image
Հրատապ լուրեր:

Notre Dame-Ի հրդեհ. Ըստ ֆրանսացի նախարարին տաճարը փրկուած է աղէտէ

Notre Dame-Ի հրդեհ. Ըստ ֆրանսացի նախարարին տաճարը փրկուած է աղէտէ

Հրդեհէն վնասուած Փարիզի Աստուածամօր տաճարը գրեթէ ամբողջովին փրկուած է աւերման վտանգէն, յայտարարած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանք Ռիեսթըրը: «Նոթր Տամը ներկայիս գրեթէ փրկուած է աւերումէ… Եւ այս հրաշալի նորութիւն է»,-յայտարարած է Ռիեսթըրը France2 հեռուստաալիքի եթերին:

Ան մանրամասնած է, որ շինութեան բոլոր անկաիւն մասերը եւ, յատկապէս, տաճարի արեւելեան ու արեւմտեան ճակատային մասերու գեղագիտական տարրերը, ինչպէս նաեւ հարաւային աշտարակը պաշտպանուած եւ կայունացուած են: «Մնացած է կամարը. այդտեղ դեռ կայ մի քանի անկիւն հատուած, եւ այդ պատճառով մշակոյթի նախարարութեան խումբը ձեռնարկութիւններու հետ միասին կ'աշխատի այդտեղէն շինարարական աղբը հեռացնելու ուղղութեամբ: Այդ գործի աւարտէն ետք հնարաւոր պիտի ըլլայ ըսել, որ Նոթր Տամը փրկուած է»,-նշած է նախարարը: