image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ ծանր գիշեր մը եղած է Հալէպի մէջ. Հրթիռներ ինկած են «Հալապ ժատիտա» եւ «Հայ Ալ-Զահրաա» շրջանին վրայ

Երէկ ծանր գիշեր մը եղած է Հալէպի մէջ. Հրթիռներ ինկած են «Հալապ ժատիտա» եւ «Հայ Ալ-Զահրաա» շրջանին վրայ

Երէկ դարձեալ ծանր գիշեր մը եղած է Հալէպի համար: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Շապաքէթ Ախպար Հայ Ալ-Զահրաա» դիմատետրի էջը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռներ ինկած են յատկապէս «Հայ Ալ-Զահրաա» եւ «Հալապ Ժատիտա» շրջանին վրայ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մինչեւ այս պահը հրթիռներու հետեւանքով զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չի փոխանցուիր:

Կը նշուի նաեւ, որ անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Հալէպի բոլոր շրջանները զգացած են ռումբի տարափներուն աղմուկը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիական բանակը հակադարձած է եւ հրթիռարձակումնր կատարած է «Պուհուս Իլմիյա» շրջանին ուղղութեամբ, որ կը համարուի ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն մին: