image
Հրատապ լուրեր:

«Ո՛չ, հալէպահայութիւնը պատրաստ չէր այս պատերազմին». Հալէպահայ գործիչ Ռոպերթ Սիւլահեան

«Ո՛չ, հալէպահայութիւնը պատրաստ չէր այս պատերազմին». Հալէպահայ գործիչ Ռոպերթ Սիւլահեան

Այս օրերուն  իր լրումին   հասաւ  Սուրիոյ  աւերիչ  պատերազմին  8-րդ տարելիցը: Այս առթիւ «Արեւելք» հրապարակելու կը սկսի  հարցազրոյցներու շարք մը՝ փորձելով հանրութեան ներկայացնել  Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ այսօր Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը։ Այս նիւթերու առաջինն է հալէպահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Ռոպերթ Սիւլահեանի հետ մեր ունեցած  հարցազրոյցը։

 

-Ութ տարիներ անցան Սուրիոյ ծանր պատերազմէն, այսօր, ութ տարի ետք, ի՞նչ կը մտածէք այս տագնապին մասին, որ ծանր  հետեւանքներփ ունեցաւ ինչպէս սուրիացի, այնպէս ալ տեղի  հայ բնակչութեան  վրայ։  


Հալէպի գաղութը սփիւռքի վերջին փոքրիկ Արեւմտահայաստանն էր, ուր համախմբուած էին եւ մեղուաջան աշխատանք կը տանէին սփիւռքահայ հաստատութիւններն ու կուսակցութիւնները, բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, մեր երեք համայնքներն ու մտաւորականութեան սքանչելի խաւ մը:

Ութ տարի տեւող այս պատերազմական անորոշութեան մէջ տատանուող սփիւռքի մայր գաղութը նօսրացաւ եւ իր երբեմնի հմայքը կորսնցուց: Այս պատերազմը խանգարեց ապահով եւ սահուն կեանք վարող սուրիահայութեան վիճակը, նամանաւանդ՝ Հալէպի մէջ: Ժողովուրդը ահ ու դողի տարիներ ապրեցաւ եւ տուաւ նահատակներ եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ զանգուածային գաղթի՝ դէպի արեւմտեան երկիրներ: Կրնամ ըսել, որ Հալէպի գաղութը կ'ապրի վերջալոյսի մը սկիզբը:

 

Շատեր կ'ըսեն, որ Սուրիոյ պատերազմը ծրագրուած էր Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան դէմ եղող, Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը չյարգող տարբեր ուժերու կողմէ: Ի՞նչ տեսակէտ ունիք, արդեօ՞ք ձեր կարծիքով իրապէս Սուրիոյ պատերազմը ծրագրուած էր:


Խնդիրներուն սկիզբը մեծ յոյսեր ունէինք, որ Հալէպի մէջ դժուար թէ պատահի այն ինչ տեղի ունեցաւ ուրիշ քաղաքներու պարագային, եւ իսկապէս, Սուրիոյ տագնապի առաջին մէկուկէս տարին Հալէպ հանդարտ էր, սակայն, երբ ահաբեկչական խումբեր ներթափանցեցին, վտանգը եղաւ անխուսափելի: Մեծ վստահութիւն ունէինք պետական զօրքի հզօրութեան վրայ, սակայն հարուածը մեր  կարծածէն  աւելի ուժգին էր:

Այսօր ես կը հաւատամ այն իրականութեան, որ  Արաբական գարնան բուն նպատակը Սուրիան ծունկի բերելն էր, քանի ան կը հանդիսանար միակ արաբական երկիրը, որ չէր ենթարկուէր Արեւմուտքի համաշխարհայնացման քաղաքականութեան։ Սուրիան  օրէ օր կը զօրանար անոր թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, նաեւ   զինուորական-ռազմական բնագաւառներուն մէջ:

Այո, 85 արեւմտամէտ եւ  արեւմտեան  երկիրներ մասնակից դարձան Սուրիոյ քանդումին, ըլլայ զինեալներ «ուղարկելով» կամ  անոնց նիւթական աջակցութիւնը ապահովելով: Անոնք կրցան գտնել դաւաճաններ, որոնք ծախեցին երկիրը եւ ապակայունացուցին վիճակը, փաստելու համար, թէ սա ներքին ժողովրդային յեղափոխութիւն է: Եթէ այդպէս ըլլար, առաջին անգամ Հալէպի ժողովուրդը պիտի մասնակցէր, իր սիւննի բնակչութեան մեծամասնութեամբ, սակայն Հալէպ մնաց պատնէշի վրայ եւ տոկաց ամբողջ հինգ տարիներ այդ ահաբեկիչներու զարկերուն:

Արաբ ժողովուրդը մնաց այնտեղ, սակայն քրիստոնեայ բաղադրամասը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայը, չդիմացաւ եւ մեծամասնութեամբ գաղթի դիմեց:

Ըսեմ, որ երկրին մէջ կար փտածութեան երեւոյթ՝ երկրի պետական զանազան հաստատութիւններուն մէջ, սակայն ժողովուրդը հանգիստ կեանք մը կը վարէր։ Կար նաեւ  ապահովութիւն եւ հիմնական պէտքերու աժանութիւն,  եւ ժողովուրդը  երբեք չէր մտածեր յեղափոխութիւն կազմակերպելու մասին:

Արեւմուտքը փափաքեցաւ ժողովրդական յեղափոխութիւն առաջացնել եւ փաստօրէն չյաջողեցաւ:

Պետութեան մը աշխատանքը ուղղուած կ'ըլլայ ընդհանուրին եւ Սուրիոյ մէջ երկու ամենակարեւոր պէտքերը՝ ուսումը՝ մինչեւ համալսարան եւ առողջապահութիւնը ձրիօրէն ապահովուած էին, իսկ մինչեւ վերջին գիւղաւանը ունէր դպրոց եւ առողջապահական կեդրոն, հետեւաբար, պետութեան կողմէ ժողովուրդին հանդէպ բնաւ անտեսում չկար:

 

-Պատերազմը  ի՞նչ  հետեւանքներ ունեցաւ   հայութեան  վրայ։ Հայութիւնը պատրա՞ստ էր այս պատերազմին:


Հայութիւնը պատրաստ չէր այս պատերազմին, իսկ Հալէպի գաղութը չէր երեւակայէր, որ պատերազմը կրնայ հասնիլ Հալէպ քաղաք: Մէկ օրուան ընթացքին զինեալ ահաբեկիչները գրաւեցին քաղաքի կեդրոնը եւ անխնայ հրասանդներու տարափ մը սկսաւ գաղութի հայկական թաղամասերուն վրայ: Անակնկալի եկող մեր գաղութը անմիջապէս դիմեց ինքնապաշտպանութեան, անշուշտ պետութեան օգնութեամբ, այն յոյսով, որ շատ պիտի չտեւէ զինեալներու վտարումը քաղաքէն, սակայն եղաւ  անխուսափելին, որ պատճառ դարձաւ զանգուածային գաղթի, որուն նաեւ սատար հանդիսացաւ Արեւմուտքը:

Հալէպահայութեան վնասը գաղութի նօսրացումն էր, իսկ եթէ պիտի խօսինք, թէ ինչ շահեցաւ հայ ազգը եւ ոչ թէ հալէպահայութիւնը, այդ ալ Հայաստան հաստատուող փոքրաթիւ հալէպահայերու  զանգուածն էր: Քանի որ, իմ կարծիքով  Արեւմուտք գաղթողներու հոյլը գնաց եւ  կ՚երթայ  դէպի ձուլում եւ անորոշութիւն:

 

-Արդեօք ի՞նչ էր ամենամեծ դասը որ հալէպահայութիւնը ստացաւ այս պատերազմէն, եթէ կարելի է այդ մէկը դաս համարել:


Պատրաստ ըլլալու համար այսպիսի աղէտներու պարագային, սփիւռքահայութիւնը կը կարօտի տնտեսական հզօրութեան եւ ապահովական միացեալ խորհուրդի։  Եւ ըսեմ, որ սփիւռքն է, որ պէտք է դաս առնէ այս եղածէն, իսկ հալէպահայութիւնը արդէն դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր:

 

-Այօսր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, ի՞նչ յոյսեր կան, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք հալէպահայութեան ապագան:


Ինչպէս որ ըսի, այսօր հալէպահայութիւնը դժուար կացութեան  մը  մէջ կը գտնուի: Հիմնական պէտքերը դժուարութեամբ կ'ապահովուին եւ աղքատութեան ստուերը կը տարածուի մեծ թիւով ընտանիքներու վրայ, որոնք կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, ու   շատ մը պարագաներու  նաեւ  իրենց  բնակարանը։ Անոնք, որ կարողութիւն ունէին գաղթելու, հեռացան քաղաքէն, իսկ մնացողներուն մեծ մասը կը փորձէ ճանապարհներ գտնել եւ ձեւով մը գաղթել անապահով դարձած երկրէն:

Գաղութիս ներկայ ղեկավարութիւնը կարելիութիւն չունի բարելաւելու գաղութի տնտեսական վիճակը, եւ այդ մէկը ե՞րբ դաս պիտի դառնայ մեր սփիւռքի տարբեր գաղութերուն՝ կը մնայ հարցական:

Հայոց   Ցեղասպանութենէն   եւ արեւմտահայերու տեղահանումէն դար մը ետք, կրկին անգամ  ձեռք առինք թափառական հայու ցուպը եւ փնտռելու սկսանք այն բնակավայրը, ուր կրնանք հանգիստ ու ապահով կեանք մը վարել:

 

- Պատերազմի թէժացումէն ետք, դուք եւս ստիպուած եղաք   Հալէպէն  հեռանալ։  Ապրեցաք  տարբեր   երկիրներու մէջ, շրջան մը Երեւան, իսկ հիմա երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակիք Լիբանանի մէջ։ Ի՞նչ է ձեր գնահատականը, այսօր Հալէպին փոխարինող քաղաքը ո՞ւր է ձեզի համար: Արդեօք  մօտիկ ապագային  Հայաստանը պիտի կարողանա՞յ մշտական բնակութեան վայր, իրական հայրենիք դառնալ:


Ինծի համար Արեւմուտք գաղթելը լուծում մը չէր եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ: Փորձեցի Հայաստան ապրիլ, սակայն հոն տիրող ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, նախքան թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ստիպեց, որ հեռանամ եւ վերադառնամ իմ կեանքս անցուցած եւ ապրած քաղաքիս՝ Հալէպին ամենամօտ վայրը՝ Լիբանան, ուր տակաւին շնչող գաղութ մը կայ։ Գաղութ մը,  որ   սակայն կը քալէ  դէպի նօսրացում։

Անշուշտ կը հաւատամ, որ Հայաստանն է մեր վերջին հանգրուանը, ուր պիտի հաստատուի ուծացման չենթարկուող սփիւռքահայը: Կը հաւատամ, որ անպայման Հայաստանն է իրական հայրենիքը, ուր հաւաքուելով, կրնանք մեր անհատական եւ հաւաքական նպատակներուն հասնիլ եւ յոյսով եմ, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը շարունակուի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ երբ հաշուեյարդարի կանչուին Հայաստանը կողոպտած պատասխանատուները, այն ատեն վստահ եմ, որ զանգուածային ներգաղթ կրնայ սկսիլ:

 

-Լիբանանը բարդ, խճճուած երկիր է, տարբեր խնդիրներով, տարբեր համայնքներու բախումներով, դժուարութիւններով: Այդքան դժուարութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս կը կարողանաք ոտքի մնալ:


Լիբանանի գաղութը նոյնպէս դժուար իրավիճակներու առջեւ կը գտնուի, նամանաւանդ՝ տնտեսական եւ անոր որպէս արդիւնք, ամէն օր կը լսենք, թէ ընտանիքներ կը փոխադրուին Հայաստան, մշտական բնակութիւն հաստատելու  համար: Անոնք դաս առին սուրիահայութեան աղէտէն: Այո, Լիբանանի մէջ ոտքի մնալը շատ դժուար է, սակայն այս հանգրուանը կ'ենթադրեմ, որ ժամանակաւոր է: Յոյսով եմ, որ մեր հայրենիքը պիտի բարելաւուի ու մագնիսի նման ներքաշէ սփիւռքի մէջ ապրող բոլոր հայ մնացած անհատները: