image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի նախագահ Զօր. Աուն Սուրիոյ վերաբերեալ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց

Լիբանանի նախագահ Զօր. Աուն Սուրիոյ վերաբերեալ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն երէկ կառավարութեան նիստի աւարտին կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց յատկապէս Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնեցնելու շուրջ երկրի մէջ առկայ վէճակին առընթեր:

Աուն նշեց, որ ճիշդ է Լիբանանը չէզոք դիրքի վրայ կը գտնուի եւ այդ չէզոք դիրք որդեգրելը կապ ունի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն հետ, սակայն ինչ կը վերաբերի Լիբանան գտնուող աւելի քան 1,5 միլիոն սուրիացի գաղթականներուն, ապա այդ օրակարգով Լիբանան եւ լիբանանցիք իրաւունք չունին  չէզոք դիրք մը որդեգրելու:

Ան նաեւ յիշեցուց, որ նման պարագայի մը ինք կը մտաբերէ ֆրանսացի մեծ առաջնորդ Նափոլէոն Պոնափարթի խօսքը, ուր վերջինս ըսած է, թէ «Քաղաքականութիւնը պատմութեան զաւակն է, իսկ պատմութիւնը՝ աշխարհագրութեան, եւ աշխարհագրութիւնը հաստատուն իրավիճակ մըն է եւ փոփոխելի չէ»: Աուն միտքը շարունակեով, ըսած է. «Հետեւաբար այս առումով լիբանանցիք պէտք է ճիշդ ընմբռնեն եւ հաշուի առնեն, որ Սուրիան Լիբանանի հարեւանն է եւ պէտք է լաւագոյն յարաբերութիւններ մշակէ այդ երկրին հետ, ի տարբերութիւն այլ երկիրներու»:

Աուն, որ շարունակած է իր խօսքը, մասնաւորապէս ըսած է. «Ես երբեք պիտի չընդունիմ, որ Լիբանանի շահերը վնասուին: Մենք այսօր մարդկային հիմունքներով ընդունեցինք սուրիացի գաղթականները մեր երկրին մէջ եւ անոնց հանդէպ ունեցանք շատ մարդկային վերաբերմունք, սակայն չենք կրնար այս իրավիճակով շարունակել, որովհետեւ մեր երկիրը յայտնուած է ծանր դրութեան մը մէջ: Ես որպէս նախագահ երդում տուած եմ երկրի սահմանադրութեան առջեւ եւ երբեք պիտի չընդունիմ այդ երդումը դրժել ու պիտի չընդունիմ նաեւ, որ այսքան մեծաթիւ փախստականներ մեր երկրին մէջ մնան»:

Աուն իր խօսքի աւարտին նաեւ նշեց, որ ինքն է, որ գիտէ պահել ու պահպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնը ու գլխաւոր շահերը, հետեւաբար այսօր իր առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրն է լուծել գաղթականներուն հարցը, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել տնտեսական բարդ դրութեան մը մէջ յայտնուած Լիբնանի վիճակը: