image

Իսրայէլի մէջ հարցախոյզ. «Պէ՞տք է արդեօք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը խորագրով (Տեսանիւթ)

Իսրայէլի մէջ հարցախոյզ. «Պէ՞տք է արդեօք ճանչնանք Հայոց  Ցեղասպանութիւն»ը խորագրով (Տեսանիւթ)

Եութուպեան The Ask Project ալիքը հարցախոյզ իրականացուցած է Իսրայէլի բնակիչներու շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ փորձելով պարզել, թէ ինչ գիտեն իսրայէլցիները Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ ինչպէս կը վերաբերին իրենց կառավարութեան կողմէ այն ճանչնալու հարցին:

Ինչպէս կը ներկայացնէ Rusarminfo-ն, ալիքի հաղորդավար Քորի Կիլ-Շուսթըր բոլորին տուած է միեւնոյն հարցը. «Պէ՞տք է արդեօք Իսրայէլը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Հարցուածներու մեծամասնութիւնը դրական պատասխան տուած է այդ հարցին, քանի որ իրենք նոյնպէս անցած են նման ողբերգութեան մէջէ եւ կը հասկնան ճանաչման կարեւորութիւնը: Ոմանք ալ կարծիք յայտնած են, որ իրենց կառավարութիւնը չի ճանչնար Ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ առեւտրատնտեսական կապերու պատճառով:

Թէեւ ոչ բոլորը տեղեակ էին 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին լսելուն պէս շատերը կարծիք յայտնած են, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ կատարուածը:

Սակայն կային նաեւ մարդիկ, որոնց կարծիքով՝ այս հարցի մէջ երկիրը պէտք է առաջնորդուի սեփական շահերով: Հարցման պատասխանող մէկ կին նշած է, որ «Իսրայէլը պէտք չէ անհանգստանայ այդ հարցով, քանի որ Հոլոքոսթի ժամանակ ոչ մէկը կը մտածէր հրեաներու մասին»: