image

21-րդ դարու ամենասարսափելի մշակութային ցեղասպանութիւնը. The Guardian-ի անդրադարձը

21-րդ դարու ամենասարսափելի մշակութային ցեղասպանութիւնը. The  Guardian-ի անդրադարձը

Բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian պարբերականը յօդուած հրապարակած է Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին: Յօդուածագիրը ընդգծած է, որ 21-րդ դարու մշակութային բնաջնջման ամենամաշտապային արշաւը իրականացւուած է ոչ թէ Սուրիոյ, ինչպէս կ'ենթադրուի, այլ Կովկասեան բարձրավանդակի անտեսուած շրջանին մէջ:  

«Ամերիկեան Hyperallergic ամսագրին մէջ փետրուարին հրապարակուած զեկոյցի համաձայն՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը վերջին 30 տարուան ընթացքին պարբերաբար ոչնչացուցած է հայերու պատմական ժառանգութիւնը իր երկրի տարածքին: Մշակութային եւ կրօնական յուշարձաններու ոչնչացումը կը գերազանցէ «Իսլամական պետութեան» կողմէ Փալմիրայի հնագոյն ամֆիթատրոնի աւերածութիւնները», - ըսուած է պարբերականի յօդուածին մէջ: 

Յօդուածի հեղինակը նշած է, որ մշակութային ցեղասպանութեան ամենասարսափելի օրինակը Նախիջեւանի տարածքին գտնուող Ճուլֆայի միջնադարեան հայկական խաչքարերու գերեզմանատան աւերումն է:

Բացի այդ, յօդուածին մէջ ըսուած է, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները մինչ օրս միջազգային փորձագէտներուն, այդ շարքին եւ եւ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտներուն թոյլ չեն տար գերեզմանատան տարածք մտնել՝ պնդելով, որ Նախիջեւանի մէջ երբեք հայեր չեն բնակած:  

Յօդուածին կցուած է նաեւ Սիմոն Մաղաքեանի «Արաքսի նոր արցունքները» կարճամեթրաժ ֆիլմը, որուն մէջ տեսարաններ պատկերուած են, թէ ինչպէս կը քանդուին եւ կ'աւերուին Ճուլֆայի խաչքարերը: