image

Տարածուած է Սրի Լանքայի ահաբեկիչներէն մէկուն տեսանիւթը (Տեսանիւթ)

Տարածուած է    Սրի  Լանքայի  ահաբեկիչներէն  մէկուն   տեսանիւթը (Տեսանիւթ)

  Ընկերային  ցանցերու վրայ  երէկ  ուշ  երեկոյեան ժամերուն    տարածուած  է  Սրի Լանքայի մայրաքաղաք  Գոլոմպոյի  մէջ  տեղի  ունեցած  ահաբեկչութիւնը    իրականացուց  ահաբեկիչին տեսանիւթը։

 

 Տեսանիւթիւն  մէջ (դիտել  ներքեւը)   երեւելի կը դառնայ,թէ  անձնասպանն ինչպէս կը մօտենայ  եկեղեցւոյ  գլխաւուր դուռին ու  հաւատացեալներու մօտէն անձնելով  մուտք կը գործէ եկեղեցի։   Կ՚երեւին  նաեւ անոր  կրած   ռումբերը, որոնք  տեղադրուած են ուսապարկին մէջ։

 

 Յիշեցնենք, որ  երէկ  արիւնալի  օր էր Սրի  Լանքայի մէջ,   տեղի  ունեցան  9    պայթումներ, եւ  ահաբեկչութեան հետեւանքով   զոհուածներու թիւը անցաւ     290-ը։

 Անվտանգութեան մարմիններ    հաստատեցին, որ   յաջողած են    ձերբակալել 24     կասկածելիներ, որոնց  հետ  հարցաքննութիւն   կը կատարուի։