image

Այսօր կը լրանայ Սուրիոյ պատերազմի 8-րդ տարին. Կայ աւելի քան 370,000 զոհ

Այսօր կը լրանայ Սուրիոյ պատերազմի 8-րդ տարին. Կայ աւելի քան 370,000  զոհ

Այսօր կը լրանայ Սուրիական պատերազմի 8-րդ տարին: Թունիսի, Եգիպտոսի, Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ յեղափոխութեամբ աւարտած «Արաբական գարունը», 15 մարտ 2011-ին տեղափոխուած էր Սուրիա եւ այօր բոլորելով 8-րդ տարին, դեռ ամբողջական աւարտին չէ հասած:

Ֆրանսական AFP գործակալութիւնը, յղում ընելով Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի յայտարարութեան, կը յայտնէ, որ պատերազմի ութ տարիներու ընթացքին զոհերու թիւը գերազանցած է 370 հազարը: 

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Տարհայի մէջ սկիզբ առած ցոյցերէն հակամրտութեան վերաճած պատերազմի մեկնարկէն ի վեր գրանցուած է  371222 զոհ, որուն 112 հազարէն աւելին խաղաղ քաղաքացիներ, ընդգծեով, որ քաղաքացիական զոհերու 21 հազարը երեխաներ են, 13 հազարը՝ կիներ: