image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստան կը զգուշացնէ Պաքու մեկնողները ...

Ռուսաստան կը զգուշացնէ Պաքու մեկնողները ...

ՌԴ ԱԳՆ-ն հայկական արմատներով ռուս քաղաքացիները նախազգուշացուցած է Ատրպէյճան մեկնելու հնարաւոր վտանգներու մասին:

«ԼՂ հիմնախնդրի չկարգաւորուած ըլլալու պատրուակով Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը կը շարունակէ թոյլ չտալ մուտք իրենց երկրի տարածք այն մարդոց, որոնք անկախ քաղաքացիութենէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով հայ ազգի պատկանելիութեան նշաններ ունին»,- ըսուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Գերատեսչութենէն նշած են, որ Ատրպէյճան ժամանող ՌԴ քաղաքացիներու հանդէպ խտրական գործողութիւններու անթոյլատրելիութեան մասին ռուսական կողմի բազմաթիւ դիմումները ատրպէյճանական կողմին կ'անտեսուին:

Հաշուի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները՝ ՌԴ ԱԳՆ-ն իր քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ Ատրպէյճան կատարելիք ուղեւորութեան ժամանակ մանրակրկիտ կշռադատել հնարաւոր վտանգները: