image
Հրատապ լուրեր:

«Այս գիրքով ես պատմութեան «սթոփ կէտ» մը նետեցի. Վերճիհան Զիֆլիօղլու

«Այս գիրքով ես պատմութեան «սթոփ կէտ» մը նետեցի. Վերճիհան Զիֆլիօղլու

Շատ քիչերու ծանօթ է, որ 1917 թուականին Ռուսաստանի մէջ ծագած հոկտեմբերեան յեղափոխութեան օրերուն աւելի քան  հազար «սպիտակ ռուսեր» ստիպուած եղան լքել իրենց երկիրը եւ ապաստանիլ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր քաղաքներու եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ։ Պոլսահայ գրող Վերճիհան Զիֆլիօղլու երկարատեւ պրպտումներու ճամբով յաջողած է  անոնց հետքերով երթալ եւ իր հաւաքած նիւթերը մէկտեղել  «Ռուսաստանս   մի մոռնար զիս» հատորին  մէջ։

Այս պատեհ  առիթը  օգտագործելով «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ  գրողին հետ,  որ  անկեղծ եւ պատրաստակամ  մօտեցումով   բարեհաճ եղաւ պատասխանել մեր հարցումներուն։

Յիշեցնենք, որ Վերճիհան հեղինակ է հատորներու, որոնց շարքին իսլամացուած հայերու մասին  հրապարակուած շահեկան  հատոր մը։


-Վերջերս հեղինակեցիք «Ռուսաստանս, մի՛ մոռնար զիս» խորագրեալ   հատորը։ Ինչի մասին է  գիրքը եւ ի՞նչ   պատճառով գրեցիք նման հատոր մը։

Պատճառը ընդհանրապէս իմ մանկութենէս կու գայ, մեր ընտանիքին մէջ շատ մտերիմ բարեկամ մը ունէինք անունը Փաւէլ Արթուշքով,  որ միշտ մեր ընտանիքին հետ էր եւ ապա   տարիներ  ետք զինք կորսնցուցինք։ Յետոյ 2012-ին, երբ «Հիւրրիյէթ»ին  կ՚աշխատակցէի անակնկալ   հիւր մ՚ունեցայ, որուն անունն էր Միքիպոր Պիլաք։ Ան  ռուս  մըն էր   ինծի  պատմեց,  Պոլսոյ   ռուսական  եկեղեցիներուն մասին։ Ան մասնաւորապէս  ըսաւ՝  «Վերճիհան, մենք Գարագիւղի մէջ եկեղեցիներ ունինք,որոնք անհետացման վտանգի տակ են։ Եթէ կարելի է,  այդ մասին նիւթ մը  պատրաստես։ Ի դէպ  ես Պիլաքի  առաջարկէն մէկ գիշեր առաջ երազ մը տեսած էի, երեք եկեղեցիներ, երեք գմբեթներ եւ անոնց կողքը կախուած հարսի շատ  հին  զգեստ մը. Երբ  ընդառաջեցի Պիլաքի առաջարկին եւ  երկուքով  Գարագիւղ գացինք, հոն իմ երազիս մէջ տեսած եկեղեցիներն էին. ետքը հարսի զգեստի թեման ալ պարզուեցաւ, երբ հոն հանդիպեցայ ճերմակ ռուսերուն (որոնք Թուրքիա հասած ազնուականներն էին),   ստեղծուած   պատկերը շատ խորհրդանշական էր. Երբ զրուցեցի անոնց հետ, պարզուեցաւ, որ այդ աղջիկները երբեք հարսանիքի զգեստ չեն հագած, ոմանք չեն ամուսնացած, ոմանք ալ ամուսնացած են, բայց դրամ չեն ունեցած, որպէսզի իրենց հարսանիքի հագուստները  ապահովեն:

Այսպիսով, հետզհետէ կապ ստեղծուեցաւ իրենց հետ, բայց դիւրութեամբ չեղաւ այդ մէկը, որովհետեւ իմ «Հիւրրիյէթ»ի աշխատակից ու միաժամանակ հայ ըլլալս, ձեւով մը վախ պատճառեց իրենց, թէ՝ ինչպէս «Հիւրրիյէթ»ի մէջ աշխատող եւ հայկական ծագում ունեցող մէկը կրնար քաղաքական նիւթերու վերաբերեալ գրել։ Սկիզբը վերապահութիւն մը ունեցան, բայց      յետոյ ամէն բան իր  հունը    գտաւ։ Աւելի ուշ Ռուսաստանի կառավարութիւնն  ալ արձագանգեց  եւ յատուկ  պատուիրակութիւնն մը    ալ Պոլիս ուղղարկեց,  սերտելու համար վտանգի առաջ   յայտնուած   եկեղեցիներուն վիճակը։ տեսնեն, թէ Եւ այդպիսով ես հետզհետէ այս նիւթին մէջ խորացայ, նոյնիսկ Ռուսաստան հասայ, արխիւներ մտայ, հեռաւոր գիւղեր գացի եւ սկսայ իրենց պատմութիւնները հաւաքել: Բայց ինչպէս ըսի, իրենց խօսեցնելը, իրենց պատմութիւնները   լսելն ու    գրի   առնելը բաւական դժուար էր:

 

-Ձեր երկար տեւած    փնտռտուքներուն  ընթացքին  բնաւ առիթ եղաւ, որ դուք   Թուրքիա  ապաստանած  ռուսերուն   մէջ հայկական արմատներ գտնէք. Այս      մասին ի՞նչ կրնաս ըսել մեր ընթերողներուն:

Կարծեմ իմ հետ միշտ այդպէս կը պատահի, բոլոր ճամբաներս իմ էութեանս հետ կը խաչաձեւուին: Այո՛, իրենք ազնուական, պալատէ ելած կամ ճերմակ բանակի զինուորներն էին եւ իրենք զիրենք ռուս կը կոչէին, բայց իրենցմէ ոմանք նաեւ ունէին  հայկական  շատ խոր արմատներ. զորօրինակ Քազմիր Փամիրը, որուն մայրը Ռուսաստանի կայսրութեան ժամանակ Երեւանի նահանգին մէջ  հանգեր ունեցած է, իսկ  անոր հայրը նոյնպէս  Կարսի մէջ հանգեր ունէր. Եւ միայն Քազմիր Փամիրը չէ,  ալ շատ մը ռուսներ, որոնց հետ խօսած եմ, ըսած են, որ իրենց ընտանիքին մէջ նաեւ հայկական արմատներ ունին:

Այս թեման կ'ուզեմ Պոլսոյ մէջ, հայ համայնքին հետ խօսիլ, որովհետեւ շատ մը հայեր Անատոլուի  (Ըսել կ՚ուզէ  ՝Արեւմտահայաստանի մէջ) մէջ ռուսներու հետ ամուսնացած են։ Տուեալներ ունիմ,  որոնք կը փաստագրեն, որ     հակական  համայնքին մէջ կայ  սլաւոնական  թեւ մը։ Այս գիրքի հրապարակումէն   ետք  շատ տարօրինակ բան մըն ալ մէջտեղ ելաւ, իմ հայ դասընկերներէս շատեր սկսան ինծի գրել, որ իրենց մեծհայրերը ճերմակ ռուսեր են, բայց իրենք   հայ են։

 

-Արդեօք դուք այս գործը նախաձեռնելէ առաջ նաեւ հաշուի՞ առիք, որ այսօր Ռուսաստան եւ Թուրքիա դրական յարաբերութիւններու մէջ են, հետեւաբար  յարմար առիթ  է այս թեման բաձրացնելու: Մտածած էի՞ք    այդ մասին կամ եղածը  ուղղակի զուգադիպութիւն էր։

Ոչ, եօթը տարի առաջ երբեք չէի կրնար մտածել, որ նման բան մը պիտի պատահէր: Իմ աշխատանքը, իբր գրող, պատահական էր։ Բայց սա ալ ըսեմ, որ  այսօրուան  Ռուսաստանի մէջ ալ ճերմակ ռուսերուն հանդէպ տակաւին  ժխտական կեցուածք մը կայ։ Անոնք   իբրեւ լիարժէք ռուսներ      չեն   ընդունուած, որովհետեւգրեթէ դար մը Թուրքիոյ մէջ ապրած են, թրքական անձնագրեր ունին եւ Ռուսաստանի հետ բնաւ կապակցութիւն չեն ունեցած:

Մէկուկէս շաբաթ առաջ, երբ գիրքը արձագանգ ստեղծեց Թուրքիոյ մէջ, Պոլսոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպանութենէն հրաւիրեցին զիս եւ շուրջ մէկուկէս ժամ զրոյց ունեցայ դեսպանի օգնականին հետ, ինծի շատ հարցումեր ուղղեցին եւ այդ հարցումներէն արդէն հասկնալի էր, որ իրենք բնաւ տեղեկութիւն չունին անոնց մասին, որովհետեւ անոնց շառաւիղէն    միայն ինը հոգի մնացած  էր։

 

-Այսինքն դուք գոց արխիւ մը բացիք, գոց սնտուկ մը բացիք, փանտորայի պէս:

Այդպէս էր, այո: Դեսպանի օգնականը ինծի ըսաւ, մենք անգամ լուր չունէինք այս մասին, տակաւին նոր ստեղծեցինք Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նման աշխատութիւններ տանելու կեդրոն մը, բայց դուն մեզմէ եօթը տարուայ առաւելութիւն մը ունեցար: Ըսեմ, որ իրենք բաւական հետաքրքրուած էին գիրքով եւ խոստացան, որ  ապագային   գիրքը ռուսերէնի պիտի թարգմանուի։

 

-Ի՞նչ տուեալներ կարողացար  ունենալ օսմանեան կայսրութեան   մէջ անոնց կեանքի   առաջին    բաւականին  դժուար  եւ անորոշ  փուլին մասին։

 Ըսեմ, որ   Ռուսաստանի    ձարական իշխանութեան  տապւալումէն ետք,  աւելի քան 200 000   սպիտահ   ռուսեր  հասած  են  Տարտանէլ, Չանաքալէ  եւ Ոսփորի ափեր, երկու առանձին բաժիններով. Անոնց մէկ մասը տակաւին օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հասած էր Թուրքիա եւ տեղաւորուած Կարսի մէջ, որոնք են բանակի զինուրները, մէկ մասն ալ եկած  է  1917- 1923 թուականներու, այսինքն Թուրքիոյ կառավարութեան ստեղծման տարիներու։ Անոնց մէջ  կային ազնուականներ (առիսթոքրաթներ), գրողներ, մտաւորականներ, պալերիններ եւայլն, որոնցմէ եղած են նաեւ Քոնթեսթոս Վոյը, հոսկէ անցած է նաեւ    հանրահռչակ Նապուքովի  ընտանիքը:

Այսինքն գիրքը մի քանի շերտերու բաժնուած է։ Հոն    հաւաքուած տուեալները  ցոյց  կու տան, թէ  ինչպիսի գէշ վիճակի մէջ ապրած են։ Անոնք արժէզրկումի  պատճառով  կորսնցուցին   իրենց գումարները, կիները փողոցները մնացին, անգամ իրենց ամուսնութեան մատանիները ծախեցին, անոնցմէ շատեր խելագարեցան,  շատ դժբախտութիւններու  հանդիպեցան, ոմանք ալ Պոլսոյ ճամբով գաղթեցին Փարիզ, Լոնտոն, Նիւ Եորք, ոմանք ալ  «Նանսէնեան  անձնագիր»  ստացան  եւ 1923-էն  ետք Թուրքիայէն  հեռացան։ Անոնցմէ  կարեւոր մաս մըն յայտնուելո  աղքատութեան    ծանր  պայմաններու    մէջ      ձուլուեցաւ   եւ թրքացաւ։

-Գիտենք, որ Թուրքիոյ մամուլը  բաւական   զգուշաւոր է նման   թեմաներու  առընթեր,  բայց  եւ այնպէս    ձեր գիրքին մասին  բաւական  դրական կարծիքներ կան։ Ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին, ինչ  է ձեր  գնահատականը։

Թուրքիոյ ԶԼմ-ները,   շատ    մեծ  տեղ տուին գիրքին։ Գլխաւոր թերթերը ՝ինչպիսին են  «Ճումհուրիյէթ»ը, «Հիւրրիյէթ»ը «T24»ը,  եւ  այլ   թերթեր արձագանգեցին։   Օտար  մամուլն  ալ  արձագանգեց, օրինակի  համար ամերիկեան «Associated Press»ը: Կ՚ուզեմ    նաեւ նշել, որ  գիրքը     մեծ տարածում  գտաւ  նաեւ  Թուրքիոյ    այլ քաղաքներու  մէջ, ինչպիսին են ՝ Կարս, Արտահան, Սարըղամիշ, Իզմիր,  եւ  Անգարա:

 

-Իսկ հայկական համայնքի կողմէ ինչպէ՞ս եղաւ այս գիրքին վերաբերեալ արձագանգը, որեւէ հետաքրքրութիւն ստեղծե՞ց, կամ ըսին, որ ասիկա հայութեան հետ առնչութիւն մը չունի, հետեւաբար   մենք   հետաքրքրուած  չենք   այս  գիրքով։ Եղա՞ւ այդպիսի բան:

Ճերմակ ռուսերը մէկ կողմ ձգենք եւ   դժբախտաբար   պիտի ըսեմ, որ  պոլսահայութիւնը, դժբախտաբար, նոյնիսկ իր ինքնութեան մասին լուր չունի: Միայն «Ժամանակ»ը  եւ  «Մարմարա»ն  արձագանգեցին: Գիրքի մասին շատ կարեւոր սրահներու մէջ երկու նիստ կազմակերպեցինք, որուն բաւական մեծ թիւով ընթերցասէրներ եւ հետաքրքրուողներ  ներկայ եղան, որոնց մէջ հազիւ մի քանի հայեր կային, հաւանաբար «Ժամանակ»ի   եւ  «Մարմարա»ի մէջ այդ մասին կարդացողները:

Բայց նախքան այդ նիստերը, ես ընկերային ցանցի էջերուս վրայ կոչ ուղղեցի համայնքին, որ սրահ տրամադրեն մեզի գիրքի ներկայացման համար, որովհետեւ հայութեան ալ հետաքրքրող շատ կարեւոր կէտեր կան հոն, բայց, ինչպէս նախորդ գիրքերուս ժամանակ ալ (ես հինգ գիրք ունիմ, որոնցմէ 3-ը հայերէն), ոչ ոք պատասխան տուաւ։  Իմ «Արաֆթաքի էրմէնիլար» գիրքս մահմետական(նկատի ունի իսլամացուած  հայերու պարագան Խմբ. ՝«Արեւելք») հայերու մասին առաջին գիրքն էր հայաշխարհի մէջ, անոր մասին ալ լռեցին։ Պատրիարքարանէն ալ  ոչ ոք ներկայ եղաւ, հակառակ որ հրաւիրագիր ուղղած էի, նորէն, այս անգամ  ալ  շատ մեծ   անձայնութիւն մը կար: 

 

-Կը մտածէք գիրքը Ռուսաստանի մէջ ներկայացնելո՞ւ մասին, այդ առումով մեզ որեւէ տեղեկութիւն  կրնա՞ք տալ:

Ինչպէս  վերը  ըսի, Ռուսաստանի  դեսպանութիւնը  կապի մէջ է հետս, եւ կարծեմ, որ  յառաջիկայ  ամիսներուն  այդ ծրագիրը իրականութիւն  կը  դառնայ։  Ապա   գիրքը պիտի ներկայացուի Կարսի մէջ։  

 

-Վերջին հարց, ի՞նչ է այս գիրքին պատգամը։ Այլ  խօսքով այս  գիրքը գրելու   ընթացքին   ի՞նչ գտար որոնումներուդմէջ, ինչ է մէսաժը, ինչ է խօսքը այս գիրքին։

Իմ պատմածս մարդկութեան  մէկ հատուածին  մասին մասին է։Կ'ըսեմ, որ՝ կրնաք անհաշիւ դրամներ ունենալ, կրնաք պալատներու մէջ ապրիլ, բայց մէկ ժամուայ ընթացքին  կրնաք  կորսնցընել այդ բոլորը, կարեւորը կեանքն է, կարեւորը մարդն է: Նաեւ ուզեցի անոնց ապրած դժուարութիւնները պատմել եւ,   վերջերս  «Ճումհուրիյէ»ին հետ  խօսած    ատենս ալ ըսի,  որ այս  գիրքով ես  պատմութեան  «սթոփ կէտ» մը նետեցի, այսինքն  իբրեւ    գրող պատմութեան կարեւոր շերտ մը,  ապագային յանձնեցի, որովհետեւ այլեւս անոնցմէ միայն ինը հոգի մնացած է։Անոնք  վերջին   մոհիկաններն  են  այն ռուսներուն, որ   փրկուելու համար 1917- թուականի  յեղափոխութիւնէն ստիպուած  եղան  խոյս  տալ  իրենց  հայրենիքէն։