image
Հրատապ լուրեր:

Լոյս տեսած է «ԳՈՀԱՐ»-ի «Բոլոր ժամանակներու սիրուած երգեր 5»ը DVD եւ Blu-ray ձեւաչափերով

Լոյս տեսած է «ԳՈՀԱՐ»-ի  «Բոլոր ժամանակներու սիրուած երգեր 5»ը DVD եւ Blu-ray ձեւաչափերով

Հայոց ցեղասպաութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած՝ «ԳՈՀԱՐ» Սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի «Ֆորում տը Պէյրութ» սրահին մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ չորս համերգներու (29, 30, 31 Հոկտեմբեր եւ  1 նոյեմբերի 2015-ին) արձանագրութիւնները ամփոփուած են նոր տեսասկավառակի մէջ եւ DVD եւ Blu-ray երկու ձեւաչափերով արդէն հասանելի են հայ երգի սիրահարներուն:

Եւ այսպիսով, «ԳՈՀԱՐ»-ի «Բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերու թիւ 5»-ը («All Time Armenian Favorites 5»)  DVD եւ Blu-ray երկու ձեւաչափերով կու գայ աւելնալու «ԳՈՀԱՐ»-ի տեսասկաւառակներու հաւաքածոյին վրայ: Ան կ'ընդգրկէ 100 երգ, իրենց երգաշարերով (այս թիւը խորհրդանշական է, նկատի ունենալով, որ համերգը իրականցուած էր «100 տարի ցեղասպանութենէն  վերապրած, 100 երգով վերածնած» նշանաբանով), ունի եռալեզու ենթագրեր՝ հայերէն, լատինատառ տարադարձուած, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով՝ անգլերէն թարգմանուած:

«Բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերու թիւ 5» DVD երաժշտատուփը կ'ընդգրկէ հինգ տեսասկաւառակ: Հինգ DVD սկաւառակներէն չորսին մէջ համերգի երկու մասերն են (part 1, part 2), իսկ հինգերորդին մէջ՝ համերգի աշխատանքներու մասին պատմող երաժշտական ֆիլմ (making off  -  behind the scenes) : Ան նաեւ կ'ընդգրկէ 320 էջանոց երգարան:

Ինչ կը վերաբերի «Բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերու թիւ 5» Blu-ray ձեւաչափով արտադրանքին, այն կ'ընդգրկէ երեք տեսասկաւառակ, որոնցմէ երկուքին մէջ համերգի երկու մասերն են (part 1, part 2)՝ blu-ray տարբերակով , իսկ երրորդին մէջ՝ համերգի աշխատանքներու մասին պատմող երաժշտական ֆիլմ (making off  -  behind the scenes)՝ DVD տարբերակով:

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ ինչպէս նախապէս «Արեւելք»ը հաղորդած էր,  արդէն քանի մը ամիս է՝ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր հանդիսատեսին եւ ունկնդիրներուն ներկայացած է նոր եւ սպասուած նորութեամբ՝ երաժշտական յաւելուածով։ Այսպիսով, բոլոր ժամանակներու սիրուած հայկական երգերը, «ԳՈՀԱՐ»-ի վերջին նորութիւնները, հոլովակներն ու նկարները հասանելի են մէկ հարթակի վրայ: 

Յաւելուածին մէջ ունկնդիրը կրնայ վայելել «ԳՈՀԱՐ» Սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի 5 ալպոմները՝ իրենց շուրջ 300 երգերով։ Յաւելուածի առաւելութիւններէն գլխաւորը թերեւս այն է, որ երգերը լսելուն զուգահեռ ունկնդիրները հնարաւորութիւն ունին նաեւ ընթերցելու երգերու բառերը՝ երկու լեզուով՝ հայերէն եւ հայերէնը՝ լատինատառով տառադարձուած։

Մասնագէտներու գնահատմամբ՝ «ԳՈՀԱՐ»-ի այս յաւելուածը իսկական երաժշտական հանրագիտարան է՝ հայ երգն ու մշակոյթը գնահատողներուն համար։ Օգտուողները կրնան նաեւ անմիջապէս յաւելուածի միջոցով այցելել «ԳՈՀԱՐ»-ի բոլոր կայքերն ու պաշտօնական էջերը, ինչպէս նաեւ ցանկացած պահու կապ հաստատել «ԳՈՀԱՐ»-ի հետ։ «ԳՈՀԱՐ»-ը իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով  կը շարունակէ  աշխատանքը՝ հայ երգի եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ, եւ նոր յաւելուածը ատոր վառ ապացոյցներէն է։

Նշենք նաեւ, որ յաւելուածը անվճար է, եւ ցանկացողները այն կրնան ներբեռնել App Store-էն կամ Play Market-էն։