image
Հրատապ լուրեր:

Հանրութեան պիտի ներկայացուի պէյրութահայ տնտեսագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի «Լիբանանեան փորձառութիւնը» հատորը

Հանրութեան պիտի ներկայացուի պէյրութահայ   տնտեսագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի «Լիբանանեան փորձառութիւնը» հատորը

Յառաջիկայ 14 մարտին Պէյրութի մէջ պիտի ներկայացուի լիբանանցի յայտնի տնտեսագէտ Մկրտիչ Հ. Պուլտուքեանի նորատիպը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն:

Հատորը պիտի ներկայացուի Լիբանանեան մշակութային շրջանակներուն մօտ իր յայտնի տեղը զբաղեցնող «Մահրաժան Ալ-Քիթապ Ալ-Լուպնանի» («Լիբանանի գիքրի փառատօն») գիրքի փառատօնին:

Կը նշուի նաեւ, որ հատորը պիտի ներկայացուի Անթիլիասի մարոնիներու Մար Իլիաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Պուլտուքեանի այս նորատիպը կը կրէ՝ «Պատերազմի ընթացքին ելեւմտական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը. Լիբանանեան փորձառութիւնը» խորագիրը:

Յիշեցնենք, որ Պուլտուքեան յայտնի անուն է ոչ միայն լիբանանեան մակարդակի վրայ, այլ նաեւ արաբական ելեւմտական շրջանակներուն մօտ:

Պուլտուքեան նաեւ հեղինակ է տասնեակ հատորներու, որոնց մէջ կը շօշափէ Լիբանանի տնտեսական խնդիրները, ինչպէս նաեւ օսմանեան կայսրութեան ընթացքին արեւմտահայ ելեւմտագէտներու եւ սեղանաւորներու ունեցած ուշագրաւ դերը:

 

Հատորը հրատարակուած է արաբերէն լեզուով: