image

Այսօր Սումկայիթի զոհերու յիշատակի օրն է

Այսօր Սումկայիթի զոհերու յիշատակի օրն է

 

Սումկայիթին մէջ կիրքերը բորբոքելու համար օգտագործած են ստայօդ լուրեր. իբր Հայաստանի մէջ զանգուածաբար կը սպանեն ազրպէճանցիներուն, կը թալանեն անոնց ունեցուածքը եւ այլն։ Մասնաւորապէս սադրիչ ազդեցութիւն ունեցած է ԽՍՀՄ գլխաւոր դատախազ Կատուսեւի հեռուստատեսային ելոյթի ժամանակ հրապարակուած Ասկերանի դէպքերու ընթացքին երկու ազրպէյճանցիներու սպանութեան մասին տեղեկութիւնը։

 

Ոճրագործութիւնը նախօրօք ծրագրաւորուած է։ Այդ կը վկայէն ջարդարարներու մօտ հայերով բնակարաններով ցուցակներով առկաիւթիւնը, նախապէս մշակուած սցենարը եւ դերերով բաժանումը (սպանութիւն եւ ջարդեր իրականացնողներ, թալանողներ, ունեցուածք ոչնչացնողներ, յանցագործութեան հետքերը վերացնողներ), ոճիրը իրականացնելու համար արտադրամասէրուն մէջ մէտաղաձողերի եւ այլ գործիքներու պատրաստումը, թմրանիւթերի եւ ոգելից խմիչքի բաժանումը։ Բացի այդ, անջատուած եղած է հայերու հեռախօսային կապը, միտումնաւոր չէն գործած ՆԳ եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւնները, հայերու տեղերը բացայայտելու համար գործի դրուած է պայմանական եւ ազդանշանային համակարգ եւ այլն։

 

Երեք օր շարունակուող սպանդի արդիւնքները զարհուրելի էին, ջարդարարներու գործողութիւնները անօրինակ դաժան. ԽՍՀՄ պաշտօնական տուեալներով մի քանի տասնեակ, իսկ ոչ պաշտօնական հազարէն աւելի սպանուածներ, որոնց մեծ մասը խոշտանգումներէն ու կտտանքներէն յետոյ ողջակիզուած, հազարաւոր վիրաւորներ, հարիւաւոր բռնաբարուածներ, այդ թուին՝ մեծ թիւով անչափահասներ, 18.000 փախստականներ, մի քանի հարիւր աւերուած ու թալանուած բնակարաններ, տասնեակ կողոպտուած կրպակներ, խանութներ, արհեստանոցներ եւ հասարակական նշանակութեան հաստատութիւններ, մի քանի տասնեակ հրկիզուած ու քանդուած ինքնաշարժներ եւ այլն։

 

Փետրուար 29-ին խորհրդային զօրքեր մտցուած են Սումկայիթ, սակայն այդ օրը եւս շարունակուած են բռնարարքներն ու սպանութիւնները։ Բանակը զէնք կիրառելու հրաման չի ստացած եւ չի օգնած հայերուն։ Միայն երեկոյեան դիմել է վճռական գործողութիւններու եւ կանխել յետագայ ջարդերը։

 

Ջարդարարներուն պատասխանատւութեան ենթարկուած է միայն 94 մարդ, եւ անոնցմէ միայն մէկի նկատմամբ է մահապատժի դատաւճիռ կայացութիւնը։ Մնացածներուն ներկայացուած են սպանութիւններու, բռնաբարութիւններու, ջարդերու եւ այլ մեղադրանքներ, որուն համացայն, առանց բացառութեան, բոլոր դէպքերուն յանցագործութեան հիմնաւորումը անուանուած է «խուլիգանական դրդապատճառներ»։ Յատուկ դիտաւորութեամբ խորհրդային իշխանութիւնները բոլոր յանցագործութիւնները մէկ ընդհանուր գործի մէջ ներառելու փոխարէն, անօնք բաժնուած են մի քանի մասէրու՝ դատաւարութիւնները կատարելով խորհրդային տարբեր քաղաքներու դատարաններուն մէջ։ Դատաւարութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած է դատական ընթացակարգի եւ տուժածներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ։ ԽՍՀՄ տապալելէն յետոյ ոճրագործներու շատ գործեր կարճուած են եւ անոնց մեծ մասը ազատ արձակուած։ Ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս չէ դատապարտուած եւ զոհերու յարազատներուն ցաւակցութիւն չէ յայտնուած։ Անոր համարժէք քաղաքականգնայատական չտալը հանգեցուած է զանգուածային ջարդերու բռնկմանը ԽՍՀՄ տարբեր քաղաքներուն մէջ։ Անպատիժ մնացած են նաեւ քաղաքային եւ իրաւապահ համակարգի աշխատողները։ Սումկայիթի Հաեօց ցեղասպանութեան զոհերու ճշգրիտ թիւը պարզուած չէ։ Ազրպէյճանի դատախազութեան տրամադրած տվեալներու հիման վրայ ԽՍՀՄ դատախազութիւնը յայտարարած է, որ «Սումկայիթին մէջ զոհուած է հայ ազգութեան 27 քաղաքացի»։ Սակայն ոչ պաշտօնական տուեալներով ցեղասպանութեան ենթարկուածներու թիւը կը հասնի հազարի, որոնց աճիւնները մինչեւ օրս ալ յայտնաբերուած են Սումկայիթի արովարձաններուն նոր շինարարութեան մէջ։

 

Չնայած միջազգային հանրութիւնը դէռ Սումկայիթի ոճրագործութիւնը չէ ճանչցած որպէս ցեղասպանութիւն, բայց այն դատապարտած են Եւրոխորհրդարանը (1988 թ.), ԱՄՆ Սենաթը (1989 թ.) եւ Արժանթինի խորհրդարանը։

 

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները եւս Սումկայիթի ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս չէն ճանաչած ցեղասպանութիւն՝ բաւարարուելով Ստեփանակերտի զոհերու յիշատակը հաւերժացնող յուշարձանի եւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանի մօտ փոքրիկ խաչքար տեղադրելով։