image

«Հայաստանը կ՚ողջունէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը». Փոխ նախարարը հարցազրոյց տուած է «The Jerusalem Post»-ին

«Հայաստանը կ՚ողջունէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը». Փոխ նախարարը հարցազրոյց տուած է «The Jerusalem Post»-ին

Հայաստանը կ'ողջունէ Ցեղասպանութեան պատմական փաստի ճանաչումը, բայց անով չի պայմանաւորուիր Իսրայէլի հետ աւելի սերտ կապերը։ Այս մասին «The Jerusalem Post»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի ԱԳՆ փոխնախարար Գրիգոր Յովհաննիսեանը։

«Մենք գիտենք, որ աշխարհաքաղաքական նկրտումները յաճախ կը խանգարեն բարոյական նկրտումները։ Եւ մենք նոյնպէս երբեմն ստիպուած ենք գործ ունենալ անոր հետ»,- ըսած է Յովհաննիսեանը:

Հարցին, թէ հիասթափուած է ան արդեօք, որ Իսրայէլը չէ ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան նշած է իր անձնական եւ արտաքին գործոց նախարարութեան կարծիքներու տարբերութեան մասին։ Յովհաննիսեանը նշած է, որ որպէս «Ցեղասպանութիւնը վերապրած փախստականներու ժառանգ» ինք անձամբ հիասթափուած է, թէեւ «այդ  արտաքին գործոց նախարարութեան կամ կառավարութեան դիրքորոշումը չէ»։

Ան աւելցուցած է, որ շատ երկիրներ, ներառեալ ԱՄՆ-ը, որոնք Հայաստանի մերձաւոր գործընկերն են,  չեն ճանչնար Ցեղասպանութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի անկախութեան աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին «ճանաչողներու թիւը տպաւորիչ եղած է», երբ «հազարաւոր տարածաշրջանային կառավարութիւններ» եւ մօտ 40 երկիր ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը։