image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպը կանգուն պիտի մնայ» Հալէպահայ մշակ Անդրանիկ Պօղոս

«Հալէպը  կանգուն պիտի մնայ» Հալէպահայ մշակ Անդրանիկ Պօղոս

-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի վիճակը այսօր։ Կը խօսուի, որ քաղաքը համեմատաբար դարձած է ապահով, սակայն կան, գոյութիւն ունին ընկերային-տնտեսական տագնապներ. ի՞նչ են հալէպահայերուն դիմագրաւած խնդիրները:

Եթէ մօտիկ անցեալին հետ համեմատենք, ապա պիտի հաստատեմ, որ ներկայիս պայմանները շատ աւելի լաւ են: Ես անձամբ լաւատես եմ եւ գիտեմ, որ մեր վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ շօշափելի տուեալներ կան այդ ուղղութեամբ: Այդ տուեալներէն են իշխանութեան կեցուածքը հայութեան նկատմամբ, մեր նախագահը իր նեղ շրջանակի հանդիպումներու ընթացքին, միշտ շեշտած է այն միտքը, թէ հայութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտութիւն է եւ շատ կարեւոր է երկրին համար, հայութիւնը Սուրիոյ, այսպէս ըսած, աղն է:

Յաճախ խօսած ենք, թէ մեր հայահոծ թաղամասերը իրենց դիմագիծը փոխած են, այո՛, ճիշդ է, որ դուռ-դրացիները այլեւս առաջուան մեր գիտցած դրացիները չեն, հայ չեն, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըսել, որ մեզի հետ ապրողները Սուրիոյ ապագայի նկատմամբ լաւատես մարդիկ են եւ ընդհանրապէս կը նախընտրեն մեր շրջաններուն մէջ, մեր հետ ապրիլ, քան թէ՝ ընդդիմադիր մարդոց, որոնց երկրին համար կործանարար եւ յետամնաց մարդիկ ըլլալը փաստուեցաւ: Այսօր մեր հայ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, զինուորութեան պատճառով լքեց երկիրը, բայց անոնք, որոնք պարտադիր ծառայութեան խնդիր չունին, լաւ աշխատանք ունին եւ ուրախ ու հանգիստ մնացին Հալէպի մէջ։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ 2014 թուականին, մեր՝ «Սարգիս Չէմպէրճեան Կրթասիրաց վարժարան»ի աշակերտութեան թիւը նուազած էր եւ ունէինք 400 աշակերտ, իսկ այսօր 720 աշակերտ ունինք: Անշուշտ բոլորը հայ չեն, սակայն գոնէ 700-էն 500-ը հայ են: Շատեր վերադարձան Լիբանանէն, Լաթաքիայէն եւ մաս մըն ալ ինչու չէ՝ Հայաստանէն: Տակաւին քանի մը օր առաջ հետս կապուեցաւ ընտանիք մը, որ շատոնց հեռացած էր երկրէն եւ ունի երեք զաւակներ, որոնք մոռցած են արաբերէն լեզուն: Վերադարձած են Հալէպ եւ դպրոց պիտի յաճախեն, իսկ մեր վարժարաններուն մէջ, բոլոր գիտական ու ընկերային ուսման առարկաները արաբերէնով կը դասաւանդուին։ Որպէս վարժարանի տնօրէն դիմեցին ինծի. ես ինչ կրնամ ըսել նման պարագային, չընդունի՞մ զիրենք: Այդպիսի իրաւունք չունիմ, մեր դռները բոլորին համար բաց են, իւրաքանչիւրը տարբեր խնդիրներ ունի եւ մենք միասնաբար պատրաստ ենք այդ խնդիրները յաղթահարելու: Նոյնիսկ կապուած եմ կըր-թութեան պետական ընդհանուր տնօրէնին հետ եւ ինք ինծի այդ իրաւասութիւնը տուած եւ ըսած է որ, դուն քու ըրածդ օրէնքի վերածէ եւ եթէ առարկող ըլլայ, թող իմ հետ խօսի: Ես նոյնիսկ ուսուցչական կազմին թելադրած եմ, որ անոնց հետ ըլլան համբերատար եւ այդ երեխաները երբեք նեղութիւն չզգան ու չմեղադրեն իրենց ծնողները Հալէպ վերադառնալու համար:

 

-Ձեր խօսքէն հասկնալի դարձաւ, որ Հալէպի թաղամասերը ձեւափոխուած են։ Խօսքը անշուշտ մարդագրական պատկերի ձեւափոխման մասին է։ Այս երեւոյթը մտահոգութիւն կ՚առթէ՞ ձեզի։


Ես կը կարծեմ, որ այս մէկը բնական երեւոյթ է: Երբ Հալէպի մէջ հայութեան թիւը 45 հազար էր եւ այսօր այդ թիւը նուազած է 13 հազարի, բնականաբար, այդ շրջաններուն մէջ դատարկ մնացած տարածքները օտարը պիտի գայ ու լրացնէ այդ պարապութիւնը։ Քու դրացիդ, նպարավաճառը, մսավաճառը արաբ պիտի ըլլան: Սակայն այդ մարդոց մօտեցումը Սուրիոյ իշխանութեան եւ նաեւ հայութեան նկատմամբ դրական է, ինչպէս որ ըսի, վախ չի յառաջացներ: Հետեւաբար այդ գծով մտահոգութիւն մը չունիմ: Օրինակ մը տամ. իմ բացակայութեան տունս հրդեհ ծագած էր եւ դրացիները, որոնց հետ միայն բարեւ ունիմ, կարծելով, որ ներսն եմ, բոլորը միասին փորձած են դուռը կոտրել, ներս մտնել, որպէսզի զիս ազատեն: Ստիպուած չէին, կրնային չընել: Մարդկային է անոնց մօտեցումը:

 

-Կրթասիրաց դպրոցը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէք, պատմական անցեալ ունեցող վարժարան է։ Այսօր եւ ութ տարի տեւած պատերազմէ ետք, ի՞նչ են ձեր խնդիրները, ի՞նչ դժուարութիւններու դէմ յանդիման էք այսօր: Այս հարցը կու տամ ի մտի ունենալով մանաւանդ, որ այսօր Հալէպն ու Հալէպի խնդիրները առաջուան նման համահայկական ուշադրութեան եւ հոգածութեան ենթակայ չեն։


Դժբախտաբար իրականութիւն է ձեր ըսածը եւ ես ցաւ ի սրտի կ՚ըսեմ, որ Հալէպին օժանդակութիւն տրամադրող որոշ բարերարներու կողմէ նման արտայայտութիւն եղած է, որ Հալէպը, որպէս հայ գաղութ վերջացաւ, մենք ինչու պէտք է հոն ծախսենք մեր գումարները, անոր փոխարէն Հայաստանի որեւէ մէկ գիւղին կրնանք աւելի օգտակար ըլլալ: Բայց ես կ՚ըսեմ հետեւեալը. Հալէպը մեծ գաղութ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ մեծ գաղութ եւ կանգուն պիտի մնայ: Ես այսպէս կ՚արտայայտուիմ, որովհետեւ համոզուած եմ եւ կը հաւատամ, որ այսօր նօսրացած Հալէպը, վաղը աւելի պիտի զօրանայ։

 

-Պր. Պօղոս, ձեր այս խօսքը որոշ հիմք մը ունի՞, թէ պարզ զգացական զեղում մըն է։

Մենք մեծ եղեռնի ենթարկուելէ ու բազմաթիւ զոհեր տալէ ետք, պատմական Հայաստանի մէջ,  այսօր Պոլսոյ մէջ որքա՞ն հայութիւն ունինք եւ ինչպէ՞ս կ՚ապրին անոնք, արդեօք անհետացա՞ն...: Այսօր մենք Պոլսոյ մէջ ունինք թերթեր, ունինք դպրոցներ, եկեղեցիներ, ունինք կրթական-մշակութային կեդրոններ: Նոյնն է պարագան Հալէպի մէջ ալ, ի վերջոյ մայր գաղութը պիտի մնայ եւ պիտի պահէ ինքզինք: Չորս ազգային նախակրթարաններ ունէինք, թիւը նուազեցաւ եւ մնաց միայն մէկ վարժարան՝ Ազգային միացեալ նախակրթարանը, բայց մնաց եւ զօրաւոր պիտի մնայ: Այսօրուան պայմաններով մենք Հալէպի մէջ ունինք չորս ճեմարան՝ Կրթասիրաց, Լազար Նաճարեան, Կիլիկեան եւ Քարէն Եփփէ՝ իրենց նախակրթարաններով եւ իրենց մանկապարտէզներով: Մեզ մտահոգողը այսօրուան պայմաններուն մէջ, այն է, որ մեր զաւակները Հալէպ գալով շարունակեն իրենց ուսումը, իրենց մայրենիէն հեռու չմնան, Հալէպի հայկական կրթօճախին դուռը պէտք է բաց մնայ հայ աշակերտին առջեւ, ատիկա ինծի համար պարտաւորութիւն մըն է: Ես անցեալ վերամուտի առթիւ հակիրճ խօսք մը արտասանեցի եւ ըսի, որ եթէ հարիւր տարի առաջ հայ մայրիկը մայրենին սորվեցնելու նպատակով Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ Այբուբենը սորվեցուց, ապա այսօր, հարիւր տարի ետք, մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր դռները փակել մեր աշակերտներուն առջեւ... ո՛չ նիւթական, ո՛չ այլ տեսակի պատճառաբանութիւններ արդարացի են, որպէսզի հայը հեռու մնայ իր մայրենիէն: Եւ մեր վարժարանի ամբողջ վարչական մարմինը գիտէ, որ եթէ դիմող աշակերտը հայ է, ուրեմն պիտի ընդունինք զինք, ոչ մէկ պատճառ կայ, նոյնիսկ եթէ միայն մայրը հայ է, կրկին կ՚ընդունինք աշակերտը, առանց երկմտելու, որովհետեւ մեր պարտականութիւնն է հայացնել զինք: Ըսեմ նաեւ, որ յաճախ ոչ-հայ աշակերտներ ալ կ՚ընդունինք եւ աւելի քան վստահ եմ, որ անոնք՝ ոչ-հայ ուսանողները ապագային մեզի՝ հայութեան համար կը դառնան դեսպաններ։ Այստեղ կ՚ուզեմ պատմել այդպիսի «դեսպան»ի մը մասին։ Ունէինք աշակերտ մը, որ մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան մեր վարժարանը յաճախեց եւ ապա Գանատա մեկնեցաւ: 24 ապրիլի առիթով հայերէն լեզուով գրած էր նամակ մը, որուն մէջ հետեւեալը ըսած է. «Վաղը 24 ապրիլ է, մենք պէտք չէ մոռնանք այդ տխուր դէպքերը, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը»։ Ես ասկէ աւելի ի՛նչ կրնամ սպասել ոչ-հայ երիտասարդէն:

 

-Ձեր տնօրինած Կրթասիրաց վարժարանը այսօր նիւթական խնդիրներ ունի՞, կամ ինչպէս կը դիմակայէք այսօր Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական բարդ դրութիւնը։


Բարեբախտաբար, մենք ունինք մարմին մը, որ կը ղեկավարուի թեմիս բարեջան առաջնորդին գլխաւորութեամբ եւ որուն մաս կը կազմեն հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական առաջնորդները։ Այս մարմինը ամէն ճիգ կը թափէ ապահովելու համար մեր դպրոցներու նիւթական կարիքները: Անշուշտ գաղութին մէջ հաւաքուած գումարները բաւարար չեն, որովհետեւ այսօր մենք բաւական մեծ ծախսերու առջեւ կը գտնուինք՝ ոչ միայն պաշտօնէութեան ամսավճարներու հարցով, այլեւ վերանորոգութեան, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ այլ հարցերով։ Եւ այս բոլորէն անդին կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ սփիւռքի մէջ գործող միութիւնները պիտի շարունակեն օժանդակել Հալէպի մայր գաղութին։