image

«Քիչ քիչ բառերը սովորեցի, առաջ չէի գիտեր, հիմա գիտեմ, ինչ ըսել է ՝ շուրուպ, կամ աբրաւա». Հալէպահայ Աբրահամ Գոճաօղլանեան

«Քիչ  քիչ բառերը  սովորեցի, առաջ չէի գիտեր, հիմա գիտեմ, ինչ ըսել է ՝ շուրուպ, կամ  աբրաւա».  Հալէպահայ Աբրահամ  Գոճաօղլանեան

Հալէպահայ Աբրահամ Գոճաօղլանեանը յաջողած է Հալէպի մէջ իր հօր կերտած աշխատանքը փոխադրել Երեւան։

Սուրիոյ ծանր պատերազմին հետեւանքով հայրենիք տեղափոխուած Աբրահամը Հայաստանի «Առաջին ալիք»ին պատմած է առաջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ապրած դժուարութեանց մասին: «Առաջին օրերուն ինծի համար բաւական դժուար էր հասկնալ տեղի խօսակցական լեզուն, սակայն ժամանակի ընթացքին յաջողեցայ շրջանցել այդ  դժուարութիւնը»,- ըսած է Աբրահամ, նշելով, որ այսօր  լաւ կը հասկնայ Երեւանի  խօսակցական լեզուն։

«Առաջ չէի գիտեր ինչ ըսել է շուրուպ կամ աբրաւա, սակայն այսօր գիտեմ, կը հասկնամ  այդ  լեզուն ալ»։

 Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Աբրահամի առօրեային, կ՚առաջարկենք դիտել  տեսանիւթը։

Նշենք, որ տեսանիւթը պատրաստուած է 2016 թուին։