image
Հրատապ լուրեր:

«Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պիտի չուզենք, որ Հալէպի յոյսը մարի...» Բժիշկ Յարութ Նազարեան

«Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պիտի չուզենք, որ Հալէպի յոյսը մարի...» Բժիշկ Յարութ Նազարեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ բժիշկ Յարութ Նազարեանը:

 

-Գիտենք, որ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր դադրած են, ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:

Հալէպը, երբ մօտ երկուքուկէս տարի առաջ յայտարարուեցաւ ազատագրուած, այդ ժամանակ ալ արեւմտեան կողմերը, որ Իտլիպի գաւառներուն մօտ են, տակաւին լարուած վիճակի մէջ էին: Եւ մինչեւ հիմա այդ շրջանները, յատկապէս «Հալապ Ժատիտէ»ի, «Ռաշիտին»ի, «Ժամհիյէթ Ալ-Զահրաա»ի կողմերը հանդարտած չեն: Վերջերս, դեռ երկու շաբաթ առաջ, այս շրջաններուն մէջ դարձեալ հրթիռներ ինկան, քաղաքացիներ դիպուկահարի փամփուշտի զոհ գացին, որոնց շարքին մանուկներ:

Հրթիռներ ինկան նաեւ «Մոկամպօ» շրջանին վրայ, որ կը նկատուի մարդաշատ, սրճարաններով լեցուն շրջան, ուր երբեմն մենք ալ կը յաճախենք:  

Այս բոլորը նկատի ունենալով, չենք կրնար ըսել, որ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները վերջնականապէս աւարտած են, քաղաքը հանդարտած է, քանի որ միշտ երբ այդ արեւմտեան կողմի վիճակը վատթարանայ, ռմբակոծումներ ըլլան, բնականաբար Հալէպի ժողովուրդի տրամադրութիւնը նոյնպէս  կը վատանայ:

 

-Ներկայիս հալէպահայերուն համար որո՞նք են գլխաւոր դժուարութիւնները, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ մեզի, ի՞նչ տեսակի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ հալէպահայութիւնը:

Հալէպահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները շատ են, ամէն տեսակ նեղութիւններ կան, բայց այս շրջանին հիմնականը տնտեսական հարցն է, սղութիւնը, տոլարի սակին բարձրացումը, գործի տագնապը: Վերջերս յատկապէս արհեստաւորերուն եւ վաճառականներուն պարագային, բաւական դժուարութիւններ մէջտեղ ելան եւ ոլորտը կարգաւորելու համար պետութեան կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները աւելորդ դժուարութիւններ ստեղծեցին։ Պետական մարմիններ խիստ միջոցառումներ կը գործադրեն մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու, ստուգումներ կատարելու եւ փախստական ապրանքներու դէմ ընթացող պայքարի ծիրին մէջ, նոյնիսկ հին ապրանքներուն համար օրինական ստացագրեր կը պահաջուին, բան մը, որ բաւական դժուարութիւններ ստեղծեց քաղաքացիներուն  եւ յատկապէս առեւտուրի ոլորտին մէջ եղողներուն համար։  


-Մարդկային առումով տեղաշարժ կայ, այսինքն հեռացածները դարձեալ կը վերադառնան Հալէպ: Իսկ մինչեւ հիմա Հալէպ ապրողները մտադի՞ր են արդեօք հեռանալ՝  յոգնած ըլլալով այս իրավիճակէն:

Հալէպ վերադարձողներ չկան, շատ հազուագիւտ է այդ պարագան: Աւելի շատ կը լսենք Լիբանան կամ Հայաստան հաստատուած հալէպահայերու վերադարձի մասին, որոնք սակայն, եկած կ'ըլլան քանի դեռ գործ ունին Հալէպի մէջ։ Անոնցմէ  շատեր, որոնք  Հայաստանի մէջ  չկարողացան լաւ գործ մը հիմնել, փափաք կ'ունենան ետ վերադառնալ, սակայն յաճախ երբ կը տեսնեն Հալէպի  դժուարութիւնները, կը ձգեն եւ ետ կ'երթան:

Ինչ կը վերաբերի մինչեւ հիմա Հալէպ մնացողներուն, անոնց մեծամասնութիւնը   շուարած է։  Ու անոնք  չեն գիտեր, լա՞ւ ըրին որ  Հալէպ մնացին, թէ ոչ։ Այս հարցման նշանը հալէպցիին, մանաւանդ հալէպահայուն մտքին մէջ միշտ կայ: Շատեր կան, որ զղջացին, հարցերու սկիզբէն Հալէպէն չհեռանալնուն համար, կ'ըսեն՝ գացողները լաւ ըրին, որ ճիշդ ատենին  հոսկէ հեռացան: Եւ մինչեւ հիմա շատեր կը  փափաքին գաղթել, այդ  ձգտումը կայ դեռ, որ Գանատա դիմեն, հակառակ որ ներկայիս դժուարացած է այդ գործընթացը, բայց կ'ուզեն փորձել, քանի որ ժողովուրդը յոգնած է այլեւս:

 

-Բժշկական առումով ի՞նչ նորութիւններ կան, արդեօք բժշկական ոլորտը դէպի դարմանում կ'ընթանա՞յ, դրական տեղաշարժ կա՞յ այդ առումով, կամ նոյն պատրեազմական շրջանի վիճակը կը տիրէ:

Բժշկական առումով մասնաւոր մեծ փոփոխութիւն չկայ, բայց վստահ որ քիչ մը աւելի բարելաւուած է վիճակը: Այդ շտապի պարագաները, որոնց կը հանդիպէինք մանաւանդ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ, չմնացին. այս առումով բեռը քիչ մը թեթեւցած է: Դեղորայքի նախկին տագնապն  ալ գրեթէ վերացաւ։ Վերջերս կը նկատենք նաեւ, որ աշխուժացած են բժշկական համագումարները,  դասախօսութիւնները, ձեռնարկները, որոնք պատերազմի ընթացքին բոլորովին դադրած էին:

Բայց բուժում ստանալը, մանաւանդ հիւանդանոցներէն ներս, բաւական «թանկ հաճոյք» դարձած է քաղաքացիներուն համար, յատկապէս, որ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի, իսկ ժողովուրդին տրամադրուող նպաստի, օգնութեան աղբիւրները կը նուազին: Այն հաստատութիւնները, որոնք բժշկական հարցեր ունեցողներուն նիւթապէս կ'աջակցէին, սկսած են սահմանափակել իրենց օժանդակութիւնները, եւ հեռու չէ, որ երբ կամաց-կամաց վիճակը աւելի հանդարտի, վերջնականապէս դադրեցնեն իրենց օժանդակութիւնները, բան մը որ ծանր դրութեան պիտի մատնէ անապահով քաղաքացիները, որոնց թիւը քիչ չէ:

 

- Ի՞նչ տեսակէտ ունիք, արդեօք հայութիւնը ապագայ պիտի ունենայ պատերազմէն վիրաւոր դարձած Հալէպին մէջ:

Մենք հալէպահայերս միշտ յոյսով էինք եւ կ'ուզենք յոյսով մնալ, որ գաղութը պիտի գոյատեւէ, քանի որ Հալէպը ոչ միայն մեզի համար, այլ ամբողջ հայութեան համար մեծ արժէք ունի եւ ամենակարեւոր օճախը եղած է։ Եթէ  «հայկական քարտէզ»ը քննենք, ապա պիտի նկատենք, որ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ճանչցուած ու յայտնի հայերուն մէջ քիչ չէ թիւը հալէպահաերուն։

Այո՛, ճիշդ է, որ մենք յոգնեցաք, ճիշդ է, որ հայութեան թիւը նօսրացաւ, ճիշդ է, որ շատ ատեն մենք մեզի հարց կու տանք, արդեօք ճիշդ ըրինք հոս մնալով, արդեօք մեր 7-8 տարուան համբերութեան արդիւնքը լաւ պիտի ըլլայ, բայց այդուհանդերձ, միշտ յոյսով ենք, որ այս օճախը պիտի չմարի, պիտի պահպանենք զայն, որովհետեւ չենք ուզեր, որ այդ յոյսը մարի, գոնէ մեր երեխաներուն ապագային համար: