image

Լիբանանի գլխաւոր հարցը՝ սուրիացի գաղթականները

Լիբանանի գլխաւոր հարցը՝ սուրիացի գաղթականները

Լիբանանի համար գլխաւոր խնդիր կը շարունակէ համարուիլ այն սուրիացի փախստականները, որոնք պատերազմի հետեւանքով ստիպուած եղան լքել իրենց երկիրը եւ հաստատուիլ Լիբանանի մէջ:

Ըստ տարբեր աղբիւրներու, Լիբանանի մէջ այսօր կ'ապրին աւելի քան 1,5 միլիոն սուրիացի փախստականներ, որոնք վերջին հանգրուանին սկսած են բեռ դառնալ այդ երկրի տնտեսական ներուժին, ինչպէս նաեւ բնակչութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ սուրիացի փախստականներուն խնդրին վերաբերեալ Լիբանանի մէջ կայ սուր տարակարծութիւն, այն իմաստով, որ քաղաքական ուժերը տարբեր մօտեցումներ ունին սուրիացի փախստականներու հարցի լուծման վերաբերեալ: Մինչ 8 մարտի ուժերը կը հաւատան, որ այս խնդիրը պիտի լուծուի գործակցելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ, անդին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ իր համախոհները կը մնան այն կարծիքին վրայ, որ ներկայ պահուն անտեղի եւ սխալ է որեւէ կերպ գործակցիլ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ: