image

Ծաղկազարդ. Տօն որ խորհրդանիշն է Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին

Ծաղկազարդ. Տօն որ  խորհրդանիշն է Քրիստոսի  Երուսաղէմ յաղթական մուտքին

Այսօր ծաղկազարդ է։ Հայաստանեայց  Առաքելական   Սուրբ   Եկեղեցին  իր նուիրապետական երեք  աթոռներով (Երուսաղէմը  աւելի ուշ  կը նշէ  այս տօնը,  հաշուի առնելով  որդեգրուած  օրացոյցին  տարբերութիւնները)  այս  տօնին   ճամբով   կը  վերաիմաստաւորէ  Քրիստոսի   յաղթական մուտքը   դէպի  Երուսաղէմ։

Անշուշտ  տօնին առթիւ   բոլոր եկեղեցիներուն մէջ    կը  մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ  պատարագ,  կը տրուի  քարոզ, ինչպէս նաեւ պատարագի աւարտին տեղի կ՚ունենայ մանուկներու օրհնութեան կարգ եւ թափօր։ Հաւատացեալներ իրենց հետ կը  բերեն ձիթենիի   եւ ուռենիի  ճիւղեր, որոնց օրհնուելէն  ետք  հաւատացեալներ     այդ  ճիւղերը տուն կը տանին եւ որպէս օրհնաբաշխ  նշխար  կ՚ամրացնեն  իրենց  տան սենեակներուն  մէջ։

Ի դէպ  այդ  օրհնուած  ճիւղերը  բարիքի, առատութեան եւ   պտղաբերութեան  խորհրդանիշներ են։

Իսկ ծաղկազարդի   երեկոյեան կը կատարուի  դռնբացէքի  հոգեպարար   արարողութիւն,  որուն  ընթացքին  կ՚երգուի «Բաց մեզ, Տէր զդուռն ողորմութեան»

Ծաղկազարդի տօնէն ետք  երկուշաբթիէն  մինչեւ  Սուրբ Հարութեան տօն կը կոչուի   Աւագ շաբաթ: