image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան մասին բոլոր գնահատականները դրական են.Վահէ Մահշիկեան

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի  մարդասիրական առաքելութեան մասին  բոլոր գնահատականները դրական են.Վահէ Մահշիկեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  Դամասկահայ  գործիչ՝  Վահէ Մահշիկեանը

 

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հայաստանի կողմէ մարդասիրական առաքելութիւնը:


Իրականութեան մէջ սպասելի էր եւ քիչ մը ուշ եղաւ այս քայը: Անշուշտ շատ ճիշդ առնուած որշում է Հայաստանի կառավարութեան կողմէն, բայց մենք, որպէս հայ եւ սուրիացի, կ'ակնկալենք եւ կը սպասենք աւելին:

Սուրիան Հայաստանի նման Թուրքիոյ հետ սահման ունի, Սուրիան եւ Հայաստանը Թուրքիան միասնական թշնամի պետութիւն կը նկատեն, ունին փոխադարձ յարգանք իրարու հանդէպ, ունին համընկնող շահեր, հետեւաբար, պէտք է առիթէն օգտուինք: Մենք, որպէս սուրիահայեր, Սուրիան կը տեսնենք որպէս առաջին եւ կարեւոր դաշնակից՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։ Զգացական կողմէ եթէ դիտենք, կը տեսնենք, որ Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ հինաւուրց կապեր ունին, 4-5 հազար տարուան պատմութիւն ունինք մենք Սուրիոյ ժողովուրդին հետ:

Յետոյ չմոռնանք, որ շատ մը հարցերու մէջ Սուրիան Հայաստանին կրնայ նեցուկ կանգնիլ, նկատի ունենալով, որ ան նաւթ ունեցող, կազ ունեցող, ցանք ունեցող երկիր է, ինչպէս նաեւ իր 25 միլիոն բանկչութեամբ  մեծ շուկայ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար, նաեւ դուռ կը հանդիսանայ արաբական եւ իսլամական աշխարհին:

Քաղաքական գետնի վրայ շատ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ եւ լուրջ մօտեցում պէտք է ունենայ Հայաստանը Սուրիոյ հանդէպ, նոյնիսկ ռազմավարական դաշինք կնքելու, դաշնակից ըլլալու մտադրութիւն ունենայ: 100 հոգիանոց մարդասիական խումբ ուղարկելը յատկանշական քայլ մըն է, պէտք է շատ աւելին յուսանք, նոյնիսկ, ինչու չէ, Ռուսաստանի նման զինուոր ունենանք սուրիական հողերուն վրայ, թող փոխադարձ մարզումներ ըլլան՝ հայ սպաները Սուրիոյ մէջ կամ սուրիացիները  Հայաստանի մէջ, թող դաշինք կնքեն եւ ուժեր զետեղուին իրար պաշտպանելու համար, եթէ հակառակ պարագային երկիրներէն մէկուն հանդէպ դրացի երկիրներէն մէկը թշնամական քայլի դիմէ:

 

-Արդեօ՞ք այս առաքելութիւնը որեւէ վտանգ կը սպառնայ Հայաստանին:


Երբեք, ընդհակառակը, Հայաստանը Սուրիոյ հանդէպ պէտք է դիրքորոշում ունենայ, այսինքն չէզոք չըլլայ: Մենք չէզոք երկիր չենք կրնար ըլլալ, մենք նոյն թշնամիի՝ Թուրքիոյ կողմէ 100 տարի է բռնագրաւուած հողեր ունինք, ինչպէս Սուրիան: Ինչո՞ւ Հայաստանին վտանգ պիտի սպառնայ, ի՞նչ վտանգի մասին է խօսքը, երբ քաջ գիտենք, որ Սուրիոյ դէմ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ ահաբեկիչներ են, որ կը կռուին եւ ոչ թէ յստակ կողմ մը եւ   ատոր  համար ալ, Հայաստանը պէտք է համագործակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:

 

-Գիտենք որ դուք Դամասկոս կը բնակիք եւ շփում ունիք տեղական մարմիններու հետ:  Ի՞նչ կը մտածեն մեր արաբ հայրենակիցները, ինչպէ՞ս կը գնահատեն, ի՞նչ կը խօսուի հայկական մարդասիրական նախաձեռնութեան մասին:


Տեղացի ժողովուրդը  միշտ հայերուն հանդէպ լաւ տպաւորութիւն ունեցած է, գիտէ, որ հայերը բարի գործեր կ'ընեն, հաւատարիմ են, երբեք որեւէ մէկ հատուածի դէմ թշնամական դիրքորոշում չունին, գիտեն, որ հայերը մարդկային սկզբունքներու վրայ հիմնուած կը գործեն, հետեւաբար այս քայլը եւս արաբները կ'ընկալեն որպէս  ճիշդ եւ մարդասիրական նպատակներով եղած քայլ: Լաւ ձեւով կ'արտայատուին, ճիշդ ընկալած են, երբեք սխալ մեկնաբանութիւններ չլսեցինք այդ մասին:

 

-Արդեօ՞ք այս քայլը ինչ որ տեղ դրական ազդեցութիւն կունենա՞յ հայկական համայնքին վրայ:


Անշուշտ, բնական է, որ այս քայլը միայն դրական պիտի ազդէ Սուրիոյ հայ համայնքին վրայ: Այնքան ատեն, որ այս խումբը մարդասիրական նպատակներով եկած է Սուրիա, այս քայլը մարդկային, մարդասիրական կողմէ պիտի դիտուի եւ հետեւաբար հայերուն աւելի յարգանքով պիտի մօտենան, որովհետեւ միշտ, երբ բարեկամը իր բարեկամին օգնութեան կը հասնի նեղ օրերուն, անոր քայլը կրկնակի իմաստ կը ստանայ:  Երբ արաբները պիտի տեսնեն, որ Հայաստանէն հայեր իրենց նեղ օրերուն Սուրիա եկած են եւ իրենց հարցերով կը զբաղուին, անշուշտ այդ մէկը լաւ անդրադարձ պիտի ունենայ տեղի հայ համայնքին վրայ, որորվհետեւ ի վերջոյ  նոյն ժողովուրդն ենք, ի՞նչ տարբերութիւն Հայաստանի ՞հայ, թէ՞ տեղացի հայ: