image
Հրատապ լուրեր:

Վախճանած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքը

Վախճանած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքը

«Արեւելքը» Պոլսէն տեղեկացաւ, որ քիչ առաջ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ մահացած է  Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանը, որ հիւանդանոց կը գտնուէր  մօտ 11 տարի: Պատրիարքին կը փոխարինէր պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը: 

 

Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը ծնած է 1956 թուականին, Պոլսոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Եսայեան Վարժարանէն ներս։ 1968 թուականին ընդունուած  է Պոլսոյ Անգլիկան վարժարանը եւ 1973 թուականին աւարտած այն։

1973-1975 թուականներուն ուսանած է Շթութկարթի Ամերիկեան քոլեճի գեղարուեստի եւ պատմութեան բաժնէն ներս։

1975-1979 թուականներուն ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Թենըսի նահանգի Մեմփիսի պետական համալսարանին մէջ` հետեւելով փիլիսոփայութեան դասընթացներուն, մասնակցելով նաեւ Թենըսի նահանգի Էփիսքըփըլ (Անգլիկան) թեմի քահանաներու համար յատուկ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցագիտութեան դասընթացներուն։

1977 թուականին Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Նոյն թուականին Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ `վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ։

1979-1982 թուականներուն ուսումը շարունակած է Երուսաղէմի համալսարանին մէջ՝ ուսանելով սուրբգրային հնագիտութիւն, միաժամանակ դասաւանդած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս` Հին Կտակարանի ներածութիւն եւ անգլերէն։

1982 թուականին Երուսաղէմի մէջ ստանձնած է մագիստրոսի գիտական աստիճան։ Այնուհետեւ վերադարձած է Պոլիս եւ աշխատանքի անցած Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ներս՝ որպէս քարտուղար։

1983 թուականին պաշտպանած է վարդապետական թէզ «Սուրբ Գիրք եւ աւանդութիւն» թեմայով։

1986 թուականին պաշտպանած է ծայրագոյն վարդապետական թէզ եւ ստացած ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան։

1988-1989 թուականներուն ուսանած է Հռոմի Ս. Թովմա Աքիւինացիի անուան համալսարանին մէջ, եւ 1990 թուականին նշանակուած է Պոլսոյ պատրիարքարանի կրօնական ժողովներու ատենապետ։

1990 թուականին նշանակուած է Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատրիարքական փոխանորդ։

1998 թուականի 14 հոկտեմբերին Պատգամաւորական ժողովի կողմէ ընտրուած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք։

2003 թուականին Ուաշինկթընի Սենթ Մերի համալսարանի կողմէ արժանանցած է պատուաւոր դոկտորի կոչման։

2008 թուականէն պատրիարքը կորսնցուցած էր յիշողութիւնը, տառապած է անբուժելի հիւանդութեամբ եւ կը գտնուէր հիւանդանոցը: