամներ  ապրած է նման վիճակներ եւ ապա վերականգնած: Հալէպը որպէս կեդրոնական գաղութ, եղած է ոչ միայն սուրիահայութեան սիրտը, այլ նաեւ սփիւռքի սիրտը: Իսկ Հայ Դատի պայքարին համար Հալէպը կենսական նշանակութիւն ունի: Հետեւաբար ան կարիքը ունի մեր բոլորի ճիգերուն:

Աւելին, Սփիւռքը իր գոյութիւնը կը պարտի հալէպահայութեան, այն աշխոյժ եւ պատմական գաղութին, որ 1915-ին  ունեցաւ գլխաւոր դեր՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Սուրիա կայք հաստատած մեր հայրենակիցները թրքական հալածանքներէն պահպանելու գործին մէջ:

Ուրեմն, Հայ Դատի թեմայով ժողովի գումարումը, ապա յաջորդ շաբթուան ընթացքին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Հալէպ այցելութիւնը, ու նաեւ  գաղութի      վերակառուցման  անհրաժեշտութեան մասին եղած   յայտարարութիւնները կը նշանակեն, որ սուրիահայութեան   յանձնառու է հայ ժողովուրդին եւ հայ դատին:

-Վերջերս կը նկատենք, որ արաբական միջավայրին մէջ, տարբեր երկիրներու մէջ հայկական օրակարգի վերաբերեալ որոշ հետաքրքրութիւն մը կայ, արդեօք այս հետաքրքրութիւնը ինչ որ քաղաքական լուրջ միաւորի կը վերածուի՞: Այս հարցումը կ'ուղղեմ, որովհետեւ դուք երկար ժամանակէ ի վեր ծանօթ էք արաբական միջավայրին, տարբեր կողմերու հետ կը գործակցիք, գիտէք, որ այս բոլորը լուրջ դրական միաւորներ կու տան հայ դատի պահանջատիրութեան կամ ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին առընթեր:

Ճիշդ է, վերջերս արաբական աշխարհին  մէջ, այդպիսի  ալիք մը սկսած է եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին շուրջ: Այս ալիքը սկսաւ Եգիպտոսի մէջ, երկու տարի առաջ, երբ Եգիպտոսի քաղաքական ու լրատուական շրջանակներ, յատկապէս Արաբական գարնան յաջորդող տարիներուն, սկսան խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին: Նոյնը պատահեցաւ ԱՄԷ-ներու մէջ, երբ արաբական թերթեր այս հարցը արծարծեցին եւ պահանջեցին, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելին, վստահ որ նկատեցիք անցնող շաբաթներուն ԱՄԷ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանի մէջ դեսպաններուն այցելութիւնը  Անթիլիաս ու անոնց  հանդիպումները Վեհափառ  հայրապետին  ու նաեւ   յարգանքի  տուրք մատուցելը  ՝ Ցեղասպանութեան նահատակներուն։

Ասոնք դրական նշաններ են, կը խանդավառեն մեր ժողովուրդը, բայց եւ այնպէս կը թելադրեն, որ զգուշութեամբ մօտենանք այս հարցերուն:

Ինչո՞ւ այսպէս կ'ըսեմ, որովհետեւ  արաբական աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային միջավայրին մէջ,  կրօնքը մեծ դերակատարութիւն ունի  եւ  ժողովուրդները   միացնող  գործօն կը հանդիսանայ։Նաեւ պէտք չէ անտեսել այն իրողութիւնը, որ արաբական աշխարհի եւ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող կրօնական եւ տնտեսական կապերը շատ զօրաւոր են եւ ազդեցիկ: Արաբական բոլոր երկիրները, ինչքան ալ Թուրքիոյ հետ թշնամական դիրքերու վրայ ըլլան այսօր, տեղ մը կը միանան կրօնքով ու տնտեսական ամուր կապերով: Հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ սպասել: Չենք կրնար ըսել, որ եղածը  միայն «շոու» է, բայց պէտք է պատրաստ ըլլալ կացութեան ամէն ձեւի փոփոխութեան:

Մեր պարտականութիւնն է, որպէս Հայ Դատի գրասենեակ եւ յանձախումբեր, ամէն ձեւի օժանդակութիւն տրամադրել հայութեան իրաւունքները պաշտպանող արաբական երկիրներուն, բայց միաժամանակ մնալ զգոյշ:

Ամէն պարագայի Եգիպտոսի, ԱՄԷ-ի, Սէուտական Արաբիոյ կամ Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ որեւէ յայտարարութիւն անպայման կը նպաստէ քարոզչական մեր աշխատանքներուն եւ նեղ կացութեան կը մատնէ Թուրքիան:

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը վտանգուած է. Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ մեծ տեղաշարժեր տեղի կ'ունենան . ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ապահովական առումով փոքրամասնութիւնները յայտնուած են բաւական մտահոգիչ դրութեան մը մէջ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս ամբողջ դրութիւնը:

Այո, անշուշտ ֆիզիքապէս այս գաղութները վտանգուած են միշտ: Ասիկա նոր երեւոյթ չէ, այլ յաճախ կրկնուող վիճակ է շրջանի ապահովական եւ ընկերային իրադարձութիւններուն որպէս հետեւանք: Սակայն հակառակ այս վիճակին, Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութները՝ Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Իրաք, Եգիպտոս եւ այլն միշտ առաջին գիծի վրայ գտնուած են, հայաստանեան, արցախեան եւ համահայկական տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներուն  ընդառաջ եւ 88-ի  երկրաշարժէն մինչեւ Արցախեան պատերազմ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն մինչեւ Հայաստանի անկախացում Միջին Արեւելքի հայը միշտ առաջին գիծի վրայ ներկայ եղած է:

Կ'ուզեմ կրկնելու գնով յիշեցնել Լիբանանի պարագան, երբ այդ օրերուն պատերազմական ծանր վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ Լիբանանը ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս առաւելագոյն մասնակցութիւնը բերող գաղութներէն մէկը հանդիսացաւ  եւ իր  երեւելի ներդրումը   բերաւ Հայաստանին ու Արցախին ։Նոյնը կրնանք ըսել Իրանի եւ Սուրիոյ մասին:

Ի տարբերութիւն արեւմուտքի գաղութներու   ունեցած ընկերային եւ  տնտեսական  բարւոք  վիճակներուն, Միջին Արեւելքի գաղութները անսակարկ յանձնառութիւն ցուցաբերած են հայապահպանումի, պահանջատիրութեան եւ հատուցման օրակարգերուն  առընթեր։



-Միջին Արեւելքի մասին խօսելով, կը նկատենք, որ Լիբանանի մէջ ալ որոշ տեղաշարժեր կան՝ սուրիացի փախստականներու խնդիր, Սուրիոյ ամբողջականութեան հարց, Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ արաբական ամպարկօ: Այս առումով հայութիւնը ի՞նչ դիրքորոշում պէտք է որդեգրէ, յատկապէս որ հայութիւնը կարեւոր  բաղադրիչ տարր է ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Լիբանանի մէջ:

Նախ ըսեմ, որ մենք այս երկիրներուն մէջ համահաւասար քաղաքացիներ ու ամէն ձեւի ազատութիւն վայելած   համայնք ենք։ Առանց արգելքի կառուցած ենք եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, բարեսիրական եւ մշակութային տուներ եւ ունեցած ենք ինքնիշխան գործելու հնարաւորութիւններ: Դպրոցական մեր համակարգին մէջ մեր լեզուն, մշակոյթն ու պատմութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու ամէն տուեալ եւ ազատութիւն շնորհուած է մեզի: Հետեւաբար ե՛ւ պատերազմը, ե՛ւ տեղաշարժը, ե՛ւ տնտեսական ու ընկերային տագնապները համահաւասար կերպով պէտք է կրել, ինչպէս բոլոր քաղաքացիները:

Այնպէս ինչպէս 100 տարի առաջ տարածաշրջանի արաբները գրկաբաց ընդունած եւ եղբայրական մօտեցում ցուցաբերած են մեզի, մենք ալ պէտք չէ խորթ աչքով եւ անտարբերութեամբ հետեւինք այսօրուան պայմաններուն, ստեղծուած տեղաշարժերուն: