image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ ահաբեկչութիւն Նոր Զելանտիոյ մէջ. Զոհուած է 27 մարդ

Մեծ  ահաբեկչութիւն Նոր Զելանտիոյ  մէջ. Զոհուած է  27  մարդ

 Ահաբեկիչ զինեալներ  կրակ  բացած են   Նոր Զելանտայի Կրայսթչըրչ    քաղաքին մէջ  գտնուող երկու մզկիթներու ուղղութեամբ։

 

 Այս մասին լուրը կը  հաղորդէ «Ռօյթըրզ»  լրատուական  գործակալութիւնը, նշելով նաեւ   որ ահաբեկչութիւնը գործուած է     քաղաքի   «Ալ Նուր»  եւ   « Լինուոտ» մզկիթներուն  ուղղութեամբ։

 

 Նախնական տուեալներով  զոհուած են    27 անձեր, մինչ  վիրաւորեալներուն թիւը կը հասնի  30-ի։