image

Այնճարի մէջ ապրող մուսալեռցին 80 տարիէ ի վեր մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ. Յակոբ Այնթապլեան

Այնճարի մէջ ապրող մուսալեռցին 80 տարիէ ի վեր մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ. Յակոբ Այնթապլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Այնճար հայաւանի բնակիչներէն, հասարակական  գործիչ՝  Յակոբ Այնթապլեանը։

 

-Ներկայիս ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ Այնճարի մէջ։


Ներկայիս համեմատաբար իրավիճակը խաղաղ է։ Կար ժամանակ, երբ  Լիբանան-Սուրիա սահմանին մօտ տեղի կ՚ունենային բախումներ եւ լիբանանեան  բանակը կը  փորձէր հակակշռի տակ  պահել  «Տահէշ»ի զինեալները, բան մը,  որ  իր ժխտական անդրադարձը կ'ունենար մեր հայաբնակ գիւղին վրայ։ Բարեբախտաբար վտանգը շուտ հեռացուեցաւ, գիւղի ապահովութիւնը ստանձնած աւելի քան 300 երիտասարդները ցրուեցան եւ հայաւանը վերադարձաւ իր բնականոն վիճակին։

Մեր գիւղը սակայն անմասն չի մնար լիբանանեան իրավիճակէն, որ վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէ տնտեսական սոսկալի տագնապ, Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով գաղթականական մեծաքանակ հոսք, նաեւ երկրի ղեկավարման հիւանդագին վիճակ։

 

- Ձեր կարծիքով,  ի՞նչ  են  Այնճարի առանձնայատկութիւնները։


Գիւղի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը իր հայկական դիմագիծն է։ Մայր հայրենիքէն դուրս, համայն հայութեան փոքրիկ Հայաստանն է, ծուարած Լիբանանի արեւելքը, Սուրիոյ սահմանին մօտ, Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիի ճիշդ մէջտեղի հատուածին։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 30.000 հաշուող մուսալեռցիներու գլխաւոր օրրանն է Այնճարը, ուր 80 տարիէ ի վեր կը շարունակուին Մուսա Լերան աւանդութիւնները, սովորութիւնները, բարքերը, իր իւրայատուկ բարբառը եւ մանաւանդ Մուսա Լերան 40 օրերու յաղթական պայքարի անընկճելի ու ազատատենչ ոգին։

Այնճարը առանձնայատուկ է համայնքային ու յարանուանական համերաշխութեամբ ու ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան գլխաւորութեամբ։ Գիւղի համաժողովրդային  ձեռնարկները տեղի կ'ունենան փոխգործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։ Ան իւրայատուկ է իր քաղաքապետութեամբ, ուր խորհուրդի բոլոր 15 անդամները, պաշտօնէութիւնն ու ոստիկանները հայեր են․ իւրայատուկ պարագայ ամբողջ սփիւռքի տարածքին։ Ու տակաւին շրջանին մէջ Այնճարը յատկանշական է իր առատ ու մաքուր ջուրով, ճաշարաններով եւ Օմայաթներու բերդաքաղաքով։


-Յաճախ  կը լսենք, որ Այնճարի  երիտասարդութիւնը  կը լքէ   գիւղն ու կը հեռանայ... Ի՞նչ պատճառներով է, որ երիտասարդութիւնը կը լքէ Այնճարը։

Ինչպէս շատ մը երկիրներու գիւղերու պարագային, շեշտուած դժուարութիւնը գիւղերու երիտասարդութեան հոսքն է դէպի քաղաք, ինչպէս նշեցիք։ Բնականաբար քաղաքի մէջ թէ՛ ուսման եւ թէ՛ գործի կարելիութիւնները անհամեմատելի են, հետեւաբար երիտասարդը իր հայեացքը ուղղած կը պահէ դէպի քաղաք եւ անգամ մը, որ հոն հաստատուի, գիւղ վերադարձը կը դժուարանայ։ Այնճարի հիմնական դժուարութիւնը սակայն, մարդուժէն աւելի, հողապահպանումն է։ Այնճարը  շրջապատուած ըլլալով այլազգներով, որոնց թուաքանակը յարատեւ աճի մէջ է, ամէն գնով փորձ կը  կատարուի   նեցուկ կանգնիլ  հայ հողատէրերուն,    շեշտելով, որ  հողը   բարձրագոյն արժէք եւ  հողը լքելով,  Այնճարը կրնայ  հայաթափուիլ։  

Բարեբախտաբար  մեր հայրենակիցներու  մեծամասնութիւնը կը գիտակցի  առկայ   վտանգները  եւ ատով իսկ յարգանքի արժանի է, մանաւանդ անոնք, որոնք մնայուն ներկայութիւն են գիւղին մէջ եւ որոնք ստիպուած են նաեւ տիրութիւն ընել արտագաղթող հայրենակիցներու հողերուն ալ: Այլ խօսքով, Այնճարը սփիւռքի Արցախն է եւ զայն պահելու համար համահայկական ճիգ   պէտք է։

 

-Յառաջիկայ 10-20 տարիներուն ինչպիսի՞ պատկեր մը կրնայ ստանալ Այնճարը։


Այս տարի կը զուգադիպի Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին։ Ամեակները կու գան նոր շունչ ու որակ բերելու մեր գիւղին եւ ժողովուրդին: Կը կազմակերպուին միջոցառումներ, խորհրդաժողովներ եւ այլազան ձեռնարկներ․ նպատակը անշուշտ մէկ է՝ բարելաւել, զարգացնել   եւ հզօրացնել  հայկական  գիւղի կեանքը:

Այս ուղղութեամբ քաջալերական են պատկան մարմիններու կողմէ նախաձեռնուած բազմաթիւ աշխատանքները, որոնք միտում ունին վառ պահելու մեր կրթական օճախները, մարզական ու մշակութային միութիւնները  անշուշտ  նպատակ ունենալով    մեր երիտասարդութիւնը  պահել գիւղին   մէջ։ Ազգօգուտ ու հայրենանուէր այս աշխատանքները նկատելի  են թէ՛ գիւղին եւ թէ՛ մեր ցանքատարածքներուն մէջ:

 


-Իր շրջապատին հետ այսօր հաշտ վիճակի մէ՞ջ է հայկական գիւղը։ Այսինքն խորթ աչքով կը նայի՞ն ձեզի  այդ շրջանի  արաբ բնակիչները։


Մեր շրջապատին հետ պաշտօնական յարաբերութիւնները միշտ եղած են փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան հիման վրայ: Անցեալին պատահեցան  դէպքեր, երբ շրջանին մէջ ծայրայեղ իսլամութիւնը քիչ մը բացայայտ բնոյթ ստացաւ։ Բարեբախտաբար Լիբանանի մէջ հայ համայնքի գոյութիւնն ու իրաւունքները ամրագրուած են սահմանադրութեամբ եւ կարելի չէ փողոցին մէջ շրջանցել այդ հանգամանքը:

 

 

-Այնճարցի ժողովուրդին նիւթական ապահովող գլխաւոր աղբիւրը գիւղատնտեսութիւնն է։ Այսօր ի՞նչ դժուարութիւննր ունի գիւղատնտեսութիւնը, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ որո՞նք են այդ խնդիրներու լուծումները։


Գիւղատնտեսութիւնը գիւղի եկամուտի գլխաւոր աղբիւրներէն մին է, բայց ոչ միակը: Լիբանանեան մակարդակով, գիւղատնտեսութիւնը այս օրերուն քաջալերական վիճակի մէջ չէ: Գլխաւոր պատճառը փաստօրէն Սուրիոյ պատերազմական վիճակն է, որու հետեւանքով արդէն աւելի քան  7-8 տարիներ ցամաքի ճամբով գիւղմթերքի արտածումը կասեցուած է: Հողամշակին մտահոգութիւնները շատ շատ են, նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ ան լքուած է իր ճակատագրին: Բարեբախտաբար Այնճարը ունի առատ ու մաքուր ջուր, ինչ որ տեղական շուկային մէջ մեր արտածած պտուղներն ու բանջարեղէնները աւելի յարգի կը դարձնէ եւ բնականաբար՝ պահանջուած:

Ես կ'ուզեմ նշել նաեւ, որ գիւղի եկամուտները սահմանափակուած չեն միայն գիւղատնտեսութեամբ: Դամասկոս-Պէյրութ մայրուղին առեւտրային լայն առիթ կը ստեղծէ մեր գիւղացիներուն, որ սակայն հարիւր տոկոսով օգտագործուած չէ: Զգալի են մեր գիւղի զբօսաշրջիկութեան կարելիութիւնները, նկատի ունենալով գիւղին մէջ գտնուող օմայաթներու շրջանէն մնացած աւերակները, ակը,  բայց մանաւանդ գիւղին մէջ գործող բազմաթիւ ճաշարանները, որոնցմէ ոմանք ունին մեծ համբաւ եւ տիրացած են միջազգային մրցանակներու: Անշուշտ գիւղացի մեր արհեստաւորներու որակաւոր գործերը գնահատուած են շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ նկատելի թիւ կը կազմէ զանազան մարզերու մէջ մեր մասնագէտներու գոյութիւնը, որոնք կը գործեն գիւղին մէջ կամ այլուր:

 

-Երկու խօսք ալ Այնճարի մշակութային կեանքին մասին. ի՞նչ  կարող  էք  ըսել  այդ  մասին։


Գիւղի մշակութային կեանքը Այնճարի երեք վարժարաններու կողքին փաստօրէն իր սնունդը կ'առնէ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի գործունէութենէն: 1970-էն ետք մշակութային հսկայ աշխատանք կատարուած է այս մասնաճիւղին կողմէ, իր «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան եւ «Կոմիտաս» երիտասարդական երգի ու պարի անսամպլներով, «Լուսարձակ քառասուն»  թատերախումբով, «Ռուբէն Նագեան» գծագրական դպրոցով  եւ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներով:

Գիւղին մէջ մշակութային կեանքը եռուն ու ճկուն է այնքան, որքան մնայուն խմբավար, պարուսոյց եւ բեմադրիչ ունինք: Դժբախտաբար միշտ չէ, որ անոնք ներկայ են եւ հետեւաբար երբեմն տուժած է գիւղի մշակութային կեանքը: Սակայն այն, որ մուսալեռցիները մշակութասէր են, կասկածէ վեր է, եւ ուրեմն մշակութային արժէքները միշտ գնահատուած են մեր գիւղին մէջ։ Նաեւ քիչ չէ թիւը այն մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներուն, որոնց մենք կը հանդիպինք հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին: Անունները շատ շատ են, առանց վիրաւորելու զանոնք, կ'ուզեմ յատուկ անդրադառնալ զոր օրինակ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանին, որուն տուն-թանգարանին բացումը տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ, քանի մը տարի առաջ։ Նաեւ կ'ուզեմ անդրադառնալ երիտասարդ երեք երաժիշտներու, որոնք տակաւին ծնունդ առին Այնճարէն եւ այսօր մենք զանոնք կը տեսնենք միջազգային բեմերու վրայ, անոնք են Զաքար Քէշիշեան, հիմնադիր խմբավար «Շուշի-Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէ աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր եւ   այսօր ալ  կը ղեկավարէ  Համազգայինի զոյգ երգչախումբերը Լիբանանի մէջ:  Երկրորդ անունը Պարգեւ Թասլաքեանն է, որ  նոյնպէս  խմբավար է։  Ան ներկայիս   կը  ղեկավարէ լիբանանեան եւ արաբական   մակարդակով հանրայայտ  դարձած «Ալ Ֆայհա» երգչախումբը, որ  նոյնպէս ստացած է միջազգային  մրցանակներ։  Երրորդը թէնոր Գէորգ  Հաճեանն է, որ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, եւ որուն մենք յաճախ կը հանդիպինք պատկառելի բեմերու վրայ, հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի:

 

 

-Ձեր  վերջին  խօսքը  մեր ընթերցողներուն։


Այնճարը սփիւռքի անզուգական փոքրիկ Հայաստանն է, որու բնակիչ մուսալեռցին 80 տարիէ ի վեր մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ։

Եթէ սփիւռքի մէջ ձուլում գոյութիւն ունի, հաւանաբար վերջին ձուլուող գաղթօճախը լիբանանահայութիւնն է եւ հաստատ Այնճարի հայութիւնը, իսկ եթէ պիտի գոյատեւենք, ատիկա կրնայ ըլլալ միայն ու միայն հայրենիքի մէջ, որովհետեւ Հայաստանն է հիմքը հայ դատին եւ խարիսխը հայ հոգիին։ Ես համոզուած ու հաւատացած եմ, որ մենք ուր որ ալ ծաղկինք, պիտի եւ պէտք է պտղաբերենք մայր հայրենիքին մէջ: